2010-06-26 11:32:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Ուրբաթ 25 Յունիս 2010-ին, ՊԵնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնի անդամները, որոնք Յունիս 21-25, Հռոմի մէջ, կատարեցին իրենց ժողովը։

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ, անգամ մը եւս կոչ ըրաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ յորդորեց Ս. Երկրի քրիստոնեաները որ չգաղթեն։

՜՜Ս. Երկրի, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի համար կը հայցենք շնորհքը մնայուն խաղաղութեան եւ հաստատ համակեցութեան, որ կը ծագի անհատի եւ ընտանիքներու, համայնքներու ու ժողովուրդներու իրաւունքներու յարգանքով, եւ առանց կրօնական, մշակութային եւ ընկերային խտրականութեան՝՝ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ապա Սրբազան Հայրը քաջալերեց Արեւելքի եղբայրներն ու քոյրերը հաստատ մնալու հաւատքին մէջ հակառակ բազմատեսակ զոհողութիւններու եւ կարչած մնալու իրենց հողին։ Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց սփիւռքի մէջ ապրող արեւելցիներէն որ հաւատարիմ մնան իրենց եկեղեցւոյ, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը մեծարեց բոլոր անոնք որոնք վասն Աւետարանին կը հալածուին։ Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանալիք Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական յատուկ սիւնոդոսին կարեւորութեան մասին. եւ իր խօսքը եզրափակեց ոգեկոչելով եւ մեծարելով գերապայծառ Լուիճի Բատովեզէին յիշատակը եւ անոր նահատակութիւնը Թուրքիոյ Իսքէնտէրուն քաղաքի մէջ, անցեալ 3 Յունիսին։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կարտինալ Քասբեր` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, հրաժարեցաւ, լատին եկեղեցւոյ կանոնագրքին նախատեսութեան համաձայն, թեւակոխած ըլլալով 75 տարեկանը։ Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ՜՜մեծ յոյսով դիտած է համամիութենական շարժումի ապագան եւ միաժամանակ իր խնդակցութիւնը յայտնած է ստեղծուած յարաբերութիւններուն համար, քոյր բոլոր եկեղեցիներուն ու եկեղեցական համայնքներու հետ, եւ մասնաւորապէս բողոքական եկեղեցիներու հետ։ Յայտնենք թէ 2001-էն մինչեւ այսօր ան նախագահն է եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Կարտինալ Քասբեր որակած է իր 11 տարիներու ծառայութիւնը այդ Խորհուրդին մէջ ՜՜ կառուցողական փորձառութիւն մը՝՝, ընգծելով թէ երկխօսութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ զարդ մը չէ այլ աւետարանական ստիպողութիւն, քանի մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն հրահանգեց աղօթել Եկեղեցւոյ միութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.