2010-06-22 13:03:14

Լիբանանի նոր Երանելին՝ եղբայր Ըսթֆան Նաամէ


Լիբանանի նոր Երանելին՝ եղբայր Ըսթֆան Նաամէ

Կիրակի, 27 Յունիս 2010-ին տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ ծառայ՝ եղբայր Ըսթֆան Նաամէնի երանելի hռչակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. ի ներկայացուցիչ եւ սուրբերու կոչումներու համաժողովին նախագահ՝ Գերպծ. Անճէլօ Ամադոյի։ Երանելի հռչակման սուրբ Պատարագը պիտի նախագահէ Մարոնիթ կարդինալ Սֆէյրը, մասնակցութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, այլ կաթողիկէ պատրիարքներու, պապական նուիրակի եւ հոգեւորականներու, Քֆիֆանի սուրբ Կիպրիանոս եւ Եուսդինա վանքին մէջ ։ Այս առթիւ տեղի պիտի ունենան յաջորդաբար զանազան եկեղեցական արարողութիւններ եւ հանդիսութիւններ, շաբաթ 19 Յունիսէն սկսեալ մինչեւ կիրակի 4 Յուլիս 2010։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս ծրագրին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ուրբաթ 2 Յուլիս 2010-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Քֆիֆանի վանքին մէջ, ուր կը գտնուի երանելիին դամբարանը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.