2010-06-17 11:57:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութեան հովուական այցելութիւնը Իտալիոյ Սուլմոնիա թեմին։

Յառաջիկայ 4 յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Սուլմոնա թեմը։ Այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ Հռոմէն մեկնում առաւօտեան ժամը 8.30ին։ 9.20ին քահանայապետական ինքնաթիռը վայրէջք կը կատարէ Սուլմոնա մարզադաշտը, կարիպալտիի անուան հրապարակի վրայ Սրբազան Հայրը կ'ընդունի քաղաքապետի եւ տեղւոյն առաջնորդի ողջոյնը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ կը մատուցանէ։

ժամը 13.15ին Նորին Սրբութիւնը կը ճաշէ Ապրուցօ մարզի եպիսկոպոսներուն հետ թեմի քահանայական տան հովուական կեդրոնին մէջ։

Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը նախ հանդիպում կ'ունենայ, սոյն այցելութիւնը պատրաստողներու հետ, ապա ժամը 17-ին նախատեսուած է հանդիպում՝ քաղաքի երիտասարդներու հետ Սուլմոնա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն կը յաջորդէ աղօթքի պահ մը ՜՜Բանֆիլօ եւ Չելեսդինօ՝՝ի սուրբ մասունքներու առջեւ։

Երեկոյեան Սրբազան Հայրը ետ դարձ կը կատարէ դէպի Վատիկան։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Հռոմ - Գաղթականներու եւ փախստականներու աղօթքի հանդիպում

Վատիկանի գաղթականութեան եւ փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը հինգշաբթի յունիս 17ին կազմակերպած է աղօթքի հանդիպում Հռոմի Թրասդեվերէի պատմական թաղամասի Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ ի յիշատակ բոլոր այն փախստականներուն որոնք մահացան մինչ կը ճամբորդէին դէպի Եւրոպա։ Աղօթքի հաւաքին բնաբանն է ''Յոյսով մեռնիլ''։ Արարողութեան կը մասնակցին Ասդալլի կեդրոնը, բողոքական եկեղեցւոյ դաշնակցութիւնը եւ ՍանդԷճիտիօ եղբայրակցութիւնը։



Ս. Երկրի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հաւաքը` կրօնի մարգարէական դերը նիւթին մասին։

Կրօնքը էական տարր մը պէտք է հանդիսանայ լուծելու տասնամեակներէ ի վեր գոյատեւող ընդհարումը արաբներու եւ հրեաներու միջեւ, կը յայտարարեն Երուսաղէմի կրօններու ներկայացուցիչները, յարելով թէ Կրօնքը պէտք է ըլլայ մարգարէական, նաեւ միջոց՝ հաշտութեան ու խաղաղութեան հաստատումին։

Լիւտերական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը` գերապայծառ Մունիպ Եունան իր կարգին ըսաւ թէ կրօնքը պէտք է իր դրական դերը ունենայ ու աշխատի սահմանափակել հրեայ, քրիստոնեայ եւ մահմետական ծայռայեղ խումբերը։



Սրբազան Քահանայապետը այս տարուայ ամառնային արձակուրդը պիտի անցընէ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը որոշած է այս տարուայ յուլիս ամսուայ ամառնային արձակուրդը անցընել Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը ուր պիտի փոխադրուի 7 յուլիսի յետ միջօրէին եւ պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբը։ Արձակուրդի այս շրջանի ընթացքին, 5 սեպտեմբերին՝ Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի մօտ Գարբինեթօ Ռոմանօ վայրը իսկ 16 էն 19 սեպտեմբեր, նախատեսուած է առաքելական ճամբորդութիւն մը դէպի Սկովտիայ եւ Անգլիայ։



Արեւելեան եկեղեցիներու երկիրներու բարեսիրական մարմնի տարեկան ժողովը



Հռոմի մէջ, 21 էն 25 յունիս 2010, տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան եկեղեցիներու երկիրներու բարեսիրական մարմնի տարեկան ժողովը որ այս տարի յատուկ կերպով պիտի ուսումնասիրէ միջին արեւելքի եկեղեցիներու եւ քրիտոնեայ հաւատացեալներու կարիքները, ի տես Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ գումարուած՝ յատուկ սիւնհոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան յառաջիկայ 10-24 հոկտեմբերին, նիւթ ունենալով՝ ''կաթողիկէ եկեղեցին միջին արեւելքի մէջ''։

Ժողովը պիտի նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու երկիրներու բարեսիրական մարմնի նախագահը' Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, մասնակցութեամբ՝ Երուսաղէմի առաքելական նուիրակ ' Գերապայծառ Անթոնիօ Փրանգոյի եւ Սուրբ Երկրի ֆրանչիսկեան պահակ՝ Հայր Փիէրպադիսդա Փիցցապելլային։








All the contents on this site are copyrighted ©.