2010-06-15 13:37:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ»
Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թիֆլիսի մէջ վրացի իր պաշտօնակից Կրիկոլ Վաշածէի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան Թուրքիայէն յարաբերութիւններու կարգաւորման իսկական պատրաստակամութիւն կը սպասէ։ Ան ընդգծեց, որ Անգարա նախապայմաններով կը խօսէր, ինչ որ պատճառ դարձաւ արձանագրութիւններու վաւերացման կասեցման։

ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ ։
Պելճիքայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկողները ապշեցուցիչ յաղթանակ մը պարգեւեցին ֆլաման անջատողական կուսակցութեան մը, որը կուզէ թէ երկրին հոլլանտախօս ու ֆրանսախօս հատուածները վերջ տան տարիներու լեզուական դառն վէճերուն եւ կամ իւրաքանչիւրը իր ճամբով ընթանայ եւ Պելճիքան մասնատուի։ Նոր ֆլաման դաշինքը ապահովելով 27 աթոռներ վերածուեցաւ երկրին մեծագոյն կուսակցութեան։ Ընտրութեան արդիւնքը զգուշացում մըն է ֆրանսախօս քաղաքագէտներուն, որպէսզի անոնք հոլլանտախօսներուն եւ ֆրանսախօսներու յաւելեալ ինքնիշխանութիւն տրամադրելու հարցով աւելի լուրջ բանակցին, այլապէս հոլլանտախօս ֆլամանները կրնան անջատուիլ։ Պելճիքայի 6.5 միլիոն հոլլանտախօսներն ու 4 միլիոն ֆրանսախօսները կողք կողքի կ՝ապրին
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Կ՝ԵՐԹԱՆ։
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ երէկ մեկնած են Միացեալ Նահանգներ՝ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար ։ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց հարցերով փոխ-նախագահ Էօմեր Չելիք Պոլիսէն մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց որ ՝՝մենք Միացեալ Նահանգներ կը մեկնինք Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերջին որոշումներուն վերաբերեալ մեր տեսակէտը ներկայացնելու եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու՝՝։ Չելիք նաեւ մերժեց այն պնդումը, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առանցքը փոխուած է՝ յայտնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առանցքին մէջ փոփոխութիւն չկայ։
ՖՐԱՆՍԱ ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ։
Փարիզի Մարդկային Գիտութիւններու Տուն հիմնադրամի ղեկավար Միշել Վիեվիորքա երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի մամուլը մտահոգուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման դանդաղեցումով, որուն հիմնական պատճառը Ղարաբաղի խնդիրն է։ Ան նաեւ աւելցուց, որ Ֆրանսա լաւատեղեակ է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պատմական իրողութիւններուն մասին։ Ըստ անոր, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը սառեցուցած է եւ ոչ թէ կասեցուցած, քանի տակաւին Թուրքիա պատրաստ չէ զայն շարունակելու։ Միշել Վիեվիորքա յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ Հայաստան շատ լուրջ եւ լաւ կրթուած պաշտպան ունի՝ յանձին տեղւոյն հայ համայնքին։ Ֆրանսահայ համայնքին շնորհիւ երաշխիք կայ, որ ֆրանսական մամուլը հաւաստի տեղեկութիւն ստանայ։
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐԸ ՊՈՅՔՈԹԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Իսրայէլեան ՝՝Քանալ 10՝՝ պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Իսրայէլի հանրախանութները այսուհետեւ թրքական արտադրութեամբ ապրանքներ պիտի չվաճառեն։ Իսրայէլի մէջ գործող հանրախանութներու (սուփըր մարքեթ) մեծագոյն ցանցերէն Ռամի Լեւին ՝՝Ազատութեան նաւատորմիղի՝՝ եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ միջադէպէն ետք որոշած է այլեւս չվաճառել թրքական արտադրութիւններ։ Նոյնպիսի որոշում տուած է նաեւ ՄեկԱ հանրախանութներու ցանցը։ Բացի ատկէ, ընկերութիւնը որոշած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ դադրեցնել ալիւրի եւ խմորեղէնի արտադրութիւնը։ Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ շուտով պոյքոթին պիտի միանայ նաեւ Իսրայէլի մէջ ործող ՝՝Սուփերսոլ՝՝ մեծագոյն հանրախանութներու ցանցը։







All the contents on this site are copyrighted ©.