2010-06-24 12:48:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւՎատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը:

Հինգշաբթի յունիս 24 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց Տիրամօր արձանը որ կը գտնուի Հռոմի Մոնթէ Մարիօ կոչուած բլուրին վրայ։ Ապա Սրբազան հայրը այցելեց Տոմենիքեան կրօնաւորուհիներու վանքը եւ անոնց հետ աղօթեց վեցերորդ ժամու ժամերգութիւնը։ Ժամասացութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր ուղղած հայրական խօսքով ըսաւ ՜՜հասարակաց այս աղօթքը անբաժան մէկ մասն է ձեր առօրեայ կեանքին եւ անով թարգմանը կը հանդիսանաք ՜՜Հարս-Եկեղեցւոյ՝՝ որ յատուկէն կը միանայ իր Տիրոջ ։ Առօրեայ ձեր հասարակաց ժամերգութիւններով ու Ս. Զոհի մասնակցութեամբ ձեր ճգնաւորական կեանքը կը դառնայ հարուստ եւ պտղաբեր, ոչ միայն ձեր անհատական սրբութեան համար այլ եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։ Դուք քաջատեղեակ էք աղօթքի զօրութեան եւ անով մեծապէս կը սատարէք Եկեղեցւոյ սրբութեան։

Առաքինազարդ քոյրեր, ձեր այս բնակարանը նաեւ՝ Տիրոջ բնակարանն է, ձեզի համար նոր Երուսաղէմ է, ուր կը բարձրանան Տիրոջ ցեղերը, գովաբանելու՝ Տիրոջ անունը, ինչպէս կը գրէ սաղմոսերգուն։ Երախտապարտ եղէք Աստուածային Նախախնամութեան, ձեզի շնորհուած՝վանական կոչումի այս գերազանց պարգեւին համար։ Դուք Եսայեա մարգարէին հետ կրնաք աղաղակել ՜՜Տէրը զիս ընտրեց երբ մայրական արգանդին մէջ էի՝՝։

Դուք ամբողջովին Տիրոջ կը պատկանիք եւ անբաժան մէկ մասը կը կազմէք ՜՜Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմին՝՝՝ որ է ՜՜Եկեղեցին՝՝։

Եւ ինչպէս սիրտը կը շրջէ արիւնը եւ ողջ կը պահէ մարմիմնը, նոյնպէս ձեր գոյութիւնը` Քրիստոսի մէջ պահուըտած՝ աշխատանքով ու աղօթքով, կը սատարէ Եկեղեցւոյ պահպանումին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց կրօնաւորուհիները իրենց առօրեային ''Այո''ն ըսել Տիրոջ ծրագիրներուն, նոյն խոնարհ զգացումները ունենալով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։

Ինչպէս Տիրամայրը լռութեամբ հիւընկալեց Աստուծոյ խօսքը, դուք եւս նոյնպէս ապրեցէք ձեր կուսութիւնը սերտօրէն միանալով Յիսուսին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Հայցելով Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը, սուրբ Տոմինիքոսի եւ Սիենայի սրբուհի Կատարինէի հետ միասին, ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով, 29 Յունիսին, Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմ կու գայ մասնակցելու՝ տօնախմբութիւններուն, որ կը սկսի նախօրեակին, 28 Յունիսին՝ երեկոյեան ժամասացութեամբ, Ս. Պօղոս տաճարին մէջ եւ ապա յաջորդ օրը, 29 Յունիսին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցւող Ս. պատարագին։ Ասիկա 41րդ անգամն է որ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութիւնը պատուիրակութիւն մը կ'ուղարկէ Հռոմ ։ Նոյնպէս ալ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Իսդանպուլ կը մեկնի մասնակցելու Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան, որ կը կատարուի Կ.Պոլսոյ տիեզերական օրթոտոքս պատրիարքութեան ՜՜ֆանար՝՝ կեդրոնին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.