2010-06-20 13:32:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայական ձեռնադրութեան պատարագը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայական ձեռնադրութեան պատարագը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։



Կիրակի յունիս 20, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը քահանայական ձեռնադրութեան համապատարագ մատուցեց մասնակցութեամբ Հռոմի թեմի տեղապահ կարտինալի, եպիսկոպոսներու ու քահանանաերու։

Ս. Զոհին աւարտին Նորին Սրբութիւնը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ս. Գրային ընթերցումէն ետք, Սրբազան հայրը քարոզ մը ուղղեց յայտնելով իր ուրախութիւնը իր թեմէն ներս ընդունելու նոր 14 քահանաներ։

Հռոմի Եկեղեցին այսօր Ս. Պետրոս տաճարը համախմբուած է գոհութիւն մատուցանելու Աստուծոյ եւ ձեզի համար աղօթելու։ Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ յոյսեր դրած է ձեր վրայ։ Եկեղեցին ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կարիքը ունի որպէսզի առաջնորդէք մարդիկը Քրիստոսի` միակ ու տիեզերական փրկիչը աշխարհի, Իրմէ ընդունելու նոր եւ յաւիտենական կեանքը, ճշմարիտ ազատութիւնը ու կատարեալ ուրախութիւնը։ Հետեւաբար, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ամէնքս կը մասնակցինք ձեր այս քահանայական ձեռնադրութեան։

Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը յայտնէ թէ ո՞վ է Յիսուս։ Իր աշակերտներուն հարցնելով թէ ամբոխը ինչ կը մտածէ իր մասին, Պետրոս` 12-ին անունով կը պատասխանէ. ''Դուն Աստուծոյ օծեալն ես''։ Պետրոսի այս դաւանումէն անմիջապէս ետք, Յիսուս կը խօսի իր չարչարանքի, մահուան ու յարութեան մասին, եւ իր աշակերտներուն կը մատնանշէ ճանապարհը որուն վրայ պէտք են քալել` խաչի ճանապարհը։

Արդարեւ դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, Յիսուսի աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ ինքզինք ուրանալ, առնել իր խաչը ու Յիսուսի ետեւէն քալել։ Քահանայութիւնը կը հիմնուի Աստուծոյ կամքը կատարելու քաջութեան վրայ։ Քահանայական ձեռնադրութեամբ դուք կը գլխաւորէք Աստուծոյ սեղանը, ձեզի յանձնուած է Քրիստոսի փրկարար զոհը։ Երբ Ս. Զոհը կը մատուցանենք մեր ձեռքին մէջ ունինք Երկինքէն եկած հացը, Աստուծոյ հացը` որ է Քրիստոս, ցորենի հատիկ մը փշրուած բազմութեան համար։

Սիրելիներ` քահանայական ձեռնադրութեամբ դուք սերտօրէն կապուած պիտի մնանք Ս. Հաղորդութեան, Յիսուսի նման կանչուած էք սիրելու մինչեւ վերջ, նոյնիսկ ձեր անձին նուիրումով` զոհաբերումով։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ճանապարհը որ ցոյց կու տայ այսօրուան Աւետարանը, ճանապարհն է ձեր հոգեւորութեան ու հովուական գործին։ Այս է ապահով ճանապարհը որ ձեզի պիտի հաղորդէ ճշմարիտ ուրախութիւնը։ Մարիամ` Աստուծոյ աղախինը, որ իր կամքը համակերպեց Աստուծոյ կամքին, Քրիստոսը իրմով մարդացաւ, Անոր ետեւէն քալեց մինչեւ խաչը` սիրոյ գերագոյն զոհաբլերումը, թող ընկերանայ ձեր կեանքի բոլոր օրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.