2010-06-21 12:44:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանաեան Տեղեկութիւններ։


Երկուշաբթի 21 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի արեւելեան շրջանի խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Անոնց ուղղած ճառով, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ՜՜հաւատալ ամէնէն առաջ կը նշանակէ Աստուծոյ վստահիլ եւ Յիսուս Քրիստոսի յայտնած Ճշմարտութիւնը ընդունիլ՝՝։ Ան , ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,մեզ կը ճանչնայ ու կը սիրէ։ Գիտցէք ձեր հաւատացեալներուն ներշնչել այս վստահութիւնը, որպէսզի անոնք պահեն, պաշտպանեն ու հաղորդեն հաւատքը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Պրազիլի եպիսկոպոսները խրախուսեց օգնելու իրենց ժողովուրդը որպէսզի անոնք մօտէն ճանչնան եւ ապրին հաւատքի ուրախութիւնը, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը կապ հաստատելու հովիւներու եւ հաւատացեալներու միջեւ։

Իսկ Կիրակի օրը՝ կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Պետրոսի մէջ շնորհած Հռոմի թեմի 14 սարկաւագներու քահանայական կարգին վրայ։ Քահանայական խորհրուրդով Աստուած կը ցոլացնէ իր մօտիկութիւնը մարդոց, եւ իշխանութիւնը կու տայ քահանային , Աստուծոյ ողորմութիւնը հաղորդելու իր հաւատացեալներուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ որպէսզի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերահաստատուի արեւելեան Գիրկիզիտանին մէջ, յետ ծանր ու արիւնալի բախումներուն։ Զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ու տառապողներուն ,ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնն ու աղօթքը։ Կը հրաւիրեմ երկրի բոլոր ցեղախումբերը հրաժարելու բռնութենէն եւ միաժամանակ կը խնդրեմ միջազգային հասարակութենէն որ շուտափոյթ իր օգնութիւնները հասցնէ աղէտեալ ցեղախումբերուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ ՄԱԿը կիրակի 20 Յունիսին կը վերակոչէ գաղթականին համաշխարհային օրը, ուշադրութիւնը գրաւելու միջազգային հասարակութեան հայրենիքէն ու ընտանիքէն հեռացած գաղթականներու հարցերը։ Գաղթականները կը բաղձան գտնել հիւրընկալ երկրին մէջ հիւրընկալութիւն, արժանաւորութիւն ու հիմնական իրաւունքի ճանաչում։ Միաժամանակ գաղթականը պատրաստակամ է իր սատարը բերելու հիւրընկալող ընկերութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մատնանշելով որ օրուան ծիսակատարութիւնը կը յիշեցնէ թէ հաւատքը մտաւորական յարում մը չէ, այլ անհատական կապ մըն է Քրիստոսի հետ։ Աղօթքս է որ ապրիք միշտ որպէս Աստուծոյ որդիներ, հաւատարիմ մնալով մկրտութեան խոստումներուն։



Վատիկանի պետական քարտուղարին պատգամը ֆրանսայի ՜՜Վար՝՝ շրջանի ջրհեղեղի աղէտեալներուն։

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, պատգամ մը ուղղած է ֆրանսայի հարաւային շրջանի ջրհեղեղի աղէտեալներուն եւ մասնաւորապէս ՜՜Վար՝՝ շրջանի բնակիչներուն։ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հայցելով Ամենաողորմ Աստուծմէ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք եւ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ աղէտեալներուն, մաղթելով որ անոնք շուտափոյթ զօրակցութիւնը ընդունին իրենց եղբայրներէն։

Սուրբ Երկիր։ Երուսաղէմի Գարիթասի 2009ի հաշուետուութեան մէջ նշուած է թէ Պաղեստինեան հողամասերու վրայ 76 հազար հոգի օժանդակութիւն ընդունած է։

 
Պաղեստինեան հողամասի մէջ բնակող 35 հազար ընտանիքներ' զանազան կրօններու պատկանող' օժանդակութիւն ստացած են ''Գարիթաս Երուսաղէմէն''։ 2009-ի Ընկերային Ծրագիրին, որուն նպատակներէն է ՜՜ նպաստել աղքատ մարդոց ընկերատնտեսական իրավիճակի բարւոքումին՝՝ , մաս կազմած են գրեթէ 2000 նոր ընտանիքներ։

Կամաւորական հաստատութեան գործունէութիւնը' 18-30 տարեկան 600 երիտասարդ կամաւորներու մասնակցութեամբ, իր բարեսիրական օգնութեան ծրագիրը տարածած է պաղեստինեան բոլոր հողամասերու վրայ։

Պարտք դրամափոխութիւն շնորհուած է 97 անհատներու որոնցմէ 49 գործառու են։

Աւելի քան 50 ընտանիքներու երեցներուն գործ հայթայթուած է։

Գարիթաս Երուսաղէմի 2009-ի գործունէութեան մեծ մասը կեդրոնացաւ Կազայի անմիջական օգնութեան պահանջը լրացնելու։ Վեհանձն նուիրատուներու օժանդակութեամբ՝ 76,638 անհատի օգնութիւն տրուած է, ինչպէս. վրաններ, ուտեստեղէն եւ առողջապահական պիտոյքներ։

450 է աւելի դպրոցական աշակերտներ ֆինանսական օգնութիւն կը ստանան ՜՜Գարիթաս Երուսաղէմէն՝՝ իրենց տարեթոշակի ծախսերը հոգալու։

1967ին հիմնուած այս մարդասիրական կազմակերպութիւնը Անդրհորդանանի մէջ կը մատակարարէ երկու Բժշկական Կեդրոններ մին՝ Թայպէ վայրին մէջ որ կը ծառայէ 18 հազար հոգիի, իսկ միւսը՝ Ապուտ վայրին մէջ' 35 հազար հոգիի, իսկ երրորդ մըն ալ Կազայի մէջ' 80 հազար հոգիի կը ծառայէ։

Գարիթաս Երուսաղէմի կէտնպատակն է։ Աղքատներուն եւ անտեսուածներուն ընկերային վիճակը բարելաւել շնորհելով անոնց դիւրութիւններ բժշկական դարմանումներու, ֆինանսական օգնութիւններ ապահովել յարմար պայմաններով պարտք տրամադրելով, գործի առիթներ ստեղծել եւ մարդասիրական անմիջական օգնութիւն ապահովել։


Վատիկանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական խմբագրականը ''Մեքսիքոյի քարիւղի աղէտը'' նիւթին մասին։ 

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ խմբագրականին մէջ կ'անդրադառնայ Մեքսիքոյի Ծովախորշի քարիւղի աղէտին։ Երկու ամիսէ ի վեր, կը գրէ Հայր Լոմպարտի, քարիւղի անվերջ հոսքը կ'աղարտէ Մեքսիքեան ծովախորշը։ Այս աղէտի ծաւալին վնասները դժուաr է հասկնալ եւ սահմանել։

Մեր միտքը կու գան բնութեան ուրիշ մեծ աղէտներ ինչպէս 1984ի Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցած Պհոբալ Քիմէական գործարանի աղէտը, կամ 1986 Ուկրանիոյ Չերնօպիլի միջուկային աղէտը որոնք շատ մեծ թիւով զոհեր եւ վնասներ հասցուցին մարդկութեան։

Ինչ որ մեծ տպաւորութիւն կը թողու, այն անկարողութեան զգացումն է լուծումի մը հանգելու' ընկերութեան մը կողմէ ''Բրիտիշ Բեթրոլիում'' որ աշխարհի ամէնէն յառաջացած թէխնիքական միջոցներու տէր է եւ երկրի մը՝ ՜՜Ամերիկա՝՝ որ նկատուած է աշխարհի հզօրագոյնը։ Հոս չենք խօսիր հրաբուխի մը ժայթքումի հետեւանքներու մասին այլ պզտիկ ծակի մը բացուած մարդու ձեռքով եւ որ երկու ամիսէ ի վեր քով քովի բերած է մեծամեծ գիտնականներ եւ մասնագէտներ որ տակաւին վերջնական լուծում մը չկարողացան գտնել։

Արդեօք՞ պիտի գիտնանք դաս մը քաղել այս պատահածէն որպէսզի աւելի ուշադրութեամբ եւ հսկողութեամբ գործածենք բնութեան արտադրած կենսամիջոցները։

Եթէ այսպէս պարզ արտադրական ընթացք մը մեզ անկարողութեան կը մատնէ ինչ՞ պէտք է ընենք եթէ աւելի մեծ եւ վտանգաւոր աղէտներու սահմանափակման ճարը չկարենանք գտնել ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իրաւունք ունէր իր վերջին շրջաբերական թուղթը եզրափակելու շեշտը դնելով ''իշխանութեան եւ թեկնիքական միջոցներու պատասխանատու գործածութեան'' կարեւորութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.