2010-06-08 12:05:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը պատրաստուի տօնախմբելու փակումը քահանայական տարւոյն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը պատրաստուի տօնախմբելու փակումը քահանայական տարւոյն։ Տասնեակ հարիւրաւոր քահանաներ արդէն Հռոմ կը գտնուին արարողութեան մասնակցելու։

19 յունիս 2009ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հռչակեց Քահանայական Տարին, ունենալով որպէս բնաբան ''Քրիստոսի հաւատարմութիւնը, քահանային հաւատարմութիւնը''։

Քահանայական տարւոյն փակման արարողութիւնը.

Երեք օրուայ աղօթքի հաւաք, 9-11 յունիս 2010, զանազան երկիրներէն եկած բազմահազար քահանաներու մասնակցութեամբ։

Նշենք թէ փակման արարողութեան կը մասնակցին Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորներն ու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի մեծաւորը` գերյ. Հ. Միքայէլ Ծ.Վրդ. Մուրատեան, Հալէպէն ու Եգիպրոսէն եկած հայ եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ։

Փակման արարողութեան նախօրեակին` յունիս 10-ին, գիշերային աղօթքի հսկում կը կատարուի Ս. Պետրոս հրապարակը, գլխաւորութեամբ՝ Պենետոկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։ Յաջորդ օրը ձայնաւոր պատարագ պիտի մատուցուի հանդիսապետութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ կարտինալներու, եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու։

Քահանաներուն հանդիպումը Քահանայապետին հետ պիտի սկսի, (ինչպէս ըսինք) -Ա. Սրբազան Հօր հետ յունիս 10ին երեկոյեան ժամը 9.30ին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Կղերի ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Հիւմմէսի միջամտութենէն ետք, Սրբազան Հայրը պիտի պատասխանէ զանազան ցամաքամասերէ եկած՝ քահանաներու հարցումներուն։ Հանդիպումին աւարտին Նորին Սրբութիւնը աղօթք մը պիտի արտասանէ շարադրուած քահանայական տարւոյն առիթով։

Այլ յայտագրեր եւս նախատեսուած են, ուր զանազան վայրերէն քահանաներ` ֆրանսայի Արս գիւղէն, Երուսաղէմի վերանատունէն, Պուէնս Այրէսէն եւ Հոլիւուտէն իրենց փորձարութիւնը պիտի պատմեն հեռուստատեսիլի միջոցաւ։

Յունիս 11` տօնն է Յիսուսի Սուրբ Սրտին. Նորին Սրբութիւնը կը հանդիսապետէ պատարագը Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Փակման արարողութեան ընթացքին քահանաները պիտի վերանորոգեն իրենց քահանայական խոստումները։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը Արսի սուրբ քահանան պիտի հռչակէ որպէս պաշտպան սուրբը բոլոր քահանաներուն։ Կղերի ժողովի գնահատումով աւելի քան 12 հազար քահանաներ կը մասնակցին այս հաւաքին, ընկերակցութեամբ 200 եպիսկոպոսներու։

Նշենք թէ Գոլոնիայի, Քեպեքի, Փարիզի եւ Ս. Աթոռի քարտուղար կարտինալները իրենց միջամտութիւնը պիտի բերեն երեք օրերու ընթացքին։

Նոյնպէս նախատեսուած է գիտաժողով մը ''բարի Հովիւի օրինակով, 21-րդ դարու քահանան'' նիւթին մասին, Թագուհի Առաքելոց քահանայապետական համալսարանին մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Կիպրոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, յունիս 5ին, կաթողիկէ համայնքին առջեւ մատնանշեց թէ Եկեղեցին վերանորոգ գիտակցութեամբ կ'ուզէ որ իր քահանաները ըլլան բարի, սուրբ եւ լաւ պատրաստուած։

վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը Օսսերվաթորէ Ռոմանօ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիրպոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին խօսելով կը վերնագրէ ''Յիշատակելի յաջողութիւն''։

Առաքելական ճամբորդութիւնը կարեւոր էր նախ եւ առաջ Կիրպրոսի համար, որ կը տառապի կեղծ բաժանումէ մը։ Նոյնպէս այս ճամբորդութիւնը սատարեց կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու մօտեցումին։ Այս մօտեցումը կարող է սատարել Միջին Արեւելքի ապագային։ Վերոյիշեալ օրաթերթին տնօրէնը կ'ընդգծէ թէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան միակ ընթացքը կը կայանայ միաստուածեան երեք կրօններու` քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ հրեաներու հանդիպումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.