2010-06-29 12:03:50

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն


Հռոմ-Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Իզմայէլ Նոքոյի Հետ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վերջերս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իզմայէլ Նոքոն' լուտերական Համաշխրհային դաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը։ Վերապատուելի Նոքոն ծնած է Զիմպապուէի մէջ 1943 ի հոկտեմբերին եւ գլխաւոր դերակատարներէն մին է Կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցիներու միջեւ ստորագրուած 1999ի համաձայնագրին։

Նշենք թէ այս վերջին ամիսներուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հերթական հանդիպումներ ունեցաւ Լուտերական եկեղեցւոյ զանազան պատասխանատուներու հետ։ 2010 յունուար 18ին' ինչպէս ամէն տարի ֆինլանտայի լուտերական եկեղեցւոյ էքումենիք պատուիրակութիւն մը Վատիկան այցելած է ։ 10 փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը հանդիպում ունեցած է Ամերիկայի Լուտերական Եկեղեցւոյ պատուրակութեան հետ, իսկ մարտ 14 ին, Նորին Սրբութիւնը այցելած է Հռոմի Լուտերական Ժողովրդապետութիւնը եւ ասիկա առաջին անգամն է որ Հռոմի Պապը այցելութիւն կը կատարէր սոյն ժողովրդապետութեան։

Վերապատուելի Իզմայել Նոքոն առաջին ափրիկեցի ընդհանուր քարտուղարն է։ Յաջորդ ամիսներուն ան պիտի թողու իր այս պաշտօնը 16 տարի կառավարելէ ետք այս հաւաքը որ աշխարհիս մէջ կը ներկայացնէ 68,5 միլիոն հաւատացեալ։



Փաքիստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեղեկագիրը՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ։

Փաքիստանի մէջ 2009-2010ի ընթացքին կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ցոյց բերուած բռնութեան հակումը աճումի ընթացքի մէջ է, այսպէս յայտարարուած է Փաքիստանի ''Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' Եպիսկոպոսական Դասի յանձնաժողովի տարեկան տեղեկագիրի մէջ։ Նոյն տեղեկագիրը կը շեշտէ նաեւ թէ ''Կրօնական ազատութիւնը առասպելական երեւույթ ունի եւ կառավարութեան ցոյց տուած անհոգութեան դիմաց անհրաժեշտ է գործել Փաքիստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր''։



Ֆրանսայ։ 173 նոր քահանաներու եւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն

Յունիս ամսուայ ընթացքին ֆրանասայի զանազան թեմերու մէջ տեղի ունեցան քահանայական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւններ որ մեծ հաւաքներու եւ տօնակատարութիւններու ուրախ առիթներ հանդիսցան։

Ընդամէնը 43 ֆրանսայի թեմերու 83 թեմական քահանաներ եւ 90 սարկաւագներ։

Քահանայական Տարուան փակման արարողութիւններու առիթով Հռոմ ժամանած էին 750 ֆրանսացի քահանաներ եւ նոյն առիթով ալ մի քանի ֆրանսայի թեմեր, ինչպէս՝ Փարիզի եւ Լիոնի թեմերը, ուզեցին ձեռնարկներու միջոցաւ յատուկէն նշել Քահանայական Տարին որպէսզի ամէն անհատ ինքզինքը կանչուած զգայ Աստուծոյ հրաւէրին եւ տօնին։











Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնակցեց Ուղղափառութեան միջխորհրդարանային համաժողովի 17-րդ կոնֆերանսի բացման արարողութ»անը

Յուլիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովում տեղի ունեցաւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանային համաժողովի 17-րդ կոնֆերանսի բացման արարողութեանը, որին մասնակցեց եւ Համաժողովի մասնակիցներին իր Հայրապետական օրհնութիւնը բերեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Համաժողովին մասնակցում են 16 երկրների շուրջ 70 պատուիրակներ:

Մինչ բացման արարողութիւնը համաժողովի մասնակիցները ծաղիկներ դրեցին 1999թ. հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհերի յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին:

Այնուհետեւ ՀՀ ԱԺ Ոսկեզօծ դահլիճում իր աշխատանքը սկսեց 17-րդ տարեկան գլխաւոր վեհաժողովը: Համաժողովի բացմանը ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.