2010-06-15 16:04:54

Լուրեր հայ գաղութներէն


Նատիա Բասքուալէի ''Հայաստան եւ Ղարաբաղ, վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ '' ճամբորդական ուղեգիրքի ներկայացումը Հռոմի մէջ։

Նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին, Ուրբաթ 8 Յունիս 2010 ին երեկոյեան ժամը 6.30-ին տեղի ունեցաւ ծագումով հայ իտալացի

Նատիա Բասքուալէի ''Հայաստան եւ Ղարաբաղ, վանքեր ու լեռներ մետաքսէ ճանապարհի վրայ '' ճամբորդական ուղեգիրքի ներկայացումը։

Ներկաները ողջունեց Հռոմահայոց Խորհուրդի փոխ ատենապետը տիար Ռոպէր Աթթարեան ապա հրաւիրեց խօսք առնելու, Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Տիգրան Սամուէլեանը որ իր գնահատանքի խօսքին մէջ վեր առաւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի գործունէութիւնները եւ յատկապէս օրուան նախաձեռնութիւնը, ճանչցնելու՝ իտալացի բարեկամներուն Հայաստանը իր մշակոյթով եւ պատմութեամբ, Նատիա Բասքուալէի հատորի միջոցաւ ու պատշաճ կերպով ծանօթացնելու՝ նոր ուղեգիրքն ու անոր հեղինակը։

Ապա խօսք առաւ իտալացի լրագրող եւ գրող ու նաեւ հայերու մեծ բարեկամ տիկ. ֆլավիա Ամապիլէ որ նշեց յատկապէս մեծ աշխատանքը որ կը պահանջէ ուղեգիրք մը պատրաստելու գործը, որը յաճախ գրական տեսակի Բ. կարգի կը դասուի, սակայն ինքնին բարդ աշխատանք մըն է քանի որ կը պահանջէ լուրջ հետազօտութիւններ եւ ստուգումներ։

՜՜Աղթամար՝՝ պարբերթերթի պատասխանատու՝ տիար էմանուէլէ Ալիպրանտի իր կարգին անդրադառնալէ ետք ճանապարհորդի եւ զբօսաշրջիկի տարբերութեան ու տարբեր պահանջներուն, ընդգծեց հատորին բազմաթիւ առաւելութիւններուն շարքին Լեռնային Ղարաբաղի ներմուծման կարեւորութիւնը, նշենք որ առաջին անգամն է որ նման ուղեգիրք մը լոյս կը տեսնէ իտալերէնով Հայաստանի մասին որը նաեւ կը ներփակէ Լեռնային Ղարաբաղը։

Ապա խօսք առաւ հատորին հեղինակը Նատիա Բասքուալ որ խօսեցաւ ուղեգիրքի պատրաստութեան պատճառներուն ու գործընթացքին մասին։ Նախապէս ան անդրադարձաւ թէ ինչպէս ծանօթացաւ իր հայկական ծագումին. հոս յիշենք թէ Նատիա 2007-ին առաջին անգամ այցելած էր Հայաստանը, համագործակցելու Հայաստանի Զբօսարշրջիկային Հիմնարկին հետ, ունենալով որպէս նպատակակէտ ՝Հայաստանը ճանչցնել Իտալիոյ մէջ, յատկապէս զբօսաշրջութեան գործիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն։

Հակառակ Յունուարեան ցուրտ ձմեռուան, (ըսաւ Նատիա Բասքուալէ) տաքուկ մթնոլորտ ստեղծեցին իմ շուրջ ժողովուրդին ջերմ զգացումները ինծի հանդէպ ինծի, հմայուած՝ հայերու հիւրասիրութենէն ու երկրի գեղեցկութենէն ինքզինքս շատ մօտ զգացած էի հայերուն։ Իտալիա վերադարձիս, հարցուցի մօրս թէ ինչո՞ւ իր մականունը ԵԱՆով կը վերջանայ, հայերու մեծամասնութեան նման, թէ արդեօ՞ք մենք հայկական ծագում ունէինք) եւ այսպէս է որ ՜՜գիտցայ՝՝ մօրս հայ ըլլալը ։

Հուսկ խօսք առաւ Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի մեծաւոր գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան որ գնահատեց հեղինակին գործը որ պարզ ուղեգիրք մը չէ, այլ՝ գոհացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանձող արժէքաւոր հատոր մը։ Գերյարգելի վարդապետը նաեւ թելադրեց որ առձեռն գրքոյկ մը պատրաստուի հայերէն բառերու կամ նախադասութիւններու, դիւրացնելու համար զբօսաշրջիկն կամ ճանապարհորդողը հաղորդակցելու Հայաստանի մէջ։

Աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան Հայկական վայրերուն առաւել ծանօթանալու Կունթէր Բարիպոնիի շատ հաճելի վաւերագրական տեսերիզի միջոցաւ։ Պատրաստուած էր նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, Մալոյեան մշակութային կեդրոնի ՜՜Զարթօնք՝՝ յանձնախումբի կողմէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.