2010-06-26 12:42:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԸՍՏ «ՆԵԶԱՒԻՍԻՄԱՅԱ ԿԱԶԵԹԱ»Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ»Ը ։ Ռուսական ՝՝Նեզաւիսիմայա Կազեթա՝՝ օրաթերթը կը գրէ որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ քննարկած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման Փեթերսպուրկեան առաջարկները, զորս ռուսական կողմը ներկայացուցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն 17 յունիսին Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին։
Ըստ թերթին, Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտական աղբիւր մը պարզաբանած է, որ փաստօրէն, այսօր բանակցային սեղանին վրայ կը գտնուի փաստաթուղթ մը, զոր հայկական կողմը համաձայնած է ընդունիլ իբրեւ հիմք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ աւելի կանուխ առաջարկուած Մատրիտեան փաստաթուղթի հիման վրայ ընթացող բանակցութիւններու շարունակման համար։

«ԱՆԳԱՐԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻՆ, ՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՏԱՐԱՒ ՓԱԿՈՒՂԻ»
Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։
Երէկ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի աշխուժանայ այն պարագային, երբ Թուրքիա սկսի յարգելու հոլովոյթին սկիզբը ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Ըստ անոր, հայկական կողմը հաշտեցման հոլովոյթին սկսած է այն համաձայնութեամբ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին առանց նախապայմաններու։ Սակայն արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք Անգարա վերադարձաւ իր նախկին դիրքորոշումին, հոլովոյթը փակուղիի տանելով ։Նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի տեսակէտը կ՝ընդունին այլ երկիրներ, որոնց շարքին՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւնը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսական քաղաքականութեան շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Լուքա Պարպոնէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ համաշխարհային դրամատան հայաստանեան Գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիսը։ Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է՝ մասնակցելու Համաշխարհային դրամատան կազմակերպած՝ Գաղթականութեան եւ Դրամական փոխանցումներու խնդիրներու նիւթերով համաժողովին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՃՆՇՈՒՄԻ ՏԱԿ ԴՆՈՂ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ԵՒՍ` ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱ Ն ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ։
Երէկ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած փաստաթուղթին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է, որ Հայաստանը չէ կատարած վեհաժողովի 2008-ի թիւ 1609 բանաձեւին մէջ ամրագրուած շարք մը պարտաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ որեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկած 1-2 մարտի իրադարձութիւններուն ընթացքին տասը անձերու սպանութեան համար, ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կը շարունակեն մնալ արգելափակուած, իշխանութիւնները կը հրաժարին քննել 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններուն մէջ բանակի ապօրինի ներգրաւման հանգամանքները։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ։
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբը իր 24 յունիսի նիստին ընթացքին Հայաստանի հարցով նոր զեկուցաբեր նշանակած է ,յանձին՝ շուէտացի երեսփոխան, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերով յանձնախումբի նախկին ղեկավար Կորան Լինտպլատ,որ պիտի փոխարինէ Ժորժ Քոլոմպիէն, որ 22 յունիսին յայտարարած է զեկուցաբերի իր պարտականութիւններէն հրաժարելու մասին, լիազօրութիւններու ժամկէտը աւարտելուն պատճառով։ Կորան Լինտպլատ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ շուէտական պատուիրակութեան ղեկավարն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.