2010-06-28 12:38:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Ս. Պօղոս տաճարի շինարարական ու մշակութային նոր կառոյցներու բացումը կը կատարէ։

Երկուշաբթի 28 յունիս 2010-ի յետմիջօրէին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը բացումը կատարեց Ս. Պօղոս տաճարի շինարարական ու մշակութային կառոյցներու, որոնք իրագործուեցան Ս. Պօղոսի յոբելենական տարւոյն ընթացքին, հովանաւորութեամբ՝ տաճարի գահերէց կարտինալ Մոնդեծեմոլոյի։

Այդ կառոյցներէն ամէնէն գլխաւորն է՝ Պօղոս առաքեալի դամաբարանը, ուխտաւորները ընդունելու սրահը ու արժէքաւորումը Պօղոս տաճարի մշակութային ժառանգութեան։ Սրբազան Հայրը նախապէս Պօղոս առաքեալի պազելիքայի մէջ հանդիսապետեց Երեկոյեան ժամասացութիւնը` Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու նախատօնակին առթիւ։

Երեքշաբթի օրը, Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։ Ս. Զոհին ընթացքին Նորին սրբութիւնը մեծ թեմերու 38 արքեպիսկոպոսներուն ՜՜պալիում՝՝ը կը շնորհէ։ Այս տօնակատարութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կ.Պոլսոյ օրթոտոքս պատրիարքութիւնը, Հռոմ պատուիրակութիւն մը ղրկելով։

Իսկ կիրակի օրը, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜արձակուրդներու շրջանը, հանգստի, մարդոց միջեւ ու բնութեան հետ հանդիպումի, ինչպէս նաեւ մտային զարգացումի եւ մասնաւորապէս Աստուծոյ հետ հանդիպումի առիթ է՝՝։ Իր խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը խրախուեց մարդիկը որպէսզի չենթարկուին եսասիրութեան որ է ՜՜աղբիւր թշնամանքի ու ընդհարումի՝՝։



 Քահանայապետական նշանակում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, որպէս իր յատուկ նուիրակը, հանդիսապետելու Իտալիոյ Մոնթորելլայի Տիրամօր սրբավայրին հիմնարդկութեան 15րդ դարադարձի տօնակատարութիւններուն, որ պիտի կատարուին յառաջիկայ Օգոստոս 29ին։

Առաքելական նոր դեսպանի անուանում Վիէթնամի պետութեան մօտ։

Անցեալ յունիս 26ին միացեալ յայտարարութեամբ՝ ի յայտ կու գայ թէ՝ Վատիկանն ու եւ Հանոյը, մօտ ապագային դիւանագիտական կապեր պիտի հաստատեն։Վատիկանի պետական քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ որ Սրբազան Քահանայապետը կը պատրաստուի առաքելական դեսպան նշանակել Վիէթնամի մօտ։Յայտնենք թէ 1989էն ի վեր, Ս. Աթոռի եւ Վիէթնամի երկու պատուիրակութիւնները կանոնաւոր կերպով կլոր սեղանի շուրջ կը քննարկեն որպէսզի դիւանագիտական կապեր հաստատուին ։ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքը թիւով երրորդ համայնքն է Ասիայի մէջ։ Ան կու գայ Չինաստանի եւ Փիլիպպեաններու համայնքներէն ետք։ Վիէթնամի կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ 8 միլիոն հաւատացեալ։



Հաւատարմագրերու փոխանակութիւն Ս. Աթոռի եւ դաշնակցային Ռուսիոյ միջեւ։



Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմենիք Մամպերթին ընդունեց դաշնակցային Ռուսիոյ նոր դեսպան տիար Նիքոլայ Սատշիքովի հաւատարմագրերը։

Նոյնպէս Դաշնակցային Ռուսիոյ արտգործ նախարար՝ տիար Սերկեյ Լավրով ընդունեց Ս. Աթոռի նոր դեսպան` գերապայծառ Անթոնիօ Մեննինիի հաւատարմագրերը



Սրբազան Քահանայապետին Յուլիս ամսուայ աղօթքի ընդհանուր ու միսիոնարական դիտաւորութիւնները.

Ընդհանուր դիտաւորութիւն` կառավարիչներու արդար ընտրութիւնը։

Որպէսզի բոլոր ազգերուն մէջ կառավարական ընտրութիւնները կատարուին ամենայն պարկեշտութեամբ, յարգելով՝ քաղաքացիներու ազատ որոշումը։



Միսիոնարական դիտաւորութիւն` Արդարութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան քաղաքային մշակոյթ։ Որպէսզի քրիստոնեաները մեծ յանձնառումով ամենուրէք եւ մասնաւորապէս մեծ քաղաքներու մէջ, գործեն սատարելու՝ մշակոյթի, արդարութեան, զօրակցութեան ու խաղաղութեան տարածումին եւ ամրապնդումին։



Հռոմ։ Վատիկանը դժգոհ է մեծ ութեակէն G8 - Համաժողովը իր խօստումները չյարգեց



Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզօ Պերթոնէն յայտարարած է թէ Գանատայի մէջ տեղի ունեցած՝ Մեծ ութեակի համաժողովի արդիւնքները չԷն համապատասխաներ սպասուած խոստումներուն եւ յոյս յայտնած է որ G20 աւելի արդիւնաւոր որոշումներու յանգի։ Ան շեշտը դրած է տնտեսական հարցերու լուծումներ գտնելու վրայ, մանաւանդ ՝դժուար պարագաներու մէջ ապրող ընտանիքներու, երիտասարդներու եւ անգործութեան մատնուած շատ մը անհատներուն յոյսեր ներշնչելու աւելի բարելաւ ապագայի մը համար։

Մեծաթիւ մարդաասիրական հաստատութիւններ եւս անբաւարար նկատած են համագումարի աղքատութեան դէմ պայքարի եզրափակիչ որոշումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.