2010-06-28 12:38:55

՜ Լուրեր հայ աշխարհէն


 




 

՜՜ՆՌԱՆ ՀԱՏԻԿՆԵՐԸ՝՝ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ։

Պէյրութի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ 24 յունիսին ցուցադրուեցաւ ՜՜Նռան հատիկները՝՝ ժապաւէնը բեմադրութեամբ՝ Յովիկ Յակոբեանի։Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ խօսք առաւ ժապաւէնի բեմագիր Մատլեն Վարդանեան յայտնելով որ ՜՜թէեւ 95 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, սակայն անոր պատկերը չի տժգունիր մեր մէջ, այնքան ատեն որ մեր արդար իրաւունքներու գիտակցութիւնը ունինք, եւ աւելի՛ն՝ այնքան ատեն որ դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի երիտասարդութեան մը, որ իր ամբողջ էութեամբ պատրաստ է նետուելու ազգային ծառայութեան դաշտ՝ հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեան՝՝։ Խօսելով երիտասարդ բեմադրիչին մասին՝ Մատլեն Վարդանեան ըսաւ. ՜՜հայ վարժարանի եւ հայ ընտանիքի առողջ մթնոլորտի մէջ մեծցած պատանին ստացաւ հայեցի դաստիարակութիւն, սորվեցաւ հայ մշակոյթը, երգեց ու ասմունքեց հայերէն, եւ այսպէս՝ աշակերտական իւրաքանչիւր ապրում ու տեսիլք հետզհետէ գումարուելով ծնունդ տուաւ ,Նռան հատիկներեուն՝ աւելցնելով, որ ասիկա պարզապէս բեմադրիչին առաջին պոռթկումն էր, նախաքայլը ապագայի իր մեծ երազին՝՝։ Հուսկ եզրափակեց ըսելով. ՜՜ճամբայ բանանք տեսիլքներ ու երազներ ունեցող մեր տղոց եւ արգելակենք անոնց դիմագրաւելիք բոլոր պատնէշները ու խոչընդոտները. ուղեգծենք անոնց մէջ ձգտում մը, հաւատք մը, անհատականէն վեր՝ ազգային ու մարդկային յաղթանակի տեսիլք մը՝ միշտ բարձր պահելով հայ ժողովուրդին անունը՝՝։ Իր կարգին, բեմադրիչ Յովիկ Յակոբեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ժապաւէնի պատրաստութեան ու նպաստեցին անոր յաջողութեան։ ՜՜Նռան հատիկներ՝՝ վաւերագրական ժապաւէնը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ժապաւէն մըն է՝ երիտասարդի մը անձնական ուժերով պատրաստուած, նպատակ ունենալով ոչ թէ մասնագիտական մակարդակով ժապաւէն մը պատրաստել, այլ ներկայացնել հայուն վերապրելու կամքը, անոր հաւատքը, հայ լեզուն եւ մշակոյթը պահելու ճիգը, մէկ խօսքով՝ հայ ոգին։ Իբրեւ հայ երիտասարդ ան իր պարտաւորութիւնը նկատած է իր առաջին ժապաւէնը նուիրել 1,5 միլիոն հայ նահատակներուն, եւ այդ մէկը ան կը նկատէ հայ երիտասարդին ճիտին պարտքը։ ՜՜Նռան հատիկները՝՝ ժապաւէնը հանդիսատեսին փոխանցեց այն պատգամը, որ ցեղասպանը չհասաւ իր նպատակին։

Երբ հայ երիտասարդը կը մեծնայ այդ հաւատքով՝ պահելով հայու ոգին, Հայ դատը անպայման կը հասնի իր արդար նպատակին, ըսաւ ան։

 

 









All the contents on this site are copyrighted ©.