2010-06-21 13:35:42

Լուրեր հայ աշխարհէն


Համազգայինի Անի պարախումբի ելոյթը։

Միացեալ Նահանգներ- Կազմակերպութեամբ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Լաս Վեկասի պետական համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարային ելոյթ՝ կատարողութեամբ Անի պարախումբին, հիմնադիր-ղեկավարներ՝ Եղիա Հաշոլեան եւ Սիւզի Դարբինեան։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լաս Վեկասի յոյն համայնքի պատանեաց պարախումբը՝ ներկայացնելով յունական ժողովրդային պարեր։ Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Անի պարախումբը՝ հայկական հպարտութիւն ու հոգեւոր ցնծութիւն առթելով ներկաներու հոգիներուն մէջ։

Աւարտին առաջնորդը իր գնահատանքի խօսքին մէջ մշտանորոգ կենսունակութիւն մաղթեց գաղութին ու պարախումբին։



Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան գրական երեկոյթը։

Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան (ՔՀԳՄ) գրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ յունիս 3-ին ։ ՔՀԳՄ նախագահ, բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան ներկայացուց օրուան հեղինակը եւ զեկուցաբերը։ Հեղինակային ելոյթ ունեցաւ արձակագիր Սամուէլ Մկրտչեան՝ իր ստեղծագործութիւններու ընթերցումով։ Ան եղած է նուիրուած, գործունեայ միութենական։ Հասարակական իր գործունէութեան զուգընթաց, ան հրապարակագրութեամբ եւ այլ գրութիւններով ճանչուած է Միջին Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հեղինակած է երեք հատորներ։

Գրական զեկուցում ներկայացուց արձակագիր, Նոր Հայաստան օրաթերթի խմբագրապետ Վահան Վահանեան։ Գրական արժեւորումով ելոյթ ունեցան՝ արձակագիր Պօղոս Լագիսեան, բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, արձակագիր Ռ Կորիւն, գրող Մարինէ Տօնոյեան։ Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը։

ֆրանսացի գրող Ժիլպէր Սինուէյի Երեւան գիրքի պուլկարերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։
Պուլկարիա - Վերջերս Պլովդիվի Տրակարտ մշակութային համալիրի ցուցասրահէն ներս կայացաւ վերջերս Սոֆիայի մէջ հրատարակուած՝ ֆրանսացի գրող Ժիլպէր Սինուէյի Երեւան գիրքի պուլկարերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։Գիրքը փաստավերագրական վէպ է, ուր հեղինակը ականատեսներու վկայութիւններու եւ պատմական փաստերու հիման վրայ կանդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան։

Երեւան - Թատերական քննադատներու միջազգային միութեան (IATC) հերթական համաժողովը կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, թէեւ Հայաստանը կազմակերպութեան անդամ չէ։ Կազմակերպութեան 25-րդ համաժողովը կը տեւէ 5-օրեր որուն ընթացքին կը քննարկուին ժամանակակից թատերարուեստի խնդիրները։ Բացի այդ, աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած 65 հեղինակաւոր թատերագէտներն ու թատերական քննադատները կազմակերպութեան նախագահ, քորէացի փրոֆեսոր Եան-Չեոլ Կիմի գլխաւորութեամբ, ամէն օր երեկոյեան 2-ական բեմադրութիւն կը դիտեն Հայաստանի թատրոններուն մէջ եւ իրենց կարծիքն ու գնահատականը պիտի տան հայ թատրոնի մասին։ Կարծիքներն ու խոհերը, նաեւ խորհուրդները պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.