2010-06-09 13:00:32

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ուրուկուէյի ՜՜Կոմիտաս՝՝ ռատիոժամը 75 տարեկան ։

Կոմիտաս ռատիոժամը Սփիւռքի առաջին հայկական ռատիոկայաններէն է, ան եղած է,ՀՅԴ-ի Վռամեան ակումբի պաշտօնական ձայնը։ Ան Ուրուկուէյի հայ համայնքի խօսնակն է եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունի իր անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը։ Այս տարի ՜՜Կոմիտաս՝՝ ռատիոժամը կը բոլորէ իր 75-րդ տարին։

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի Կոմիտաս ռատիոժամի հիմնադրման 75-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն։ Այս առթիւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը Հրանուշ Յակոբեան։ Ելոյթներ ունեցան Կոմիտաս ռատիոժամի տնօրէնը՝ Կարօ Հեքիմեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահը, եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան։ Ապա տեղի ունեցաւ համերգային ճոխ ծրագիր։



Պարոնուհի Գարոլայն Քոքսի Հերթական 70-րդ այցը Արցախ ։

Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի փոխ խօսնակի հետ Արցախ ժամանեց նաեւ 10 հոգինոց օտարերկրացիներու խումբ մը, որոնք ըստ Գ. Քոքսի, անոր ընկերներն են, որոնք տարբեր երկիրներէ միացան պարոնուհիին՝ մօտէն ծանօթանալու համար Արցախի մշակոյթին եւ հերոսական անցեալին։ Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մինչեւ Յունիս 8-ը Արցախ պիտի գտնուի։ Նախատեսուած են հանդիպումներ ԼՂՀ պետական եւ հոգեւոր անձերու հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրերը։



«Լոս Անճելըս Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կորքիի Ցուցահանդէսին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը Երեքշաբթի, Յունիս 8ի թիւի' արուեստներու բաժնին առաջին էջով անդրադարձած է Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութեանց նուիրուած՝ «Արշիլ Կորքի՝ յետադարձ ակնարկ» ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 6ին, Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:

Յօդուածագիր Քրիսթոֆըր Նայթը կու տայ Կորքիի հակիրճ կենսագրականը՝ խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով Կորքիի կրած կորուստներուն մասին, ապա կը գրէ ամերիկեան եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ Կորքիի որոշիչ դերակատարութեան, անոր ազդեցութեանց եւ հետեւորդներուն մասին:

Յօդուածագիրը ցուցահանդէսը կը նկատէ 1981ին «Կուկընհայմ»ի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսէն ի վեր՝ Կորքիի գործերուն նուիրուած ամենաամբողջականը, եւ կը շեշտէ, թէ պէտք չէ փախցնել զայն, յատկապէս, որովհետեւ միջանկեալ տարիներուն շատ նոր բացայայտումներով հարստացած է Կորքիի կեանքին եւ արուեստին պատմութիւնը:

Մատնանշելով, թէ ցուցադրուած են Կորքիի 73 նկարչութիւնները, 49 գծագրութիւնները եւ երեք փոքր արձանիկներ՝ ան ցուցահանդէսին կարեւորագոյն իրագործումը կը նկատէ երեք անջատ սենեակներու մէջ ցուցադրուած գործերը:



Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու Յիշատակի հանդիսութիւն Պէյրութի Սրբոց Հռիփսիմեանց անուան բարձրագոյն վարժարանին մէջ։

Վարժարանի պաշտպան Ս Հռիփսիմեանց կոյսերու օրհնաբեր տօնին յիշատակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ միջնակարգի եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները։

Պատարագիչ քահանան՝ գերյ. Հ. Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան օրուան խորհուրդը անգամ մը եւս վեր առնելով աշակերտներուն յիշեցուց անեղծ հաւատքի ճամբով երկնային սուրբ հոգիներու հետ հաղորդակից դառնալու սրբագոյն ուղիները եւ յորդորեց ամէնօրեայ աղօթքներով հեռու մնալ երկրային բազմապիսի չարիքներէն։

Ս պատարագէն ետք վարժարանի աշակերտները՝ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին նաեւ ներկայացում՝ Գայիանեաց եւ Հռիփսիմեանց սուրբ կոյսերու մասին անոնց պատմական հանգրուանները՝ մինչեւ անոնց մարտիրոսացումը եւ Գրիգոր լուսաւորչի հրաշագործ կենդանութեամբ Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացումը։ Ապա վարժարանի տնօրէնուհին քոյր Արմինէ Մակարոսեան գնահատելով աշակերտներու ներկայացումը, պատգամեց սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրագործական օրինակով անաղարտ պահել մեր քրիստոնէական Ս հաւատքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան մրցանակաբաշխութիւն, բոլոր կարգերու լաւագոյն աշակերտ աշակերտուհիներուն, առ ի գնահատանք իրենց հայրենի լեզուին նկատմամբ ունեցած բծախնդիր եւ աչալուրջ աշխատանքին։ Յիշենք որ երկրորդականի դասարաններու մրցանակ-հատորները տրամադրուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.