2010-06-25 13:18:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Ուրբաթ յունիս 25, ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնի անդամները, որոնք յունիս 21-25 Հռոմ կատարեցին իրենց ժողովը։ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ քաջալերեց զանոնք վեհանձնութեամբ կատարելու իրենց աշխատանքը եւ սատարելու խաղաղութեան հաստատումին։

Հինգշաբթի առաւօտ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Հռոմի Մոնթէ Մարիօ բլուրին վրայ զետեղուած՝ վերակառուցուած Տիրամօր շքեղապանծ արձանը։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը Ս. Կոյս Մարիամին յանձնառարեց որ՜՜պաշտպանէ ընտանիքները, ինչպէս նաեւ խնդրեց որ երկինքէն հսկէ Հռոմի քաղաքացիական ու կրօնական կեանքին վրայ։

Սրբազան Հօր գնահատումով Մոնթէ Մարիօ բլուրին վրայ 1953ին բարձրացած այս շքեղապանծ արձանը կը ներկայացնէ յիշատակը՜՜ ողբերգական ու նախախնամական դէպքերուն՝՝ արձանագրուած պատմութեան գիրքին մէջ ու մարդոց յիշողութեան մէջ։ Արդարեւ այս արձանը, գործը հրեայ Առիկօ Միներպիի, ցեղային հալածանքի օրերուն պահուած է Տոն Օրիոնէ կոչուած միաբանութեան մօտ։

Եղբայրսիրական ներգործութիւնները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կարելի չէ սահմանել որպէս զուտ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ, այլ անոնք շօշափելի արտայայտութիւններ են Աստուծոյ սիրոյն։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնի 83րդ նիստին վերջին օրը խօսուեցաւ Ս. Երկրի կացութեան , Արեւելեան եկեղեցիներու համամիութեան ու շրջանի միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան։

Յայտնենք որ 83րդ ժողովին կիզակէտը հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու սիունոդոսը, որուն աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ 10-24 հոկտեմբեր 2010-ին։

Ժողովին խօսք առին Ս. Երկրի մօտ առաքելական դեսպանը գերապայծառ ֆրանգօ եւ Ս. Երկրի պահակը ֆրանչիսքեան հայր Բիցապալլան։



Վատիկանի Պետական քարտուղարը կը մատնանշէ հարկաւորութիւնը ՜՜Աւետարանը քարոզելու բոլոր ազգերուն՝՝։

Հինգշաբթի 24 յունիս 2010. ս. Յովհաննէս Մկրտիչին ծննդեան տարեդարձին, Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը պատարագ մատուցեց Իտալիոյ Ճենովա քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ան այս առթիւ իր արտսանած քարոզին մէջ ըսաւ ՜՜Աւետարանը սահման չի ճանչնար ու մեզ պատասխանատու կը դարձնէ ճանչցնելու Աստուծոյ խօսքը բոլոր ժողովուրդներուն՝՝։

Հաւատքը եւ քրիստոնեաներու կեանքի վկայութիւնը, ըսաւ ծիրանաւորը, պէտք է ցոլացնեն քրիստոնէական կեանքի յոյսի լիութիւնը, որ կը գտնուի Քրիստոսի մէջ եւ մենք քրիստոնեաներս կանչուած ենք զայն հաղորդելու այսօրուայ թերահաւատ, սպառողապաշտ եւ նիւթապաշտ մարդուն։ Անձկութեամբ լի ներկայ մարդուն պէտք է մատնանշենք Քրիստոսի լոյսը։



ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահի այցելութիւնը Գուպա։

Կարտինալ ֆրանսիս Ժորժ` նախագահը ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի, անցեալ յունիս 23ին երկու օրուայ այցելութիւն կատարեց Գուպա։ Այցելութեան նպատակն է՝ ՜՜ամրապնդել կապերը երկու եկեղեցիներու միջեւ՝՝ որոնց պետութիւնները կէս դարէ ի վեր խզած ենք յարաբերութիւնները։

Կարտինալ ֆրանսիս Ժորժ Գուպա եկաւ փոխայցելութիւն կատարելու Սանդիակօ թեմի առաջնորդ գերապայծառ Կարսիային։ Երկու եկեղեցականներու գնահատումով ՜՜հարկաւոր է բարելաւել կապերը անհատներու ու ժողովուրդներու միջեւ՝՝ ։



Ծիսական ժամանակացոյց – Ուրբաթ 25 յունիս 2010, Յիսուսի Ս. Սրտի տօնն է։ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Յիսուսի Ս. Սրտին։ Այս տօնը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ պարզ եւ հարազատ սէրը հանդէպ մարդկութեան եւ միաժամանակ այս տօնը ինքնիրմով կ'ամփոփէ Յիսուսի մարդեղութեան ու փրկչագործութեան խորհուրդը։





Անգլիոյ եպիսկոպոսաց դասը մաղթանք յայտնած է որ եւրոպական ատեանը չ'ենթարկուի աշխարհականացումի։

Յառաջիկայ 30 յունիսին Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Բարձրագոյն Ատեանը պիտի ուսումնասիրէ ''կրօնքը խորհրդանշող իրերու զետեղումի հարցը'' իտալական դպրոցներէն ներս եւ վերջնական որոշում պիտի առնէ։ Յիշեցնենք թէ այս հարցը սկիզբ առած է 2002ին' ծագումով ֆինլանտացի իտալահպատակ Տիկ Սոյլէ Թուուլիզի Լաութսիի ներկայացուցած բողոքէն ետք։ Արդարեւ Տիկ Լաութսին խնդրանք ներկայացուցած էր որ իր զաւակներուն յաճախած դպրոցի պատերէն վար առնուէին խաչելութիւնը եւ այլ քրիստոնէական խորհրդանիշեր։

2009ի նոյեմբեր 3ին Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Բարձրագոյն Ատեանի վճիռի համաձայն ''խաչը ցուցադրելը'' դրժում մըն է ծնողքներու իրաւունքի դէմ իրենց զաւակներուն, իրենց ազատ կամքի համաձայն դաստիարակելու եւ նաեւ դրժում աշակերտութեան ազատ կրօնապաշտութեան իրաւունքի դէմ։ Այս վճիռին դէմ իտալական կառավարութիւնը դիմում ներկայացուցած էր սոյն Ատեանին, քննադատելով՝ առնուած որոշումը։ Նշենք թէ շատ մը ուրիշ երկիրներ եւս, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը, թիկունք կանգնած են իտալիոյ կառավարութեան։

Այս ուղղութեամբ Հռոմի մէջ 22 յունիսին գումարուեցաւ Կլոր Սեղան մը ''արժէքներ եւ իրաւունքներ Խաչեցեալի հարցին շուրջ'' նիւթին մասին, հովանաւորութեամբ' Իտալիոյ Նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան։ Անոր մասնակցեցան Իտալիոյ Մշակոյթի Նախարարը՝ Սանտրօ Պոնտի, Ընկերային եւ աշխատանգային հարցերու նախարարը՝ Մաուրիցիօ Սագգոնի, Իրաւաբան Վեներանտօ Մարանօ, Իտալական եպիսկոպոսաց դասի իրաւական դիտարանի համակարգող եւ Մաարդէ Վան Ալտերէն, օտար երկիրներու մամուլի ընկերակցութեան նախագահը' ինչպէս նաեւ Կրատինալ Ժուլիան Հերրանց Գազատօ, երբեմնի նախագահը օրէնսդրական բնագիրներու Քահանայապետական Խորհուրդի ։

Այս դիտմամբ Անգլիոյ եպիսկոպոսաց դասը նաեւ յայտարարութեամբ մը մաղթանք յայտնած է որ եւրոպական մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն ատեանը չ'ենթարկուի աշխարհականացումի։








All the contents on this site are copyrighted ©.