2010-06-26 11:34:29

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Արամ Ա. Կը Նախագահէ «G8»ի Միջկրօնական Համագումարին

Գանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ, Յունիս 23ին սկսաւ միջկրօնական միջազգային համագումարը: Սոյն համագումարին նպատակն է՝ Յունիս 26-30ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ութ տնտեսապէս հզօր պետութիւններուն՝ Մեծ ութեակին (G8), քննարկելիք օրակարգի հարցերը քննութեան ենթարկել եւ իր յանձնարարութիւնները կատարել:

Համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ, աշխարհի բոլոր կրօններէն: Օրակարգի երեք գլխաւոր հարցերն են՝ տնտեսութիւն, ապահովութիւն եւ կենսոլորտ: Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած է նախագահելու կենսոլորտի բաժնին:

Նախագահելով կենսոլորտային հարցերու նուիրուած նիստերուն՝ վեհափառը նախ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կենսոլորտային հարցը, շեշտելով, թէ ան դարձած է գոյութենական մտահոգութիւն, կեանքը իր բանական եւ ոչ բանական երեսներով լրջօրէն մտահոգող իրականութիւն: Նորին սրբութիւնը կենսոլորտային հարցը անկախ իր տնտեսական, ճարտարարուեստական ու քաղաքական երեսներէն եւ հետեւանքներէն, բնորոշեց իբրեւ աստուածաբանական հարց: Ան ըսաւ, թէ կենսոլորտային տագնապը հետեւանք է մարդուն կողմէ տիեզերքի չարաշահումին, որ մեղանչում մըն է Աստուծոյ դէմ: Իր խօսքը զարգացնելով այս կէտին շուրջ՝ վեհափառը կատարեց կարգ մը առաջարկներ՝ ուղղուած Մեծ ութեակի համագումարին:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ համագումարին կողմէ որդեգրուելիք բանաձեւերուն ձեւաւորման մէջ:

Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ քրիստոնեայ թէ այլ կրօններու պատասխանատուներու հետ:



«Հայ Քրիստոնեայ Երիտասարդաց Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան»

ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան» (CYMA) ծրագիրը Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութիւններով օգտակար կը հանդիսանայ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման:

Երիտասարդները դէպի Հայաստան ճամբայ պիտի ելլեն Յունիս 30ին, եւ Լոս Անճելըս պիտի վերադառնան Յուլիս 31ին:










All the contents on this site are copyrighted ©.