2010-06-27 14:40:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի յունիս 27, Ե կիրակի Պենետեկոստէի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան աւետարանական ընթերցումները կը խօսին Յիսուսի կանչին ու անոր պահանջներուն մասին։ Յուկաս Աւետարանիչը կը ներկայացնէ Յիսուսը մինչ կ'ուղղուէր դէպի Երուսաղէմ։ Ճանապարհի վրայ կը հանդիպի խումբ մը երիտասարդներու, որոնք կը խոստանան ամեենուրեք հետեւիլ Անոր։ Սակայն Յիսուս անոնց հանդէպ շատ պահանջկոտ եղաւ եւ կ'ըսէ թէ Մարդուն Որդին հանգստանալու տեղ չունի։ Ուրիշներուն կ'ըսէ ամէն ինչ թող տուր ու ետեւես եկուր։ Յիսուսի պայմաններ կրնայ ըլլալ խիստ երեւիլ։ Արդարեւ Յիսուս կ'ուզէ յայտնել անոնց Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ լոկ ու համակ սէր է։ Աստուածսիրութիւնը կը պահանջէ որ ամէն բանէ հրաժարիլ եւ պատրաստ ըլլալ արիւն թափել ։ Յիսուս` առաջին օրինակը տուաւ. խաչի վրայ մեռաւ մարդկութիւնը մեղքէն ազատելու համար։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յիշեցուց թէ յունիս ամիսը նուիրուած է Յիսուսի ս. սրտին։ Ով որ իր ակնարկը կը նետէ այս խոցուած սրտին վրայ կը ճանչնայ հետեւեալ խօսքին ճշմարտութիւնը. ''Դու ես Տէր իմ միակ բարիքը'' եւ պատրաստ պիտի ըլլայ Յիսուսի ետեւէն ընթանալու։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ դուն սիրայոժար համակերպեցար Աստուծոյ կամքին օգնէ մեզի քեզի նմանելու։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ այսօր Լիբանանի մէջ երանելի հռչակուեցաւ Ըսդեփան Նըմէ, լիբանացի մարոնի կրօնաւոր մը, լիբանանցի եղբայրներու ու քոյրերու հետ իմ սիրտը կը հրճուի եւ զանոնք սիրով կը յանձնեմ նոր երանելիի բարեխօսութեան ու հովուանաւորութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ այս կիրակի օր կը կանխէ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնը, իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ դրամաժողով կը կատարուի ի սպաս Քահանայապետի եղբայրօգնութեան։ Սրտանց երախտապարտ եմ բոլոր անոնք որոնք իրենց դրամական նեցուկով ու աղօթքներով զօրակից են ս.Պետրոսի յաջորդին առաքելութեան։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ բոլորին մաղթեց ըսելով. Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի ճանչնալու եւ մօտենալու Աստուծոյ մեծութեան ու գեղեցկութեան ու ընկերոջ մէջ ճանչնալու Անոր ներկայութիւնը։

Սրբազան հայրը իր խորհրդախծիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.