2010-06-09 12:56:50

Քահանայական տարւոյն Փակումը։


Քահանայական տարւոյն Փակումը։

Վատիկանի ճամբորդական կազմակերպութիւնը ''Օpera Romana Pellegrinaggi''ն՝ յայտարարած է թէ Քահանայական Տարւոյն փակման տօնախմբութեան առթիւ, որ ներկայիս տեղի կ'ունենայ Հռոմի մէջ, աշխարհի 91 տարբեր երկիրներէ Հռոմ ժամանած են, աւելի քան 9,500 քահանայ մասնակցելու' նախատեսուած զանազան արարողութիւններուն։ Վերոյիշեալ թիւին աւելցնենք նաեւ կղերականները որ արդէն Իտալիայ կը գտնուին եւ որոնց թիւը 4 – 5 հազարի կը հասնի։



Յունիս 9ին, յետ միջօրէին, Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալեմաննոն մայրաքաղաքի թանգարանի ''Բիէթրո տա Գորթոնա'' դահլիճին մէջ պիտի ընդունի հռոմ ժամանած քահանաներու պատուիրակութիւն մը։



Նախատեսուած են զանազան հաւաքներ եւ պաշտամունքային պահեր Հռոմի այլ Տաճարներու մէջ ինչպէս Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Յովհաննէսի տաճարները եւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարի հրապարակը։



Փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը նախատեսուած է ուրբաթ 11 յունիսի ժամը 9.30 ին։ Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ համապատարագին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ՝ աւելի քան 15.000 քահանաներու։ Ասիկա նկատուած է ամենամեծ համապատարագի արարողութիւնը որ մինչեւ այսօր երբէք տեղի չէ ունեցած Հռոմի մէջ։ Հաշուի առնելով նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, սուրբ հաղորդութեան բաշխումին համար նախատեսուած են գրեթէ 400 սարկաւագներ եւ քահանաներ ։



Ժամը 9,10-էն մինչեւ 9.40 նախատեսուած են զանազան լեզուներով հոգեւոր երգեցողութիւններ ի պատրաստութիւն Սուրբ Զոհին։ Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը Պատարագը պիտի մատուցէ ''Գիւրէ Տարսի'' անձնական սկիհով ե աւարտին Արսի սուրբ քահանան պիտի հռչակէ ՜՜պաշտպան սուրբը բոլոր քահանաներուն՝՝ վերանորոգելով քահանաներու նուիրումը Սուրբ Կոյս Մարիամին այնպէս ինչպէս ըրած էր վերջերս ֆաթիմայի ուխտագնացութեան ընթացքին։



Նախատեսուած է նաեւ Արսի սուրբ քահանային մեծադիր նկարի զետեղումը սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամի վրայ։



Քրիստոնէութեան կեդրոն ՜՜Հռոմի՝՝ մէջ տեղի ունեցած այս քահանայական համաշխարհային համահաւաքի բնաբանն է ''Քրիստոսի հաւատարմութիւն, քահանայական հաւատարմութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.