2010-06-24 13:04:47

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
«ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶԵՐՕ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶԵՐՕ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Գերմանիոյ ՝՝Քոնրատ Ատենաուըր՝՝ հիմնադրամի կեդրոնին մէջ Յանուն անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի նիւթով ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ աշխարհի մէջ շատ չեն Հարաւային Կովկասի նման տարածքները, ուր ժողովուրդներու, ցեղային խումբերու, մշակութային, կրօնական եւ քաղաքակրթական այսպիսի բազմազանութիւն կայ։
Սակայն նոյնինքն ատիկա է շրջանի իրական հարստութիւնը։Ըստ անոր, շրջանի երկիրները պէտք է յառաջ երթան՝ ոչ թէ այդ բազմազանութեան դէմ ելլելով կամ մէկը միւսին ունեցածը մերժելով, այլ զիրար լրացնելով, փոխ-հարստացնելով, ինչպէս որ ըրած են եւ կընեն եւրոպական երկիրները։ Ս Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նշելով որ նախաձեռնելով հաշտեցման հոլովոյթին, Հայաստան կառաջնորդուէր շրջանի անվտանգութեան նկատառումներով, նախաձեռնութիւնը սակայն յաջողութեամբ չպսակուեցաւ, որովհետեւ Թուրքիա վերադարձաւ այդ հոլովոյթէն առաջ որդեգրած իր դիրքերուն՝ նախապայմաններու թելադրանքի եւ նոյնիսկ սպառնալիքներու լեզուին։ Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներու քաղաքականութիւնը զերօ արդիւնքներ կու տայ։ Եւ այդպէս պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, որքան Թուրքիա կը շարունակէ իր շահը փնտռել մեր շրջանին մէջ շահերու բախումի եւ ոչ թէ համադրման շրջագիծին մէջ։ Ան նաեւ խօսեցաւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մասին եւ նշեց, որ Հայաստան բազմիցս կոչ ուղղած է Պաքուին, երկու երկիրներուն կարելիութիւնները ի սպաս դնելու շրջանի կայունացման եւ զարգացման։ Ըստ Ս. Սարգսեանի՝՝Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները լաւ ապագայ չեն կրնար խոստանալ։«
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ»
Կ՛ԸՍԷ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ։
Ըստ ՝՝Արմինիա Թուտէյ՝՝ի Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ռուս լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ ճիշդ որոշում պիտի չըլլայ, եթէ Հայաստան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ մէկը յանգեցնէ լարուածութեան եւ վատ հետեւանքներու։ Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մէջ կը տիրէ հակահայկական եւ հակաղարաբաղեան մթնոլորտ։ Ան ընդգծած է որ այդ մէկը ազրպէյճանական պետական քարոզչական մեքենայի գործունէութեան արդիւնքն է, որուն վկայութիւնը սահմանին վրայ վերջին սադրիչ գործողութիւններն էին, որոնք հայ զինուորներու մահուան պատճառ դարձան։ Այսպիսի վերաբերմունք աւելի կը բարձրացնէ մեր բանակին մարտունակութիւնը, եւ պատերազմի վերսկսման պարագային, մեզի այլ բան չի մնար, քան զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Ազրպէյճանի տարածքին մէջ(նշած է ան) ։Ըստ Սահակեանի, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխ-զիջումներու վրայ։ Դժբախտաբար, մեր առաջարկները որքան ալ կառուցողական ըլլան, Պաքուի կողմէ կը մերժուին։ Աւելի՛ն մենք լուրջ հիմքեր չունինք տագնապի լուծման համար, քանի որ մենք բանակցային հոլովոյթին չենք մասնակցիր։ Այսօրուան դրութեամբ հիմնական միջնորդը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբն է։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ։
Ըստ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը երէկ տարածած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի մամլոյ քարտուղարի յայտարարութիւնը։ Անոր մէջ, Քեթրին Էշթըն կափսոսայ 18 յունիսին Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան խախտումին պատճառով զոհերու արձանագրումին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.