2010-06-10 12:15:20

Լուրեր հայ գաղութներէն


ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ

ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ԲՈԼՈՐԷ ՔՍԱՆՀԻՆԳ ՏԱՐԻ (1986-2010)

(Մամլոյ Հաղորդագրութիւն)

Վենետիկի Ca' foscari Համալսարանի Հայ Լեզուի և Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը որ, 1986-ի Օգոստոսէն սկսեալ, կը կրկնուի ամէն տարի առանց ընդմիջումի, կազմակերպութեամբ Պո-Արաքս Մշակութային Միութեան, կը բոլորէ այս տարի իր 25-ամեակը: Ծրագրուած է ակադեմական և գեղարուեստական մասնաւոր հանդիսութիւններով ոգեկոչել այս բարեբաստիկ տարեդարձը 13-15 Օգոստոսին։

Կը խորհինք որ սոյն ոգեկչումը պատեհ և հաճելի առիթը պիտի ընծայէ շատերու՝հանդիպելու և վերհանդիպելու վենետկեան կախարդիչ մթնոլորտին մէջ։ Մեծապէս ողջունելի պիտի ըլլայ մանաւանդ ներկայութիւնը դասընթացքի մասնակցած նախկին սաներու, ուսուցչական և դասախօսական կազմին մաս կազմած անձերու, բարերարներու, քաջալերողներու, բարեկամներու, համակիրներու և մամուլի:

Ամէն տեսակի ծախսեր կը պատկանին մասնակցողներուն: Կազմակերպութիւնը ապահոված է համալսարանական կառոյցներու մօտ կեցութեան և սնունդի առաւել նպաստաւոր պայմաններ, ստորեւ նշուած սակերով։ Տեղ ապահովելու համար, բաւ է մտնել հետեւեալ կայքին մէջ ու հետեւիլ ցուցմունքներուն՝ /a>

Կարելի է նաեւ դիմել հետեւեալ հասցէին՝ /a> կամ daniela@padus-/a> և խնդրել տեղւոյ ապահովում հետեւալ պայմաններով.

Ա. Լոգարանով սենեակ, առանձին 50 €, երկու հոգինոց մարդ գլուխ 40 €:

Բ. Առանց լոգարանի սենեակ, առանձին 40 €, երկու հոգինոց մարդ գլուխ 30 €:

Գ. Ճաշեր Համալսարանի սեղանատան մէջ իւրաքանչիւր ճաշ՝ 8 €:

Նկատի առած որ տեղերը սահմանափակ են ու եղանակը զբօսաշրջային, յանձնարարելէ է որ, ըստ կարելւոյն շուտով կատարեն դիմումները, յատկապէս նշելով յստակօրէն ժամանումի և մեկնումի օրերն ու ժամերը, անոնք որ կը փափաքին օգտուիլ Պո-Արաքսի օժանդակութենէն:

Դիմումին հետ պէտք է յստակօրէն նշել նաեւ ԱՆՈՒՆ, ՄԱԿԱՆՈՒՆ, ՀԱՍՑԷ, ՀԵՌԱԽՕՍ, ՀԵՌԱՊԱՏՃԷՆ (Ֆաքս), ԷԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՓՈՍՏ (E-M), ՍԵՆԵԱԿԻ ՏԵՍԱԿԸ (առանձին կամ երկու հոգինոց) և 150 Եւրոյի կանխավճար մը, միջազգային չէքով կամ փոստային փոխագրով (money order, mandat-poste) կամ դրամանատնային փոխանցումով հասցէագրուած ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES: ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 

 

Սոչիի Հայկական Ս.Սարգիս Եկեղեցիէն Գողցուած Սրբապատկերները Վերադարձուած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցի։

Սոչիի Ադլերեան շրջանը գտնուող հայկական Ս.Սարգիս եկեղեցիէն գողցուած սրբապատկերները վերադարձուեցան Հայ Առաքելական եկեղեցի։ Ռուսիոյ հայերու Երկրամաս թերթը կը տեղեկացնէ որ, անցեալ տարուայ Նոյեմբերին յանցագործները Ս Սարգիս եկեղեցիէն երկու սրբապատկեր գողցած էին, որոնցմէ մէկը պատմական արժէք ունէր։ Յանցագործները ձերբակալուեցան։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը Համացանցի Վրայ։

Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ ասկէ ետք կը ներկայանայ համացանցի վրայ իր սեփական կայքով եւ երկլեզու՝ անգլերէն եւ յունարէն բաժիններով։

Այցելելով www.anc.com.cy կայքը՝ կը տեղեկանաք քաղաքական հարցերու եւ զարգացումներու մասին, որոնք կապ ունին Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման համար։

Առաւել, արձանագրելով ձեր ելեկտրոնային հասցէն (ե-նամակ) այնտեղ՝ պիտի կարենաք լրահոս նամակներուն միջոցով իրազեկ ըլլալ իւրաքանչիւր ժամու վերջին լուրերուն։



Հռչակաւոր Երաժիշտ Սերժ Թանգեանի Երգահանդէսը։

Աթէնքի Թերաւիպ Փարք ամառնային երգահանդէսներու վայրին մէջ 17 օգոստոս 2010ին ելոյթ պիտի ունենայ աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան՝ ներկայացնելով իր վերջին՝ Իլեքթ տը տեր գործը։ Մէկ գիշերուան համար ելոյթ ունեցող Սերժ Թանքեան կը խոստանայ, թէ բոլորովին իւրայատուկ ելոյթ մը պիտի ըլլայ Աթէնքի մէջ ներկայացումը, ուր ան ծանօթ երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս պիտի գայ՝ թէ՛ Սիսթըմ աֆ է տաունի եւ թէ՛ իր անձնական ալպոմէն։ Ներկայացուած երգերու սիմֆոնիք մասերը պիտի կատարուին 8 հոգինոց նուագախումբի մը կողմէ։ Բազմազբաղ եւ բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ ունեցող Սերժ Թանքեան ներկայիս կաշխատի նաեւ դասական Փրոմիթես պաունտ թատերական գործի երաժշտական տարբերակին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.