2010-06-19 12:55:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին։ Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփոքի (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ։ Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանի վերաբերող հարցեր։
ԸՍՏ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՄԵՏՎԵՏԵՒ - ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆՑԱՒ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 17 յունիսին Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Մետվետեւ - Սարգսեան - Ալիեւ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ եռակողմանի հանդիպումը անցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Կողմերը արձանագրեցին նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքները եւ համաձայնեցան բանակցութիւնները շարունակել անոնց հիման վրայ։ Ըստ անոր՝ նախագահները արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են շփումները շարունակել։ Նախարարը տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Յուլիսի սկիզբը շրջան պիտի այցելեն։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄՆ ՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ։
15-16 Յունիս Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արաբական Լիկայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով Արաբական Լիկայի պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի եւ արաբական-եւրոպական համագործակցութեան վարչութեան պետ Ֆարիս Ապտել Քարիմի, աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի հետ։
ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ «ԱԿ ՕՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ։ PanArmenian.net լրատուական կայքէջը վկայակոչելով թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ Ակօս շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ստանձնած է 32-ամեայ Ռոպեր Քոփթաշ, որ թերթին մէջ կաշխատէր իբրեւ յօդուածագիր։ Նախկին գլխաւորյ այտնի խմբագիր Էթիեն Մահչուպեան պիտի ստանձնէ հրատարակչութեան խորհրդատուի պաշտօնը։ Էթիեն Մահչուպեան երկար ժամանակ աշխատած է Հրանդ Տինքի հետ, իսկ 19 Յունուար 2007-ին Տինքի սպանութենէն ետք Տինքի ընտանիքին համաձայնութեամբ դարձած է Ակօս շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր։ Ան կը յայտնէ, որ թերթը հաւատարիմ կը մնայ Հրանդ Տինքի գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն։
Հրանդ Տինքի հիմնած Ակօս շաբաթաթերթի առաջին թիւը լոյս տեսած է 5 ապրիլ 1996-ին։
ՀՐԵԱՅ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ։
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ հերթական բողոքի ցոյցը։ Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած են մասնաւորաբար Ֆրանսայէն ներգաղթած հրեաները։ Ցուցարարները պարզած են ՝՝Էրտողանը, Նասրալլան եւ Ահմատինեժատը նոյն աւազակախումբն են՝՝ եւ ՝՝Էրտողա՛ն, հայերու թափած արիւնը մի՛ մոռնար (գրութեամբ պաստառներ) ։ Նշենք, որ ՝՝Ազատութեան նաւատորմիղին՝՝ հետ պատահած միջադէպէն ետք Իսրայէլի մէջ պարբերաբար կը կատարուին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին Անգարային յիշեցում կը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷԿ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԵՐՈՍԻ ՄԱՀՈՒՈՎ։
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով հերոսի մահով զոհուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի շարքային զինուոր Անուշաւան Կիրակոսեան։
ԹՈՒՐՔԻԱ
Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան Հաքքարի-Շէմտինլի շրջանին մէջ ՔԱԿ-ի մէկ յարձակումին պատճառով թուրք 8 զինուորներ սպաննուած են ,իսկ 14 ուրիշներ վիրաւորուած։ Սպաննուած են նաեւ ՔԱԿ-ի 12 զինեալները։







All the contents on this site are copyrighted ©.