2010-06-23 12:15:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ (21-23 Յունիս) ։
Պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան բազմակողմ ձեւաչափերու կարելիութիւնները ընդլայնելու առնչուող հարցեր։ Նախագահ Սարգսեան եւ վարչապետ Մերքել քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի շրջանի խնդիրները։ Նախագահը ողջունած է Գերմանիոյ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ նախագահ Սարգսեան մտահոգիչ եւ վտանգաւոր նկատած է, որ Ազրպէյճան չի խորշիր անընդհատ խօսիլ տագնապը պատերազմի ճամբով լուծելու անթաքոյց նկրտումներու մասին, այդպիսով վտանգելով ոչ միայն հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները, այլեւ շրջանային կայունութիւնը ընդհանրապէս։ Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին, նախագահ Սարգսեան ափսոսանք յայտնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Եւրոպայի մէջ վերջին փակ սահմանի բացման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը ապարդիւն մնացին Թուրքիոյ՝ սոյն հոլովոյթը այլ նպատակներով օգտագործելու եւ բանակցութիւններու համաձայնեցուած սկզբունքներէն հրաժարելու պատճառով։ Կողմերը կարեւոր նկատած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ առանց նախապայմաններու ընթանալու, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն միջոցով տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ ԱԶԴԱԿ-ի կայքէջը կը տեղեկացնէ որ Ազրպէյճանական կողմը երէկ գիշերունէ ի վեր 220 անգամ խախտած է հրադադարը։
ԼԱՒՐՈՎ-ՔԼԻՆԹԸՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ Հ ԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են։ Անոնք քննարկած են 24 յունիսին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Պարաք Օպամայի եւ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումներու կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքները։ Բացի ատկէ, անոնք քննարկած են Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններն ու ուզպեքներու եւ խըրխըզներու միջեւ ազգամիջեան բախումները։ Լաւրով եւ Քլինթըն նաեւ քննարկած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Խըրխըզիստանին յատկացուելիք մարդասիրական օժանդակութեան հայող հարցեր։
ՕՊԱՄԱ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊ ՈՒՄ` 6 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ։
Իսրայէլեան ՝՝Հաարեց՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 6 յուլիսին Սպիտակ Տան մէջ պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն։ Անոնք հանդիպում պիտի ունենային 1 յունիսին, սակայն թրքական ՝՝Ազատութեան նաւատորմիղին՝՝ դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ետք Նեթանիահու ջնջած էր Ուաշինկթըն իր այցելութիւնը։
29 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՕՊԱՄԱ-ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ։
Սպիտակ Տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 29 յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ։ Օպամա Ապտալլա Թագաւորին հետ պիտի քննարկէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու երկկողմ յարաբերութիւնները։
Երկու ղեկավարները նաեւ պիտի քննարկեն Ծոցի ապահովութեան, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազային հասարակաց հետաքրքրութեան նիւթ եղող հարցեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.