2010-06-16 14:13:03

Լուրեր հայկական կեանքէն


Իտալիա- Հռոմահայերու Տարեկան Ակաբը

Նախքան ամառուայ արձակուրդը, հռոմահայերը իրար զիրար ողջունեցին գեղեցիկ եւ ուրախ հայկական օր մը անցնելով կիրակի 13 Յունիս 2010-ին, նախաձեռնութեամբ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդին։

Ժամը 11-ին սկիզբ առաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ պատարագը՝ զոր մատոյց եւ քարոզեց Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան։

Պատարագէն ետք, Հռոմի հայ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագիտուհիներ Տիանա Գաբրիէլեան եւ Վերոնիքա Խիզանիշվիլի, հրամցուցին դասական երաժշտութիւն դաշնամուրի եւ սրինգի վրայ, որմէ ետք ալ ներկաները (մեծ թիւով) ուղղուեցան Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի ներքնաբակը ուր պատրաստուած էր ճոխ սեղաններ հայկական համադամներով։

Օրը աւելի հաճելի դարձուցին Մալոյեան մշակութային կեդրոնի նորաստեղծ նուագախումբը որ լսելի ըրաւ հայկական ժողովրդական երգեր ու պարերգներ որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները։

Ուշ յետմիջօրէին՝ ներկաները բոլորը հրաժեշտ առին, դարձեալ մէկտեղուելու յոյսով Սեպտեմբերին, նորանոր ձեռնարկներով՝ միշտ բարձր պահելու՝ հայ անունը, մշակոյթն ու պատմութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու՝ ՜՜Հայ ինքնութեան՝՝։



Վրաստան- Թիֆլիսի Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար՝ 27 հազար տոլար։

Վրաստանի յուշարձաններու պահպանման եւ մարմնակրթական նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեան Վրաստանի պետական պիւտճէէն կը յատկացուի 26,790 ամերիկեան տոլար՝ Թիֆլիսի Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման նախագծային-նախահաշուային փաստաթուղթերու ծրարի պատրաստութեան համար։ Ըստ Նոյեան տապան լրատու գործակալութեան նախագիծի ծրարին նախապատրաստութեան որպէս խորհրդատու՝ պիտի մասնակցին նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն։



Արժանթին- Պուէնոս Այրէսի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը պատմական յուշարձան հռչակուեցաւ

Արժանթինի մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինը միաձայն քուէարկեց հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը պատմական յուշարձան հռչակելու մասին դիմումը։

Յիշեցնենք որ՝ շաբաթներ առաջ, ընդառաջելով արժանթինահայ համայնքի դիմումին Պուէնոս Այրէսի իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարած էին ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի կիսանդրիի տեղադրման մասին որոշումը, ինչ որ դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացուցած էր թրքական շրջանակներուն մօտ եւ Էրտողան նոյնիսկ ջնջած էր իր այցելութիւնը Արժանթին։

Երկրէն ներս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեան Ազատութիւն ռատիոկայանին խօսելով, յայտնած էր. ՜՜ Մեզ համար [այս որոշումը] կարեւոր է, որովհետեւ յայտնի է թէ համայնքը կարող է իր ձայնը տեղ հասցնել։ Պատմական յուշարձան դարձնելով՝ մայր տաճարը իր արժանաւոր տեղն է ունենում՝՝ըսած էր ան նշելով որ 1938ին օծուած տաճարը պիտի ընդգրկուի մշակութային կարեւոր կոթողներու ցանկին։



Նոր տարին նշուեցաւ Յունիս 14-ին Արագածի ստորոտին։

Արդէն չորրորդ տարին է՝ որ խումբ մը հայ հայրենասէրներ կը համախմբուին Արագածի ստորոտին Յունիս 14-ը նշելու համար որպէս հին տոմարի Նոր տարին։ Տոմարագէտ աստղագէտ Գրիգոր Բրուտեան յայտնած է ՜՜ Մենք պէտք է գտնենք մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու համար լծակներ։ Եւ այդ լծակներից մէկն է վերադարձը մեր արմատներին՝՝։

Մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունումը՝ հայ ժողովուրդը Նոր տարին կը նշէր Յունիս 14-ին։

Ներկայացնելով տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները՝ ան ըսաւ ՜՜Այդ օրը կը կազմակերպուեն խաղեր, պարեր, ծիսական հանդիսութիւններ։ Իսկ օրուայ ծիսական կերակուրն է աւանդական հարիսան։



15 Յունիս՝՝ Հայոց Պետական Դրօշի՝ Եռագոյնի Օրը ։

Հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներով վերջերս ու բազմիցս հաղորդուած լուրերու համաձայն՝ Յունիս 15ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իբրեւ պաշտօնական տօն կը նշուի Հայոց Պետական Դրօշի Օրը։

Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ՜՜Մենք Մեր Մասին՝՝ անունով ամսագրի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.