2010-06-10 12:06:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Փակման Հանդիսութիւն Քահանայական Տարւոյն, Յունիս 10ին եւ 11ին։

Հինգշաբթի յունիս 10 աղօթքի հսկում։

Աղօթքի հսկումի օրակարգը կը նախատեսէ երկու հանգրուան։

Առաջինը` ժամը 20.30-21.30 կազմակերպուած կղերի ժողովէն, իսկ երկրորդ հանգրուանը`ժամը 21.30-22-30 կը նախատեսէ ներկայութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի։ Արարողութիւնը կը սկսի Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափորով ու երկիրպագութեամբ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ''քահանաներու համար'' աղօթք մը պիտի արտասանէ։

Ուրբաթ յունիս 11` Յիսուսի Ս. Սրտի տօնն է , առաւօտեան ժամը 10ին Ս. Պետորս հրապարակին վրայ ձայնաւոր պատարագ պիտի մատուցուի. անիկա Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն պատարագը պիտի հանդիսանայ քանի որ համապատարագողներու թիւը կը հասնի շուրջ 15 հազար պատարագիչի, անոնցմէ 400 -ին պաշտօն տրուած է սրբութիւնը բաշխելու պատարագին մասնակցող հաւատացեալներուն։

Որոշ արարողութիւններ ներմուծուած են ծիսակատարութեան սկիզբը. ինչպէս օրհնեալ ջուրի սրսկում` ապաշխարութեան ի նշան։ Ս. Գրային ընթերցումէն ու քարոզէն ետք քահանաները իրենց խոստումները պիտի վերանորոգեն, ինչպէս որ ամէն տարի կը կատարուի Աւագ Հինգշաբթի օրը ՜՜ի յիշատակ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքի՝՝ պատարագին։ Նորին Սրբութիւնը պատարագին պիտի գործածէ Արսի սուրբ քահանայի սկիհը, պահուած՝ անոր ժողովրդապետութեան մէջ։ Պատարագին աւարտին Սրբազան Հայրը Տիրամօր սրբանկարին առջեւ պիտի վերանորոգէ քահանաներու նուիրումը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, ինչպէս վերջերս կատարեց ֆաթիմայի մարեմեան սրբավայրին մէջ , Փորթուկալ կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարներու ժողովը։

Յունիս 10-13 Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի 38 քարտուղարներու ժողովը, ունենալով որպէս նիւթ ՜՜Եւրոպայի եկեղեցիներու համագործակցութեան մարտահրաւէրները, կապը պետութիւններու ու հանրային կարծիքին հետ՝՝։

Նախապէս անոնք կը մասնակցին քահանայական տարւոյն փակման հանդիսութիւններուն։

Յայտնենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կազմուած է 33 ազգային եպիսկոպոսական դասերէ։ Խորհուրդին նախագահն է Հունագրիոյ առաջնորդը կարտինալ Պեդեր Արտօ։ Խորհուրդին քարտուղարութեան աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սան Կալ քաղաքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.