2010-06-14 13:14:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 14 յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի արեւելեան շրջանէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Եկեղեցական Քահանայապետական Կաճառի համայնքը, թիւով 40 հոգի, որոնք կը պատրաստուին առաքելական դեսպաններ ըլլալու։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան հայրը խօսեցաւ քահանայապետական ներկայացուցչութեան աշխատանքին իմաստին մասին։ Քահանայապետին ներկայացուցիչը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կանչուած է ըլլալու բանբերը Քահանայապետին, Անոր ուսուցումին ու Տիեզերական պաշտօնին, որ է ՜՜պարտականութիւն՝ հաւատքին մէջ հաստատելու եղբայրները՝՝։ Քահանայապետին ներկայացուցիչ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ ըլլալ հաստատ կամուրջ մը տեղական Եկեղեցիներու եւ Առաքելական Աթոռի միջեւ, ներկայացնելով Քահանայապետի աշխատակիցներուն, տեղական եկեղեցիներու առարկայական, ճշգրիտ ու խոր տեսութիւնը եկեղեցական ու ընկերային իրավիճակին մասին, եւ միաժամանակ տեղական եկեղեցիներուն հաղորդել Ս. Աթոռի կանոններն ու ցուցմունքները։ Հետեւաբար Քահանայապետին դեսպան ըլլալը կը պահանջէ կատարեալ նուիրում ու վեհանձնութիւն ու միաժամանակ Քահանայապետի սիրոյ ու եղբարօգնութեան նշան ։ Հետեւաբար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Քրիստոսի փոխանորդի բանբեր ըլլալը, յանձնառու ծառայութիւն մըն է։

Սիրեցեալ ուսանողներ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ Քահանայապետը սովորութիւն ունէր կոչելու ձեր դպրոցը ''Սիրոյ բարձրագոյն ճեմարան մը՝՝ թող իմ աղօթքը ձեզի ընկերանայ եւ ձեզ կը յանձնարարեմ Ամենսուրբ Կոյս Մարիամի` Եկեղեցւոյ Մօր հովանաւորութեան ու ձեր տաճարի պաշտպան սուրբին՝ Ս. Անտոն Անապատականի հովանաւուրութեան։ Ձեզի բոլորիդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ քահանայապետական ներկայացուցչութեան կաճառի աշակերտութիւնը կազմուած է 36 քահանայ աշակերտներէ, որոնք կը պատրաստուին առաքելական դեսպան ըլլալու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, ի սպաս Քահանայապետին ու տեղական եկեղեցիներուն։ Քահանայապետական ներկայացուցչութեան կաճառը քահանայական համայնք մըն է, որուն անդամները եկած են 15 երկիրներէ՝ որոնք կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներ եւ մշակոյթներ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան

Աղօթքը։

Կիրակի 13 յունիսի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն

Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

՜՜Մի քանի օր առաջ վերջ գտաւ քահանայական տարին։ Հռոմի մէջ անմոռանալի պահեր

անցուցինք, 15 հազարէ աւելի հռոմ ժամանած քահանաներու ներկայութեամբ։

Ասոր համար այսօր կ'ուզեմ գոհաբանութիւն յայտնել Տիրոջ այն ամէն բարիքներուն համար որ շնորհեց ընդհանրական եկեղեցւոյ այս տարուայ ընթացքին։ ՜՜Թանկագին Բարիքներ՝՝ որոնց պտղաբեր արդիւնքները արդէն շօշափեցինք ու դեռ պիտի շօշափենք։

Քահանան պէտք է ունենայ նոյնինքն Քրիստոսի սէրը որ զինք մղեց իր կեանքը տալու բարեկամներուն համար եւ ներելու իր թշնամիները։ Ասոր համար քահանաները պէտք է ըլլան սիրոյ քաղաքակրթութեան առաջին մշակները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յիշեցնելով տիպար քահանաներու օրինակը ինչպէս ՜՜Արսի սուրբ Վարդապետը՝՝ նաեւ հայցելով անոր բարեխօսութիւնը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Տոն Երզի Փոփուլէսքոյի՝ լեհ քահանայի օրինակելի կեանքին որ անցեալ կիրակի օրը երանելի հռչակուեցաւ։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը օրհնելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ ուրիշ երկու երանելիներուն՝ Մանուէլ Լոզանօ Կարրիտոյին՝ որուն երանացումը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթ օրը Սպանիոյ մէջ եւ ' Lojze Grozde' Լոետզէ Կրէոզտէին՝ որ երէկ շաբաթ օրը Սլովենիոյ մէջ Երանելի հռչակուեցաւ սուրբ հաղորդութեան ազգային ժողովի արարողութեան աւարտին զոր գլխաւորեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէն։





Քահանայապետական անուանում

Գերապայծառ ֆրանչեսքի նշանակուած է առաքելական նոր կառավարիչ՝ Անատոլուի մէջ։

Վատիկան մօտէն կը հետեւի գերապայծառ Բատովեզիի սպաննութեան հարցին։

Գերապայծառ Բատովեզիի մահէն 9 օր ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Ռուճերօ ֆրանչեսքին որպէս առաքելական նոր կառավարիչը Անատոլուի մէջ։

Նշենք թէ գերապայծառ Ռուճերօ ֆրանչեսքին Զմիւռնի առաջնորդն է։

Այս շտապ նշանակումով Վատիկան կ'ուզէ մօտէն հետեւիլ գերապայծառ Բատովեզիի սպաննութեան հարցին։

Երկուշաբթի 14 յունիսին, Միլանոյի մէջ տեղի ունեցաւ գերապայծառ Բատովեզիի յուղարկաւորութեան կարգը։ Ծիսակատարութիւնը գլխաւորեց կարտինալ Թեթթամանցին։ Վատիկանը կը ներկայացնէ գերապայծառ Էտմոն ֆարհաթ, Թուրքիոյ մօտ երբեմնի առաքելական դեսպանը, որ անձամբ կատարած էր նահատակ եպիսկոպոսին օծումը։



Օսսերվաթորէ Րոմանոյի խմբագրականը

Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ Օսսերվաթորէ Րոմանոն իր առաջին էջի խմբագրականին մէջ անդրադառնալով 2010ին՝ Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող՝ Ոտնագունդի Միջազգային Խաղերուն ,յոյս յայտնած է որ այս դէպքը սատարէ աւելի մօտէն հասկնալու ու ծանօթանալու Ափրիկէի հարցերուն ինչպէս նաեւ նոր ձգտում մը տալու այս երկրի ընկերական կեանքին որ տասնեակ տարիներու ընթացքին դրոշմուած է ցեղային բաժանումներով։ Յօդուածագիրը կը յուսայ մանաւանդ ''նշանակալից փոփոխութեան'' մը յայտնաբերումը, որ նոր սլացք մը տայ վերահաշտութեան գործընթացքին, կարող՝ ճանչնալ եւ արժէքաւորել տարբերութիւնները միասնական զարգացումի համար։

Մարոնիներու պատրիարքի հովուական ճամբորդութիւնը ֆրանսա

երկուշաբթի յունիս 14ին մարոնիներու պատրիարքը կարտինալ Սֆէյր Փարիզ հասաւ ֆրանսայի ծերակոյտի նախագահի հրաւէրով։ Իր կեցութեան ընթացքին կարտինալ Սֆէյր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սարքոզիի, Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի նախագահներուն ու արտգործ նախարարին հետ։ Ան նաեւ Փարիզի արաբական մամլոյ հետ ելոյթ պիտի ունենայ։ Լիբանան վերադարձին Մարոնիներու պատրիարքը յունիս 27ին ներկայ պիտի գտնուի Աստուծոյ ծառայ Ստեփան Նէմէին երանացման ծիսակատարութեան զոր պիտի գլխաւորէ գերապայծառ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին։








All the contents on this site are copyrighted ©.