2010-06-11 12:10:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
փակման հանդիսութիւն քահանայական տարւոյն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
փակման հանդիսութիւն քահանայական տարւոյն։

Ուրբաթ յունիս 11` տօն Յիսուսի ս. Սրտի, ձայնաւոր պատարագ առաւօտեան ժամը 10ին ս. Պետորս հրապարակին վրայ։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն պատարագը հանդիսացաւ քանի համապատարագողներու թիւը կը հասնի շուրջ 15 հազար պարագիչի, անոնցմէ 400 պաշտօն տրուած է սրբութիւնը բաշխելու պատարագին մասնակցող հաւատացեալներու։
Որոշ արարողութիւններ ներմուծուած են ծիսակատարութեան սկիզբը. ինչպէս օրհնեալ ջուրի սրսկում` ապաշխարութեան ի նշան։

Ս. Գրային ընթերցումէն ետք Նորին Սրբութիւնը քարոզ մը արտասանեց շեշտը դնելով քահանային առանձնաշնորհումին որ կը կայանայ Քրիստոսի անունով մեղքերը արձակել, հացն ու գինիին վրայ գոհաբանական խօսքեր արտասանելով զանոնք կերպարանափոխելով Յիսուսի մարմինին եւ արեան։ Քահանայութիւնը պարզապէս ''պաշտօն'' մը չէ այլ խորհուրդ մը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Աստուած խեղճ մարդ մը կ'օգտագործէ որպէսզի անոր միջոցաւ կարենայ ներկայ գտնուիլ մարդկանց միջեւ։ Ապա Քահանայապետը կոչ ուղղեց երիտասարդները մօտեցնելու եւ քաջալերելու Աստուծոյ կոչին համապատասխանելու։
Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ ''ամէն քրիստոնեայ եւ ամէն քահանայ պարտական է դառնալու, Քրիստոսի միջոցաւ աղբիւր մը որ կեանք հաղորդէ ուրիշներուն։ Մենք պետք է կեանքի ջուրը պարգեւենք ծարաւէ տառապած աշխարհի մը։

Քարոզէն ետք քահանաները իրենց խոստումները վերանորոգեցին, ինչպէս ամէն տարի կը կատարեն Աւագ Հինգշաբթի օրը Վերջին Ընթրիքի պատարագին։ Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը պատարագին գործածեց Արսի սուրբ քահանայի սկիհը, պահուած անոր ժողովրդապետութեան մէջ։ Պատարագին աւարտին Սրբազան Հայրը Հռոմի Տիրամօր սրբանկարին առջեւ վերանորոգեց քահանաներու նուիրումը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։

Իսկ Հինգշաբթի օրը Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեցաւ Սպանիայի վարչապետը` տիար Լուիս Ռոտրիկէս Ծափաթերօն, որուն կ'ընկերանար արտգործ նախարար տիար Մորաթինոս։ Ապա Սպանիայի նախարարապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանբերթիի հետ։

Խօսակցութիւնները առիթ տուին փոխանակելու տեսութիւնները հայող Եւրոպայի, ներկայ համաշխարհային տնտեսայ-ֆինասական տագնապի եւ բարոյականի դերը ներկայ ընկերութեան մէջ։ Նոյնպէս շոշափուեցան Լատին Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ
կացութիւնները։ Հուսկ խօսուեցաւ Սպանիայի ընկերային կեանքին մասին մասնաւորապէս անդրադառնալով կրօնական ազատութեան նոր օրինագիծի պատրաստութեան մասին, կեանքին նուիրականութեան սաղմէն սկսեալ։
Հուսկ Սպանական կառավարութիւնը իր կատարեալ տրամադրութիւնը ցոյց տուաւ լաւագոյնս պատրաստելու եւ ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Սպանիա այցելութեան թէ այս տարի Պարսելոնա եւ Սանդիակօ Յոբելենական տարւոյն առթիւ եւ թէ 2011ին`Մատրիտ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`
Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղաներու ժողովը։
Յունիս 10-13 Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի 38 քարտուղարներու ժողովը, ունենալով որպէս նիւթ Եւրոպայի եկեղեցիներու համագործակցութեան մարտահրաւէրները, կապը պետութիւններու ու հանրային կարծիքին հետ։
Նխապէս անոնք կը մասնակցին քահանայական տարւոյն փակման հանդիսութիւններու։
Յայտնենք թէ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կազմուած է 33 ազգային եպիսկոպոսական դասերէ։ Խորհուրդին նախագահն է Հունագրիոյ առաջնորդը կարտինալ Պեդեր Արտօ։ Խորհուրդին քարտուղարութեան աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սան Կալ քաղաքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.