2010-06-24 12:49:10

Կրօնաբարոյական հարցեր


Մարդուն առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ:



Զուտ բնական կարգի ներքեւ ուսումնասիրենք այժմ թէ ինչ է մարդուն առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ, տրուած ըլլալով որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ յատուկ կերպով։

Քրիստոնէութիւնը կու տայ հետեւեալ պատասխանը. Մարդը ստեղծուած է զԱստուած ճանչնալու, սիրելու եւ անոր ծառայելու համար։ Իսկ մարդու կեանքը մահուընէ վերջ պիտի ըլլայ երջանիկ կամ դժբախտ իր աշխարհի վրայ այս առաքելութեան կատարումին եղանակին համաձայն։ Այս պարտականութիւնները յառաջ կու գան իր ներքին բնական միտումներէն։

Ուստի նախ պէտք է ճանչնայ զԱստուած։

Մարդ արարածը գործածելու է նախ եւ առաջ` իր խելքը, հաստատելու համար Աստուծոյ գոյութիւնը պարզապէս դիտելով բնութեան հրաշալիքները։ Անկատար էակներէն պիտի ընթանայ դէպի կատարելագոյն էակը, որուն բնութիւնը պիտի ջանայ ըստ բաւականին թափանցելու։ Սակաջն ինքիրեն կարող չէ հասնելու այս գիտութեան եւ ճանաչումին աստուածային անձին առանց օգնութեան նոյնինքն Աստուծոյ կողմէ։

Երկրորդ` պէտք է սիրէ զԱստուած։

Այս ճանաչումէն` իր մէջ պէտք է ժայթքի ու ցայտէ սիրոյ զգացումը, զոր կրնայ արտայայտել պաշտամունքով եւ աղօթքով, ըլլայ առանձնական, ըլլայ հասարակական. Լուսաւորուած իր խիղճէն, պիտի ջանայ ապրելու այն բարոյական օրէնքներուն համեմատ զոր բնութիւնը դրած է իր մէջ, եւ որ կը բխին Աստուծմէ։ Ի վերջոյ` Աստուած ըլլալով ամէն բարիքի աղբիւրը եւ կատարեալ էակը, պիտի ձգտի իր բոլոր անձովը դէպի Ամենակալը, որ ստեղծիչն է տիեզերքի։

Երրորդ պարտականութիւնն է` ծառայել Աստուծոյ։

Ոչ ինչպէս ծառայ մը որ կը սպասաւորէ իր տիրոջ, քանի Տէրը պէտք չունի մարդոց, ըլլալով լիովին ինքնաբաւ, Աստուծոյ ծառայել` կը նշանակէ գործակից ըլլալ իրեն իր ստեղծողական գործին մէջ, զայն ամբողջացնելով. Թերեւս աւելի շիտակ պիտի ըլլար ըսել` օգտակար դառնալ Աստուծոյ մեր գործունէութեամբ։

Որքան որ տարօրինակ թուի ըլլալ, Աստուծոյ գործը անաւարտ է. Երկիրը կը նմանի անաւարտ նուագահանդէսի մը եւ ասիկա Աստուծոյ իսկ կամքով։ Եթէ Աստուած ամէն ինչ ընէր, ինք պիտի շինէր նաեւ սեղանները, աթոռները, տուները կօշիկները, ինքնաշարժները, եւայլն… Ինք պէտք է եփէր հացը, պատրաստէր միսը… Ինք նոյնիսկ պէտք է ծամէր կերակուրը, շունչ առնէր… մէկ խօսքով անշարժ եւ անձայն աշխարհ մը ստեղծելու էր, որ այլեւս մարդ ոչինչ ունենար ընելիք։

Ոչ. Աստուած ստեղծեց կիսաւարտ աշխարհ մը, տալով մարդուն առաքելութիւնը զայն իր աւարտին հասցնելու. Ինչպէս մայր մը որ իր փոքր երեխայէն կը խնդրէ որ օգնէ իրեն սեղանը պատրաստելու համար, Աստուած ալ ուզեց մեզ գործակից դարձնել իր ստեղծագործութեան, խոստանալով վարձատրել մեր ջանքերը յաւիտենական ուրախութեամբ։

Այս բոլորը կատարեց Աստուած որպէսզի թոյլ տար մարդոց անձամբ իրենց սէրը յայտնելու իրեն, յարգելով իրենց ազատութիւնը եւ առիթ տալով որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն կիսաւարտ մնացած կործը կատարելագործելու համար։









All the contents on this site are copyrighted ©.