2010-06-12 12:12:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Շաբաթ, 12 յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Պրազիլի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի արեւելեան շրջանի խումբ մը եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի բարգաւաճման դրամատան խորհուրդը, թիւով 160 հոգի։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց. ՜՜ Ս. Աթոռը 1973էն սկսեալ անդամ է ձեր այս հաստատութեան, որուն նպատակը զուտ ընկերային է, զօրակցական քաղաքականութիւն մը վարելու համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց.՜՜թէեւ ներկայ աշխարհը տնտեսական ու ֆինանսական տագնապի մէջ է, սակայն ասիկա պէտք է խթան մը հանդիսանայ բարգաւաճումի դրամատան, զարգացնելու համար ընկերային կոչում ունեցող հանրային ենթակառոյցները՝ որպէսզի անոնք լաւագոյն կերպով համապատասխանեն ներկայ ընկերութեան պահանջներուն ու հաւատարիմ մնան իր սկզբնական կոչումին։ Հանդիպումին աւարտին Բարգաւաճման Դրամատան Կառավարիչը Սրբազան Հօր նուիրեց մետալ մը։ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ըսաւ. ՜՜ այս մետալը ինծի առիթ պիտի տայ միշտ յիշելու մեր այս հանդիպումը, ես կ'աղօթեմ ձեզի համար եւ կը քաջալերեմ լուսամտօրէն շարունակելու ձեր աշխատանքը Եւրոպայի բարիքին ի խնդիր՝՝։

Միշտ այսօր շաբաթ 12 Յունիսին, յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Ռատիովատիկանի ընդհանուր Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիին շաբաթական խմբագրականը։



''Քահանայական տարուոյն փակման արարողութիւնը տօնակատարութեան մեծ պահ մը հանդիսացաւ քահանաներու եւ Սրբազան Քահանայապետի միջեւ '' կը գրէ իր խմբագրականին մէջ Վատիկանի Ռատիոկայանի ընդհանուր Տնօրէնը Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի։ Տասը հազար քահանաները որոնք ժամանած էին Հռոմ իրենց կարգին կը ներկայացնեն շատ մը ուրիշներ որ նոյն զգացումներով տոգորուած են։ Հաւատքի եւ աղօթքի տօնախմբութիւն մը։ Սրբազան Քահանայապետը յստակօրէն կը հրաւիրէ մեզ ճանչնալու քահանայութիւնը ոչ թէ իբրեւ պաշտօն այլ իբր Աստուծոյ պարգեւ։ Աստուած մը՝ որ մարդոց կը վստահի եւ իրենց կը շնորհէ պարգեւը՝ իր անունով արտասանելու քաւութեան խօսքեր եւ կերպարանափոխելու հացն ու գինին Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան։ Մարդիկ որ Քրիստոսի միջոցաւ կը ձգտին ՜՜Յարութեան աշխարհի՝՝։ Պարգեւ մը որ – ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Պօղոս – ''դիւրաբեկ աման'' ներու ներքեւ պահուած է, որը պէտք չէ որ ընդունիք մարդկային փառքի համար, զայն պէտք է ընդունինք քաջութեամբ եւ հեզութեամբ՝ խնդրելով մեր Տիրոջմէն որ ապաւէն կանգնի մեզի որպէսզի չսայթաքինք, մեղքի մէջ չիյնանք չստեղծելու համար գայթակղութեան առիթներ ։

Գոհաբանութիւն, խոնարհութիւն, վստահութիւն ու հաւատքի հեռանկար։ Եկեղեցին չի կրնար ապրիլ առանձ քահանայութեան պարգեւին. զայն պէտք է յարատեւ հայցենք Աստուծմէն։ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի երեկոյան պաշտամունքի պատկերը պէտք է մշտատեւ մեզի ընկերանայ, կ'եզրափակէ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.