2010-06-27 14:40:27

Լիբանանցի Նոր Երանելի մը Եուսսէֆ (Յովսէփ) Նեհմէ Կրօնաւորը։


Լիբանանցի Նոր Երանելի մը Եուսսէֆ (Յովսէփ) Նեհմէ Կրօնաւորը։

27 Յունիսին այսօր Երանելի հռչակուեցաւ Քըֆիֆան-ի մէջ Լիբանան ,Աստուծոյ ծառայ Ստեփանոսը,աւազանի անունով Եուսսէֆ Նեհմէ, հանդիսանալով Մարոնիներու Միաբանութեան պատկանող չորրորդ Երանելին ։ Երանացման արարողութիւն գլխւորեց որպէս Պենետիկտոս ԶԺ Սրբազան Քահանայապետի Ներկայացուցիչը Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Ժողովի Կառավարիչը։ Նոր Երանելին կը ծնի 1889ին Լէհֆէտ-Ժըպէիլ գիւղը ,վերջինը եօթը եղբայրներու։ Կը յաճախէ Մարոնիներու Միաբանութեան կառավարած Նոթրը-Տամ տէ Կրաս դպրոցը սորվելով գրել ու կարդալ։ 1905ին, հօրը մահէն երկու տարի ետք մուտք կը գործէ Մարոնիներու Նորընծայարանը՝ Քըֆիֆանի Կիպրիանոս ու Յուստինիանոս Սուրբերու Վանքը. 23 օգոստոս 1907ին կը կատարէ իր վանական ուխտերը առնելով Ստեփանոս անունը։ Որպէս վանական կրօնաւոր ,եղբայր Ստեփանոս իր կեանքը անցուց շրջելով Մարոնիներու Միաբանութեան տարբեր վանքերը, փոխանցելով միշտ եւ միշտ միաբանակից իր եղբայրներուն՝ Աւետարանի Աւետիսը ,շնորհիւ աղօթքի զօրեղ կեանքի մը,միաժամանակ հաւատարիմ՝Միաբանութեան օրէնքներուն եւ հոգեւորութեան։ Վախճանեցաւ 30 օգոստոս 1938ին,49 տարեկանին եւ թաղուեցաւ Քըֆիֆան-ի վանքը ուր իր մարմինը կը հանգչի առանց ապականումի։

Լիբանանի Մարոնիներու Միաբանութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատուի 1698ին Մար-Լիխա վանքին մէջ (Պէքարէ) ուր երեք տարի առաջ տեղի կ՝ունենար 1695ին հիմնուած հասարակութեան մը Ընդհանուր Ժողովը Հալէպցի երեք երիտասարդներու կողմէ՝Կապրիէլ Հավվա,Ապտալլահ Գարալի եւ Եոզէֆ Ալ-Պաթուն։ Մարոնիներու Միաբանութիւնը ներկայիս կը հաշուէ 290 քահանաներ, 18 օգնական եղբայրներ,63 միաբաններ,ապա 38 նորընծաներ, եւ 95 ընծայացուներ՝ տարածուած 80 Միաբանութիւններու մէջ որոնցմէ 17-ը Լիբանանէն դուրս։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.