2010-06-17 12:00:53

Լուրեր Հայ Աշխարհէն


Հայ Կնոջ տարուան նուիրուած ձեռնարկ։
Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Հայ կնոջ տարուան առիթով կեանքի կոչուած յանձնախումբին, յունիսին սկիզբը Ս Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ։

Բացման խօսքը արտասանեց Արաքս Բեգիջանեան, որ նշեց թէ այս ձեռնարկը կազմակերպած են, ընդառաջելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի ՜՜Կնոջ տարի՝՝ հռչակելուն։

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Ս. Սարգիս եւ Ս Վարդանանց եկեղեցիներու երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ՝ Կարինէ Մուրատեանի։

Սրբազանը խօսելով հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան մասին՝ հաստատեց, որ այդ մէկը եղած է ճակատագրական, պատմական եւ նշանակալից։

Հայ կինը եղած է հայ ընտանիքի առանցքը, տիպար դաստիարակը մեր զաւակներուն եւ նոր սերունդին, եւ անոր համար ՜՜հայ կնոջը վերապահուած դերը՝՝ միշտ գնահատուած է, եւ այս պատճառով Արամ Ա կաթողիկոս 2010 տարին հռչակած է Հայ կնոջ տարի, որպէսզի հայ ժողովուրդը իր գիտակցութեան մէջ անգամ մը եւս վերակենդանացնէ պատկերը եւ տիպարը հայ կնոջ եւ իր մտածումներու առանցքը դարձնէ հայ կնոջ դերն ու տեղը, առաքելութիւնը՝ տան, եկեղեցւոյ, հասարակութեան եւ հայրենիքի մէջ։



Երեւան - Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու հաւաք։
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ 2010ի Սեպտեմբեր 20-22-ը Երեւանի մէջ կը կազմակերպուի Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու հաւաք, ունենալով որպէս նպատակ՝ քննարկել ՀՀ ԲՈՒՀերու սփիւռքահայ շրջանաւարտներուն դերը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ եւ ստեղծել սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համահայկական ընկերակցութիւն։ Կը նախատեսւուի հաւաքի մասնակիցներու այցելութիւններ ՀՀ ԲՈՒՀ-եր, ուր կը կազմակերպուին հանդիպումներ, դասախօսութիւններ եւ սեմինարներ։
Սոյն հաւաքին հրաւիրուած են ԲՈՒՀ-երու բոլոր սփիւռքահայ շրջանաւարտները, լրացուցիչ տեղեկութիւններ կարող էք ստանալ այցելելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը ։
Ազգային մշակոյթներու հանրապետական 8-րդ փառատօնը- Պիելոռուսիա։

Պիելոռուսիոյ Կրոտնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային մշակոյթներու հանրապետական 8-րդ փառատօնը։

Եռօրեայ փառատօնի ընթացքին ամենաբարձր գնահատականի արժանացան հայկական պարի, կենցաղի ներկայացումները, խոհանոցը, որուն շնորհիւ հայկական տաղաւարը հռչակուեցաւ իբրեւ լաւագոյնը։

Փառատօնի հանդիսաւոր բացման մասնակցեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Կրոտնոյի մարզ ժամանած Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Խաչատրեան, որ Կրոտնոյի մարզպետ Սեմիոն Շափիրոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատեց Պիելոռուսիոյ մէջ բնակող ազգութիւններու համերաշխ գոյակցութիւնը, երկրի իշխանութիւններուն կողմէ Պիելոռուսահայութեան նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ եւ ուշադիր վերաբերմունքը։

Հայաստանի դեսպանը եւ մարզպետը քննարկեցին նաեւ հայ-պիելոռուսական ապակեդրոնացուած, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի եւ Պիելոռուսիոյ Կրոտնոյի մարզին միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման հետ կապուած հարցեր։

Հանդիպելով Կրոտնոյի հայ համայնքին հետ՝ դեսպան Խաչատրեան տեղեկացուց Հայաստանի ներքաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններուն, արտաքին քաղաքականութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ անոնց լուծումին մասին։Հայաստանի դեսպանը շեշտեց կարեւորութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերու առաւել ընդլայնման եւ խորացման գործընթացի շրջանակներուն մէջ պիելոռուսահայ համայնքի ներգրաւուածութեան եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.