2010-06-25 13:26:15

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսը

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ուրբաթ 11 Յունիս 2010-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի հեղինակած ՙՀայ ժողովուրդի ջարդերը եւ մեծ ժողովուրդներու կեցուածքը անոր նկատմամբ՚ գիրքին շնորհահանդէսը:  Ներկայ էին Միաբան հայրեր, նախարարներ եւ երեփոխաններ, տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ հայ թէ օտար մտաւորականներ:  Բացման խօսքը արաբերէն լեզուով արտասանեց Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, ձեռնարկին կարեւորութեան անդրադառնալով, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան բնագաւառներէն մին, եւ հայ դատի հետապնդման գծով կարեւոր նախաձեռնութիւն:  Ապա խօսք առաւ տիւրզի Շէյխ Սէմի Ապի Էլ Մունա, վեր առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, յիշելով կարգ մը մանրամասնութիւններ 1915-ին գործուած մեծ ոճիրէն: Հատորի սրբագրութեան աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Ժիրայր Ռէիսեան եղաւ յաջորդ խօսք առնողը: Ան անդրադարձաւ գործին բովանադակութեան եւ հրատարակչական աշխատանքներուն:    Գլխաւոր խօսքը տրուեցաւ հեղինակին՝ Դոկտ. Զահրէտտինին, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր խոր յարգանքին իբրեւ արտայայտութիւն եւ մարդկային իրաւանց ու արդարութեան յայտնաբերման իր անդուլ ճիգերուն արգասիքը նկատեց այս աշխատութիւնը: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ այն վերաբերումին, զոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ճամբով ցուցաբերած էր, ու իր գործը արժանացուցած հրատարակութեան: Ի վերջոյ, Վեհափառ Հայրապետին գնահատանքի ու Հայրապետական Օրհնութեան խօսքը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան: Վեհափառը իր խօսքին մէջ վեր առած էր գործին եզակի նշանակութիւնը, իբրեւ օտար հեղինակի կողմէ գրուած օտար լեզուով հրատարակուած գիրք՝ Հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն մասին: ՙԱյս գիրքը, հայերէն լեզուով նոյն նիւթին մասին գրուած բազմաթիւ հատորներուն շարքին, պիտի ճոխացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջող հատորներուն շարքը, մինչեւ որ անոնք մէջ արձանագրուած ճշմարտութիւնները ընդունելի դառնան միջազգային ընտանիքին կողմէ՚ կ’ըսէ Արամ Ա. իր խօսքին մէջ: Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան (նուագ) եւ Հոգշ. Տ. Անանիա Աբղ. Գուճանեան (երգ), ինչպէս նաեւ մատուցուեցաւ ջութակի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ նուագ:



Մոնրէալի մէջ ապրիլեան յուշակոթողի բացման առիթով՝ Անթիլիասի մէջ մենք

Տէր Զօրի ներկայութեամբ թրծուեցանք ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մոնրէալի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակաց նուիրուած Կարմիր աւետարան անունով մկրտուած գեղաքանդակ խաչքարին բացումը։

Օրհնութեան արարողութեան աւարտին, վեհափառը խօսք առնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգիին ամբողջական թարգմանը հանդիսացաւ, յատկապէս շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը միասնաբար յառաջ տանելու գաղափարին վրայ։ Սփիւռք եւ Հայաստան դերերու յստակ բաժանումը սոյն պայքարը յառաջ պիտի տանին, ըսաւ վեհափառը, մինչեւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ մեր ազգի ոտնակոխուած արժանապատուութեան վերականգնումը։

Իր խօսքի երկրորդ բաժինով, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքին, Հայ դատի հետապնդման գծով։ Վեհափառը խօսեցաւ յատկապէս այն կազմաւորման եւ ազգային ոգիին ջամբումին մասին, որ կը կատարուի Անթիլիասի Դպրեվանքին ճամբով։ Մենք Անթիլիասի մէջ ամէն օր Տէր Զօրը ապրեցանք եւ կ'ապրինք՝ մեր նահատակներու անթաղ աճիւններով նուիրականացած Սուրբ մատուռը մեր աչքերուն առջեւ ունենալով։ Կազմաւորում մը՝ որ անգիր ու անբարբառ դաս ու դասարան եղաւ մեզի համար, ու կը շարունակէ այդպէս մնալ Անթիլիասէն դուրս եկող բոլոր սերունդներուն համար։

 









 








All the contents on this site are copyrighted ©.