2010-06-16 14:01:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։

Նորին Սրբութեան Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 16 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն համախմբուած՝ Ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Քահանայապետը, այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Թովմաս Ագուինացիի վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Շարունակելով իմ խորհրդածութիւնը Միջին Դարու մեծ աստուածաբաններու մասին այսօր պիտի խօսիմ Ս. Թովմաս Ագուինացիի մասին, որ կոչուած է ''Հրեշտակային Վարդապետ'' իր մտածողութեան գերազանցութեան, յստակութեան ու սրբակեանց կեանքին համար։

Թովմաս ծնած էր 1224-ին Իտալիոյ Ագուինօ շրջանը։ Փոքր հասակին կը բաղձար տոմենիքեան կրօնաւոր դառնալ։ Եղաւ աշակերտը Ալպերթոս Մեծ Սուրբին, որ յետագային դարձաւ իր մտերիմ բարեկամը։

Ս. Թովմասի համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ճշմարտութիւնը մատչելի է մարդկային տրամաբանութեան միջոցաւ։ Հաւատքի նման, տրամաբանութիւնը կը ծորի միակ ճշմարիտ աղբիւրէն` ՜՜աստուածային ԲԱՆ՝՝էն։ Տրամաբանութիւնը կ`ընկալէ ճշմարտութիւն մը յանուն անոր բուն բացայայտութենէն, մինչ հաւատքը` ճշմարտութիւն մը կ'ընդունի Աստուծոյ խօսքին հիման վրայ։

Ս. Թովմասին համար տրամաբանութիւնը կարող է երրեակ ծառայութիւն մատուցանել հաւատքին. ՜՜փաստել ճշմարտութեան հիմերը, բացայատել զայն ու մերժել բոլոր անոր դէմ յարուցուող փաստարկութիւնները՝՝։

Ս. Թովմաս կը հաստատէ թէ կրօնաւորական լեզուն նման է նետի մը որ կ'ուղղուի դէպի իմաստաւորուած իրականութիւն։ Այլ կերպով, ան աստուածային շնորհքը չի ջնջեր, այլ կ'ենթադրէ եւ կը կատարելագործէ մարդկային բնութիւնը, եւ այսպէս, ցոյց կու տայ գոյացող ներդաշնակութիւնը հաւատքի ու տրամաբանութեան միջեւ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, Ս. Հոգւոյն օրէնքի վրայ հիմնուելով, Ս. Թովմասի բարոյական աստուածաբանութիւնը այժմէական է։ Բոլոր մարդկութիւնը կանչուած է ճանչնալու մարդկային բնութեան պահանջները, արձանագրուած՝ բնական օրէնքին մէջ եւ անկէ ներշնչուելով բանաձեւելու դրական օրէնքներ որ կը ղեկավարեն կեանքը ընկերութեան մէջ։

Ս. Թովմասի խոր մտածողութիւնը յառաջ կու գայ անոր խորաթափանձ ողջ հաւատքէն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. աղօթքս է որ Ս. Թովմասի նման կարողանանք աղերսել. ՜՜Տէր տուր ինծի կամք մը՝ քեզ փնտռելու՝ իմաստութիւնը Քեզ կը գտնելու, կեանք մը՝ որ Քեզի հաճելի ըլլայ, յարատեւութիւն մը՝ որ վստահութեամբ սպասէ Քեզ եւ վստահութիւն մը՝ որ ի վիճակի է Քեզ ունենալու։



Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն որպէսզի կարենան ճանչնալ ճշմարիտ դիմագիծը Տիրոջ ու զայն սիրեն ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք մօտենալու ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան՝՝ որ ճշմարիտ սնունդն է մեր հոգեւոր կեանքին։

Թող Տէրը առաջնորդը ըլլայ ձեր կեանքին եւ սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պիտի Գլխաւորէ 14 Նոր Քահանաներու Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը։

Յառաջիկայ 20 յունիսին առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ 14 նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը։ Ապագայ Քահանաները կը պատկանին Հռոմի Թեմին, անոնցմէ 10-ը բնիկ իտալացի են իսկ միւսները Հնդիկ, Ճաբոնցի, Գերմանացի եւ Չիլիի հանրապետութենէն ։ Համապատարագին պիտի մասնակցին Կարտինալ Ակոսդինօ Վիլլանին Հռոմի Թեմի Տեղապահը, եպիսկոպոսներ ու նաեւ նորընծայարաններու եւ ժողովրդապետութիւններու պատասխանատուներ։



Գերապայծառ Մամպերդի Վատիկանի Արտգործ Նախարարը կ'այցելէ Գուպան։

Վատիկանի արտգործ Նախարարը Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդի, 15 – 20 յունիս Գուպայի մայրաքաղաք Հավանայի մէջ կըը մասնակցի Կաթողիկէ ընկերային շաբաթուայ 10 րդ ծրագրին։ Բացման արարողութեան որ տեղի կ'ունենայ 16 յունիսին Կարտինալը պիտի խօսի '' պետութիւն եւ աշխարականութիւն'' նիւթին մասին։ Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Մամպերդին հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակիցին հետ։ Այս այցելութիւնը կը զուգադիպի նաեւ Սուրբ Աթոռի Եւ Գուպայի միջեւ հաստատուած կապերու 75 ամեակին եւ այս առիթով մեծ հաւանութիւն կայ որ Կարտինալ Մամպերդին պիտի կարենայ տեսակցիլ Նախագահ Ռաուլ Գաստրոյի հետ։



Բացում Հռոմի Թեմական Եկեղեցական Համաժողովին։

Երեքշաբթի 15 յունիս 2010, երեկոյեան ժամը 19,30-ին Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննու Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Հռոմի Թեմական Եկեղեցական Համագումարի բացման արարողութիւնը որուն նիւթն է ''Կիրակնօրեայ Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ ողորմութեան վկայութիւնը'' ։



Քահանայապետական Խորհուրդի Եւ Օրէնսդրական Գրութիւնները Մեկնաբանելու Նոր Ենթաքարտուղարի Անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլցի Գերապայծառ Խօսէ Աբարէսիտօ Կոնզալէս տէ Ալմէյտան անուանուած է որպէս Քահանայապետական օրէնսդրական գրութիւնները մեկնաբանելու խորհուրդի Նոր ենթաքարտուղար։ Գերապայծառ Ալմէյտան տարիներէ ի վեր արդէն կը պաշտօնավարէր սոյն խորհուրդի իբրեւ անդամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.