2010-06-23 13:34:36

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Պարոյր Սեւակ.


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Պարոյր Սեւակ.

17 Յունիս 1971ին, Պարոյր Սեւակ զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի. Մինաս Աւետիսեան եւ Մուշեղ Գալշոյեան եւս նմանօրինակ վախճան ունեցան ։

Դժուար էր թէ 17 Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։ Բայց խորհրդային ամբողջատիրութեան դաժան ժամանակներն էին եւ որքան ալ բարձրագոռ հնչեցին աշխարհով մէկ սփիւռքի հայութեան թերահաւատութիւնն ու ընդվզումը, պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահուան պարագաներուն մասին։

Սեւակ զոհ գնաց ճամբու արկածի՞... Պարզապէս Սեւակը ընդմիշտ հեռացուցին հայ ժողովուրդէն եւ Հայաստանէն։


Վաղաժամ լռութեան դատապարտուեցաւ հայ գրականութեան մեծագոյն ձայնաւորներուն վերջին անմահը, որ իր կենդանութեան արդէն նուաճած էր Հայաստանի ու հայութեան անլռելի զանգակատունը շնչաւորելու յաւերժական բարձունքը։

Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը, 70ամեայ խորհրդային լուծի ժամանակաշրջանը, որ բիրտ ուժով հայութեան պարտադրեց սովետական մարդու եւ սովետական հոգեկերտուածքի ծանր բեռը։

Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր Զանգակատուն կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։

Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրականմշակութային հարուստ պաշարը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան Քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։

Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ Անհաշտ Մտերմութիւն (1953), Սիրոյ Ճանապարհ (1954), Նորից Քեզ Հետ (1957), Անլռելի Զանգակատուն (1959), Մարդը Ափի Մէջ (1962), Եղիցի Լոյս (1971) եւ Ձեր Ծանօթները (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած ՍայաթՆովա մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։

Այս առումով է, փաստօրէն, որ 39 տարի առաջ, 17 Յունիսին, փորձեցին բրտօրէն կտրել ստեղծագործական բազկերակը հայ ժողովուրդին։ Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարին կարելի չէ լռեցնել։

Մանաւանդ որ Սեւակի եղերական վախճանէն քանի մը տարի ետք, 1975ի Փետրուար 16ին, այս անգամ նոյնինքն Երեւանի կեդրոնին մէջ եւ Աբովեան փողոցին վրայ, լայն մայթեզրով քալած պահուն, ինքնաշարժի արկածի ենթարկուեցաւ Հայկեան Հանճարին լուսապսակ նկարիչը՝ Մինաս Աւետիսեանը, որ ամբողջ շաբաթ մը մահուան դէմ մաքառելէ ետք, Փետրուար 23ին, առյաւէտ փակեց իր աչքերը։ Մինաս 1928ի ծնունդ էր... Երիտասարդ տարիքին արդէն նուաճած էր Մարտիրոս Սարեանի արժանաւոր յաջորդի կոչումը, բայց որ թէ՛ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը խարանող իր նկարներով, թէ՛ ընդհանրապէս խորհրդային մտակաղապարումները մերժելու իր ըմբոստ արդիականութեամբ՝ դարձած էր աչքի փուշը շատերու...

Աւելի՛ն. եւս քանի մը տարի ետք, 1980ի Հոկտեմբեր 15ին, այս անգամ որսորդական հրացանի իբր թէ պատահական կրակոծի հետեւանքով, Արագածոտնի մարզի իր ծննդավայր Կաթնաղբիւր գիւղի մերձակայքը, արկածամահ եղաւ հայ արձակի մեծատաղանդ ներկայացուցիչը՝ Մուշեղ Գալշոյեան։ Հայ ֆետայական շարժման եւ սասունցի խրոխտ ու ըմբոստ հայուն ամբողջ յուզաշխարհը յաւերժացնող շունչն ու թռիչքն էր Գալշոյեան, որ Ձորի Միրօ եւ Մարութայ Սարի ամպերը անուն իր գլուխ-գործոցներով, նուաճած էր հայ գրականութեան դասական մեծերու կարգին իր ուրոյն պատուանդանը։ Մուշեղ Գալշոյեան 13 Դեկտեմբեր 1933ի ծնունդ էր եւ, իր հերթին, հազիւ 47 տարեկան էր, երբ այդպէս արկածով կտրեցին իր բեղուն կեանքի թելը։

Սոսկ պատահականութիւն եւ զուգադիպութիւն չեն կրնար ըլլալ միեւնոյն տասնամեակի այս եղերական արկածները, որոնք հայ ժողովուրդէն խլեցին երեք անփոխարինելի մեծութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.