2010-06-27 14:41:26

«ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ»


Շահանդուխտի «ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ» Գիրքի Շնորհահանդէս։

Հանդիպումներ հայուհիներու հետ՝՝ գիրքը, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, գրական, արուեստի, հրապարակագրութեան եւ առհասարակ հասարակական կեանքի մէջ լռութեան մէջ գործած, սակայն լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ներդրում ունեցած 30 հայ կիներ, մոռացութենէն փրկելու նախաքայլ մըն է այսպէս ըսած է լիբանանահայ մտաւորական, յօդուածագիր, գրագէտ Շահանդուխտ յիշեալ գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին։ ԼՕԽ-ի 80-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ կայացած այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ։ Բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան, որ դիտել տուաւ, թէ ԼՕԽ-ը կրթական, դաստիարակչական, ընկերային եւ առողջապահական իր գործունէութեան զուգահեռ նաեւ պահպանիչն է ազգային դիմագիծին եւ հայ մշակոյթի ծաղկման։ Այս իմաստով տարուած աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ 2010 թուականը Հայ կնոջ տարի յայտարարելու առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած էր Հանդիպում հայուհիներու հետ գիրքին շնորհահանդէսը՝ իր գնահատանքը արտայայտելու համար Շահանդուխտին, որ հայ հրապարակագրութեան եւ գրականութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերակատարութիւնը ունեցած է եւ ունի մինչեւ օրս։

Ապա խօսք առաւ գիրքի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս գիրքով լոյսին կը բերուին համեստ հայուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնն ու ներդրումը ունեցած են ազգային-ընկերային կեանքին մէջ։ Ան Հանդիպում հայուհիներու հետը նկատեց պարզ եւ անմիջական ոճով գրուած, քնարական շունչով պարուրուած գիրք մը, որուն մէջ տիրական է Շահանդուխտին հաւատքն ու հաւատարմութիւնը հայ գիրին ու գրականութեան նկատմամբ։ Կ Յովհաննէսեան գիրքը նկատեց լաւագոյն նուէրը՝ Մեսրոպ Մաշտոցին։

Աւարտին իր սրտի ու շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց Շահանդուխտ, որ դիտել տուաւ, թէ նման համեստ եւ մութի մէջ գործած հայուհիներու աշխատանքը եղած է բաւական մեծ՝ կեանքեր փրկելու եւ կերտելու չափ։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին բարերարին՝ Սարգիս Կերեքմեզեանին, խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իրեն։ Ան հաստատեց, որ կամաւոր կերպով աշխատող եւ իրենց կարելին ու երբեմն անկարելին տուող անձեր պէտք է միշտ յիշատակուին՝ նշելով, որ տակաւին բազմաթիւ նման հայուհիներ կան, իսկ գիրքը պարզապէս նախաճաշակ մըն է, գործ մը, որ պէտք է շարունակուի։

Շահանդուխտ յայտարարեց, որ գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի ԼՕԽ-ի կրթական ֆոնտին։

Ապա Թալին Գլպաշեան յայտարարեց, որ երիտասարդ տաղանդներու քաջալերման ծիրին մէջ այս առիթով նաեւ ներկաներուն պիտի տրամադրուի Մայրս ձայնասկաւառակը, որ կը պարունակէ Մակի Մկրտիչեանի ասմունքները։ Այս առիթով Մ Մկրտիչեան արտասանեց Եղիշէ Չարենցի Տաղարանէն հատուածներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.