2010-06-11 13:52:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒ ՆԵՑ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Բրիտանիոյ Լորտերու Տան նախկին փոխնախագահ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը։ Նախագահը նշեց, որ Պարոնուհիին եւ անոր համախոհներուն աւանդական դարձած այցելութիւնները Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ հայկական կողմին հետ անոնց արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը բարձր գնահատանքի արժանի են։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի եւ Ձեր ընկերներուն՝ երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին համար (ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը) ։ Իսկ Պարոնուհի Քոքս ուրախութեամբ յայտնեց, որ դրական փոփոխութիւններ կը կատարուին թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Ստեփանակերտի մէջ։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին եւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն։ Քարոլայն Քոքս յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի դրացի երկիրներուն հետ խնդիրները բանակցութիւններու եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու դիրքորոշումը։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸԼԼԱՅ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԷՍԻՆ ։
(Մարմարա) Չորեքշաբթի, Յունիս 9ը պոլսահայ համայնքին համար իւրայատուկ օր մըն էր, որովհետեւ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարուհի Նիմեթ Չուպուքճու հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ համայնքին վարժարաններու տարեվերջի միացեալ հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի եկեղեցւոյ «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ։ «Պէզճեան» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, դրօշակներով շարք կազմած էին՝ դիմաւորելու համար նախարարը։ Տեղական լրատուական միջոցները եւս խճողած էին շրջանի թաղերը, ուր համայնքային վարժարաններէն հարիւրաւոր աշակերտներ, իրենց տնօրէններու եւ ուսուցիչներու հսկողութեամբ, լեցուցած էին սրահը:
Նախարար Չուպուքճու, Պոլսոյ կրթական տնօրէնի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ ժամանեց եւ դիմաւորուեցաւ վարժարանի մուտքին։ Աշակերտներ ուրախ պոռչտուքներով ու բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին նախարարը, որուն կողքին տեղ գրաւեցին միւս հիւրերն ու Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ պարբերաբար բացատրութիւններ կու տար նախարարին։ Նախարար Չուպուքճու իր սրտին խօսքը արտասանեց՝ ընդգծելով, որ փոքրամասնական վարժարաններու հարցերը ծանօթ են իշխանութիւններուն եւ աշխատանք կը տարուի յաւելեալ բարեփոխումներ իրականացնելու համար: Ան ըսաւ, որ վարժարանները ձրիաբար կը ստանան թրքերէնի եւ Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերը, եւ բացի ատկէ, պետական միջոցներով հայերէնով դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքը մեծ թափով կը շարունակուի ու մօտիկ ապագային աշակերտները այդ գիրքերը եւս ձրիաբար պիտի ստանան:
Միւս կարեւոր հարցը մայրենի լեզուի դասաժամերն էին. նախարարը նշեց, թէ  վարժարաններու պատասխանատուները իրե՛նք պիտի որոշեն մայրենի լեզուի դասաժամերու թիւը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ուսուցիչներու համար արտօնուած է շաբաթական մինչեւ 30 ժամ դասաւանդութիւն կատարել, հայերէնի ու կրօնքի դասերու համար ալ նոր կարգադրութիւններ եղած են ու համալսարաններէ այն շրջանաւարտները, որոնք դասաւանդելու իրաւունք ունին, կրնան հայերէն կամ կրօնք դասաւանդել։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ բոլորի փափաքն է, որ երկրի մէջ կրթուին խաղաղասիրութեամբ տոգորուն ու լայնախոհ գաղափարներու տէր երիտասարդներ։ Այնուհետեւ բեմը յանձնուեցաւ աշակերտներուն եւ 11 վարժարաններէ աշակերտական երգչախումբեր ու պարախումբեր, նաեւ արտասանող պատանիներ, գլխաւորաբար հայերէնով, ներկայացուցին հայ մշակոյթը ու լի ու լի ծափեր խլեցին թէ հիւրերէն եւ թէ իրենց հարիւրաւոր տարեկիցներէն։Նախարարը ապա անցաւ Պատրիարքարան, ուր յատուկ ընդունելութիւն մը պատրաստուած էր: Նախարարը դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ խորհրդասենեակ, ուր յատուկ հանդիպում մը կայացաւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու մասնակցութեամբ։Առիթը յարմար նկատելով՝ Արամ սրբազան արտայայտուեցաւ չորս կարեւոր հարցերու մասին, որոնք անմիջականօրէն կ՛առընչուին կրթութեան նախարարութեան հետ եւ մեծ կարեւորութիւն ունին համայնքի համար. անոնք էին՝ հայկական վարժարաններու համար թրքերէնի եւ Թուրքիոյ պատմութեան դասանիւթերու որակաւոր ուսուցիչներու նշանակում, պետական օգնութեան յատկացում, թուրք փոխտնօրէնի փոխարէն հայ փոխտնօրէնի նշանակում ու հայաստանցի փախստական երեխաներու ուսման հարցը։Տիկին Չուպուքճու ծանրացաւ գլխաւորաբար հայ փախստական երեխաներու հարցին վրայ եւ վստահեցուց, թէ հայերէն դասագիրքերու տպագրութեան գործը կը մօտենայ իր աւարտին, աւելցնելով, որ փոխտնօրէններու հարցն ու ընդհանրապէս փոքրամասնական վարժարաններու դիմագրաւած այլ հարցերը ներկայիս քննութեան նիւթ կը դառնան պատկան մարմիններու կողմէ:

ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԼՂՀ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ։
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Ղուլեան վերընտրուած է խորհրդարանի նախագահ։ Կուսակցութիւնը 23 Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու ձայներու հարիւրէն 28,6 տոկոսը ստացած էր։
ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՒՐ։
"Ֆիրաթ" լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Պար-Իլան համալսարանէն դասախօսներ Թել Աւիւի կոչ կ'ուղղեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.