2010-06-10 13:07:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ։
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը երէկ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու չորրորդ ծրար մը որդեգրեց։ 15 անդամներէ բաղկացած խորհուրդը 12 թեր, 2 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով վաւերացուց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հնգամսեայ բանակցութիւններու արդիւնքը եղող նախագիծը։ Իսկ Իրանի հետ հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնութիւն կնքած Թուրքիա եւ Պրազիլ բանաձեւին դէմ քուէարկեցին, ու Լիբանան ձեռնպահ մնաց։ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց որ ՝՝այս խորհուրդը իր պատասխանատուութեան տէր կանգնեցաւ։ Այժմ Իրան աւելի իմաստուն ընթացք մը պէտք է ընտրէ՝՝ ։ Նախագիծին կցուած յաւելուածին վրայ կը գտնուին 40 ընկերութիւններու անուններ, որոնք կը միանան ՄԱԿ-ի սեւ ցանկին վրայ գտնուող այլ ընկերութիւններու, որոնց ինչքերը սառեցուած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին օժանդակելու կասկածի պատճառով։
Նոր ցանկին վրայ է նաեւ Իրանի հիւլէական կեդրոնի ղեկավար Ժաւատ Ռահիքի։ Անոր դրամատնային հաշիւներն ալ պիտի սառեցուին եւ Իրանէն դուրս անոր ճամբորդութիւնը պիտի արգիլուի։Թուրքիա եւ Պրազիլ, որոնք Իրանի հետ հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնութիւն մը կնքած են, թիւ 1929 որոշումին դէմ քուէարկեցին։ ՄԱԿ-ի մօտ անոնց պատուիրակները յայտնեցին, որ Թեհրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ։ Անոնք յայտնեցին, որ Իրանի հետ իրենց գոյացուցած համաձայնութիւնը կարդարացնէ իրենց կեցուածքը։ Իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ անմիջապէս յայտարարեց, որ պատժամիջոցները արժանի են աղբ նետուելու ։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ ։
Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միխայէլ Փոսթլ երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը շեշտէ Աւստրիոյ հետ կապերը երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը կարեւոր ներդրում ունենայ այդ գործին մէջ։ Դեսպանը տեղեկացուց, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարին՝ յառաջիկային Հայաստան կատարելիք այցելութեան նպատակն է մշակել փոխադարձ գործակցութեան նոր ծրագիրներ, յատկապէս՝ տնտեսութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱ ՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊՐԻՒՔՍԷԼ
Երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, մասնակցելու համար 10-11 յունիսին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային ապահովութեան աջակցող ուժերու մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստերուն։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԱՊՀ-Ի, ԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏ ։
11-12 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի նիստը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, Խըրխըզիստանէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտաւիայէն, Յունաստանէն, Հունարիայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Շուէտէն եւ Պաղեստինէն։

ԿՐԵԿՈՐԻ ՔԱՐԱՍԻՆ ԵՒ ֆԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ։
՝՝Gazet.aru՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին ործոց փոխնախարար Կրեկորի Քարասինի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը։ Հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ռուսիան կը պնդէ, որ շուտափոյթ կերպով Անդրկովկասի մէջ ուժի կիրարկումի բացառման մասին պարտաւորութեան իրաւաբանական ամրագրման տարբերակ որոնուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.