2010-06-20 09:53:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ յունիս 19, ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

- Կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

- Գերապայծառ Վելազիօ տէ Բաուլիս` նախագահը Ս. Աթոռի տնտեսական խորհուրդին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի արեւելեան շրջանի եպիսկոպոսները, թիւով 35հոգի։

Անոնց ուղղած ճառով, Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս ընդգծեց հարկաւորութիւնը լաւ պատրաստելու ծիսակատարութիւնները, որ ուրիշ բան չեն եթէ ոչ ցոլցումը Աստուածայայտնութեան խորհուրդին։ Նոյնպէս ընդծեց հարկաւորութիւնը որ Աստուծոյ ժողովուրդը գործօն դեր ունենայ ծիսակատարութեան մէջ որպէսզի ամէնքս` եկեղեցականը թէ հաւատացեալը մեր սատարը բերենք եկեղեցւոյ շինութեան ու պայծառութեան։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Վատիկանի արտգոծ նախարարի մասնակցութիւնը Գուպայի կաթոպիկէ ընկերային 10րդ շաբաթուան։

Գերապայծառ Մանբերթին ներկայիս Գուպա կը գտնուի մասնակցելու Գուպայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային 10-րդ շաբաթուայ ժողովին։ Իր բացման զեկուցումին մէջ, Վատիկանի դիւանագէտը ներկաներէն խնդրեց շփոթութիւն չստեղծել աշխարհականացումի ու կրօնի միջեւ, աշխարհականացումի ու կրօնական ազատութեան իրաւունքի միջեւ, որպէսզի պետութիւնը իր կարգին չդառնայ աշխարհիկ կրօնք մը։

Յայտնենք թէ Վատիկանի Արտգործ նախարարը յունիս 15-20 Գուպա կը մնայ։ Ան արդէն հանդիպում ունեցաւ անոր պաշտօնակիցին եւ նախագահ Ռաուլ Գասդրոյին հետ։

Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի մասունքները Հարաւային Ափրիկէի մէջ։

Եուհաննէսպուրկ – Յառաջիկայ յունիս 27ին Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի մասունքները Հարաւային Ափրիկէ կը հասնին, հաղորդագրած են հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդը, մատնանշելով թէ նախաձռնութիւնը գործն է Եուհաննէսպուրկի կաթողիկէ երիտասարդներու, որոնց կեանքն ու ներգործութիւնը ներշնչուած են Սրբուհի Թերեզային Մանուկ Յիսուսի հոգեւորութենէն։ Սրբուհի Թերեզային մասունքները յունիս 28ին Եուհաննէսպուրկ կը հասնին ապա շրջանը պիտի կատարեն Հարաւային Ափրիկէի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ մինչեւ հոկտեմբեր ամիսը։ Եպիսկոպոսները կը յուսան Սրբուհիին մասունքները պիտի ներշնչեն անհատները ու ամրապնդեն անոնց հաւատքը եւ մարտահրաւէր պիտի ըլլան հետեւելու եւ ապրելու սրբուհիին հաւատքն ու քրիստոնեական կոչումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.