2010-06-14 12:58:49

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԽԸՐԽԸԶԻՍՏԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԵՄԻՆ ։
Խըրխըզիստանի հարաւային շրջաններուն մէջ խըրխըզներու եւ ուզպեքներու միջեւ բախումները կը շարունակուին այսօր ալ ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն, զոհերուն թիւը աւելի քան 117 է, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ աւելի քան հազար-հինգհարիւր միւս կողմէ շուրջ 70 հազար հոգի Ուզպեքիսգան խոյս տուած են ։ Խըրխըզիստանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը հարաւային շրջաններ յաւելեալ ուժեր ուղարկելու համար զօրահաւաք յայտարարեց, եւ իշխանութիւնները զինուորներուն հրահանգեցին անկարներուն ուղղութեամբ կրակ բանալ։ Բայց եւ այնպէս, կառավարութիւնը չի յաջողիր իրավիճակը վերահսկողութեան տակ առնել։ Երէկ կանուխ առաւօտուն Օշ քաղաքին փողոցները հազարաւոր երիտասարդներ յայտնուած են, եւ բախումներն ու կրակոցները չեն դադրիր։ Իրավիճակը կը սրի նաեւ Ճալալապատի շրջանին մէջ, ուր անծանօթ անձեր յարձակումներ կը կատարեն ոստիկանութեան բաժանմունքներուն եւ մինչեւ իսկ հիւանդանոցներուն վրայ։
՝՝Ինթերֆաքս՝՝ լրատու գործակալութիւնը մէջբերելով ականատեսներու վկայութիւնները կը հաղորդէ, որ Ճալալապատի մէջ շարունակուող անկարգութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին նախկին նախագահ Պաքիեւի հարազատները։ Նշենք, որ ապրիլին Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք Պաքիեւ ապաստանեցաւ Պիելոռուսիա։Երկրի ժամանակաւոր կառավարութեան խնդրանքին ընդառաջելով Ռուսիայ երէկ ուղղարկեց գումարտակ մը՝ ռուս զինուորներու զօրակայանը։ Խըրխիզիստանի միջ-ցեղային բախումները վերջ կը գտնէին (եթէ նոյնիսկ ոչ վերջնականապէս) 1990ին, երբ այն օրերուն Կրէմլինի պարագլուխը Միխայիլ Կորպաչով Սովետական զօրախումբեր առաքած էր շրջան յետ հարիւրաւոր քաղաքացիներու սպաննութեան Օշ քաղաքին մէջ։ Խըրխիզիստանի Հանրապետութեան բնակչութեան հարիւրէն 70 տոկոսը Խըրխիզ ցեղախումբէն է,մինչ Ուզպէքները կը ներկայացնէն բնակչութեան հարիւրէն 15 տոկոսը ու անոնք կեդրոնացած են հարաւային ֆերկհանայ հովիտը։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Արագածոտնի մարզի Իրինդ գիւղին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի յուշարձանի բացումին եւ անոր ծննդեան 59-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկին։ Նախագահը Իրինդի մէջ նաեւ ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհերու յուշարձանին։ Սերժ Սարգսեան այցելութեան ընթացքին նաեւ աշխատանքային զրոյց ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանի հետ։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԻԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆ Է. «ՆԵՐՈՒՄ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ ։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը եւ Եւրոպան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ձգտումներն են։ Ան յայտնեց, որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր այդ նպատակակէտէն որեւէ չնչին շեղում տեղի չէ ունեցած։ Կիւլ նշեց, որ Թուրքիա օգտուելով իր պատմութենէն կարգ մը երկիրներով աւելի հետաքրքրուած է։ Այս առաւելութիւնները եւ այլ երկիրներ, (որոնց հետ Թուրքիա յարաբերութիւններ ունի) Եւրոպական Միութեան համար հարստացում մը պիտի ըլլան, եթէ Թուրքիա լի իրաւ անդամ մը դառնայ։ ՝՝Թուրքիան եւ աշխարհը նոր դերակատարներ, նոր տեսլականներ՝՝ խորագիրով սեմինարի ընթացքին Կիւլ ըսաւ՝՝ որ ոչ ոք այն գնահատումը պէտք է կատարէ, թէ Թուրքիա դէպի այլ աշխարհ մը կուղղուի՝՝։ Միւս կողմէ, ֆրանսական Լը Մոնտ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ Իսրայէլ ներում ստանալու համար պէտք է ներում հայցէ եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իր յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար հատուցում կատարէ։
ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ 90 ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻՆ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը վկայակոչելով ՝՝ԻՐՆԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի ոստիկանութեան պետ Հիւսէյն Սաճատինի յայտնած է, որ Իրանի մէջ արիւնալի բախումներով աւարտած ընտրութիւններու առաջին տարեդարձին իշխանութիւնները 90 ընդդիմադիր գործիչ ձերբակալած են։ Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ լուրջ բախումներ չեն արձանագրուած։ Նախապէս իշխանութիւնները սպառնացած էին բիրտ ուժ կիրարկել այլախոհներու դէմ, եթէ վերջիններս որոշէին փողոց իջնել։ Հետեւելով այդ յայտարարութիւններուն՝ ընդդիմութեան ղեկավարները հրաժարած էին զանգուածային միջոցառումներէն՝ նոր բախումներ չհրահրելու համար։ Ընդդիմութիւնը մինչեւ օրս չընդունիր 12 յունիս 2009-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնց համաձայն, նախագահ ընտրուած է Մահմուտ Ահմատինեժատ։







All the contents on this site are copyrighted ©.