2010-06-09 12:56:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. ՜Առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնը՝՝ նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 9 Յունիս 2010` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն ։ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ յատկապէս ՝ անցեալ շաբաթ Կիրպոս կատարած՝ առաքելական ճամբորդութեան մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յունիս 4-6 Կիպրոս կատարած առաքելական ճամբորդութիւնս եղաւ պատմական դէպք մը, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Հռոմի Եպիսկոպոսը` Քահանայապետը ոտք կը դնէ այդ հողին վրայ, օրհնուած Պետրոս եւ Բարնաբաս սուրբերէն։ Կիպրոս գացի որպէս ուխտաւոր. նաեւ ամրապնդելու հաւատքը Միջին Արեւելքի կաթողիկէներուն եւ զանոնք քաջալերելու որպէսզի շարունակեն իրենց ջանքը Եկեղեցիներու միութեան ի սպաս։

Բաֆոսի մէջ յուզիչ ծիսակատարութեան ընթացքին, մասնակցութեամբ Քրիստոստոմոս Բ օրթոտոքս եպիսկոպոսապետին, բոլոր եկեղեցիները վերանորոգեցին իրենց համամիութենական յանձնառումը, յայտնելով իրենց բաղձանքը տեսնելու՝ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու կատարեալ ու տեսանելի հաղորդութիւնը։

Նոքոզիայի մէջ հանդիպում ունեցայ մարոնի, հայ եւ լատին երեք ծէսերէ կազմուած կաթողիկէ համայնքին հետ, հրաւիրելով զանոնք վկայութիւն տալու Աւետարանին ու աշխատելու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ ներդաշնակութեամբ գործելու կրօններու ու մաշկոյթներու միջեւ։ Նոյնպէս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, քաջալերեցի կաթողիկէները չգաղթելու, որովհետեւ իրենց ներկայութիւնը յոյսի անփոխառինելի նշան է։ Հուսկ՝ պատարագին ընթացքին Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսապետերուն յանձնեցի յառաջիկայ սիւնոդոսի աշխատանքային թղթածրարը, որ ունի որպէս բնաբան. ''Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցին` հաղորդութիւն եւ վկայութիւն''։ Աղօթքս է որ Ս. Հոգին ամրապնդէ բոլորիս ջանքերը որպէսզի ամէնքս ըլլանք մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, միասնաբար կերտելու խաղաղութեան, բարեկամութեան ու եղաբայրակցութեան ապագայ մը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար եւ նեցուկ կենան անոնց եւ մասնաւորապէս ըսաւ Սրբազան Հայրը, աղօթեցէք քահանայական տարւոյն աւարտին, ձեր քահանաներուն ու ժառանգաւորներուն համար, թող Տէրը վեհանձն մշակներ ուղարկէ իր Այգիին, առաջնորդելու՝ Աստուծոյ ժողովուրդը դէպի սրբութիւն։

Թող Տէրը առաջնորդը ըլլայ ձեր կեանքին եւ սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ. ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով՝ որ յառաջիկայ ուրբաթ օրը Յիսուսի Ս. Սրտի տօնն է։ Աղօթեցէք նոր սերունդին համար, որպէսզի անոնք սատարեն քաղաքակիրթ ընկերութեան մը հաստատումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.