2010-06-28 12:38:43

Լուրեր Քրիստոնեայ Եւ Հայ Աշխարհէն


ՔՖԻՖԱՆԻ ՄԷՋ ԸՍԹՖԵՆ ՆԱԱՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵՐԱՆԵԼԻ

Պաթրունի Քֆիֆան գիւղաքաղաքի Մար Քիպրիանոս եւ Եոսթինա վանքին մէջ Կիրակի օրը յայտարարուեցաւ հայր Ըսթֆեն Նաամէի երանացումը մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Անճելօ Ամաթոյի կողմէ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին։

Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի նախագահը՝ զօր. Միշել Սլէյման, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ ու բազմահազար լիբանանցի հաւատացեալներ, որոնք եկած էին Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէն՝ ներկայ գտնուելու համար Նաամէի երանացման արարողութեան։

Իր վախճանումէն 72 տարի ետք Նաամէ երանելի յայտարարուեցաւ Վատիկանի սրբադասման յատուկ խորհուրդին կողմէ։

Կարտինալ Ամաթօ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Նաամէի երանացման արարողութեան եւ շեշտեց, որ Լիբանան սուրբերու երկիր է ու քրիստոնէութեան օրրանը, եւ իբրեւ այդպիսին ան կրօնական ու պատմական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհի համար։

Սֆէյր պատրիարքը, որ ներկայացուց Նաամէի կենսագրականը, յայտնեց, որ ան իւրաքանչիւր աշխատանք ստանձնելէ առաջ կ՚ըսէր. «Աստուած զիս կը տեսնէ»։ Կարտինալ Սֆէյր աւելցուց նաեւ՝ որ հայր Ըսթֆեն իր բոլոր աշխատանքները կը կատարէր բարութեամբ եւ հանդարտութեամբ՝ առանց առիթ տալու երկփեղկումի, հարցերու կամ վրէժխնդրութեան։

Հայր Ըսթֆեն Նաամէ իր կենդանութեան ընթացքին շատեր բժշկած է, իսկ անոր մարմինը տակաւին կը մնայ անեղծ, Քֆիֆանի Մար Քիպրիանոս եւ Եոսթինա վանքին մէջ։



 

ՙՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է՚

ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԹՈՐՈՆԹՕ - Ուրբաթ 25 Յունիս 2010-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց, հարաւային Օնթարիոյի քրիստոնեայ համայնաքապետերը եւ հոգեւորականները, ինչպէս նաեւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ, որոնք ներկայ գտնուեցան ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին:     Բացման խօսքէն ետք, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ստեֆանոս Իսա Վարդապետ, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը, յատկապէս անդրադառնալով անոր 15 ամեայ գահակալութեան շրջանին ցարդ կատարած իրագործումներուն: Ան խօսեցաւ Վեհափառին միջ-եկեղեցական, ազգային թէ միջազգային աշխատանքներուն մասին, յիշելով նաեւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն տուած աշխուժութիւնը: Հոգեւոր, կրօնական, միջ-կրօնական, միջ-եկեղեցական, հրատարակչական թէ շինարարական կալուածներէն ներս Վեհափառ Հայրապետին իրագործումները ան նկատեց կարճ ժամանակի մէջ կատարուած մեծ աշխատանքներ: Ապա Արամ Ա. իր պատգամը փոխանցեց ներկայ բազմութեան: Միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս հարուստ փորձառութեամբ, Վեհափառը եկեղեցիներու ու քրիստոնէական համայնքներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու մանաւանդ գործակցութեան մասին իր մտածումները փոխանցելով, միասնականութեան մէջ տեսաւ քրիստոնէական կրօնին հզօրութիւնը: ՙՄեզ իրարմէ բաժնողը, մեր տարբերութիւնները չեն այսօր այնքան, որքան այն մարտահրաւէրները որոնք այսօրուան աշխարհը մեր դիմաց կը կանգնէ: Այդ մարտահրաւէրները ու մտահոգութիւնները բոլորիս կը պատկանին: Ուստի միասնական ջանքով պէտք է դիմագրաւենք զանոնք: Մեր միութեան մէջ է քրիստոնէութեան հզօրութիւնը՚ ըսաւ Վեհափառը եւ հրաւիրեց բոլորը, որ առիթներ ստեղծեն միասին ըլլալու, նոյնիսկ ծխական մակարդակի վրայ: Աշխարհի Մեծ Ութեակի հանդիպման նախորդող կրօններու միջազգային համագումարին մասնակցելու հրաւիրուած ըլլալով, Վեհափառը իր խօսքի ընթացքին ներկաներուն պարզեց այն մտահոգութիւնները, որոնք համայն մարդկութեան վերաբերին՝ ՜՜տնտեսութիւն, ապահովութիւն եւ կենսոլորտ՝՝: Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ Մեծ Ութեակին եւ ապա Մեծ Քսանեակին նախորդող օրերուն, կրօններու ներկայացուցիչները քով-քովի բերելու նախաձեռնութիւնը, կարեւոր աշխատանք մըն է, որովհետեւ կրօններ եւ քաղաքական գործիչներ, գործընկերներ են այս աշխարհի ղեկավարման մէջ: Ուստի, անոնք պէտք է միասին գործեն, մարդկութեան կեանքը կարենալ առաջնորդելու իր ճիշդ հունին մէջ, Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը հաւասարապէս բաժին դարձնելով հարուստ թէ աղքատ երկիրներու բնակչութեանց:

Ի վերջոյ, Հայրապետը ըսաւ, թէ միջազգային սոյն գերաստիճաններուն քննարկուող յիշեալ հարցերը, քաղաքական բնոյթ ունենալէ առաջ, էապէս աստուածաբանական հարցեր են, որոնց քննարկումը կրօններ պէտք է կատարեն ու իրենց լուծումները առաջարկեն միջազգային գերաստիճանին: Աստուծոյ ստեղծագործութեան չարաշահումին դիմաց, կրօններուն ձայնը անհրաժեշտութիւն նկատեց Վեհափառը, ու զայն կոչեց ՙմարգարէաշունչ ձայն՚, որ ճիշդ ժամանակին, ու բարձրաձայն պէտք է ըսուի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.