2010-06-07 13:20:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՓԱՏՈՎԵԶԷ-Ի ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ։
Անցեալ հինգշաբթի իր վարորդին կողմէ սպաննուած Սուրբ Աթոռի Անատոլուի Առաքելական Տեղապահը Գերապայծառ Փատովեզէի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՝ունենայ Իսքէնտէրունի մայր եկեղեցիին մէջ գլխաւորութեամբ Իզմիրի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ռուճճէրօ ֆրանչեսքինիի,ապա ողբացեալին մարմինը պիտի փոխադրուի իր ծննդավայրը Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը հանգչելու համար իր մօրը քով ընտանեկան դամբարանի մէջ։ Յուղարկաւորութեան ներկայ կ՝ըլլան Անտիոքի բոլոր քրիստոնեաները,կաթողիկէներ եւ օրթօտոքսներ,Եպիսկոպոսներ,Առաքելական Նուիրակը եւ Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւնները։ Նշենք որ Կաթողիկէ Եկեղեցին Անտիոք բերող առաջին վեղարաւոր կրօնաւորը իտալացի հայր Պազիլիօ Տա Նովարա 1851ին կը փողոտուէր,ինչպէս որ պատահեցաւ հաշտութեան ու երկխօսութեան մարդ Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէ-ի։
ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՊՈԼԻՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ։
՝՝ԻՐՆԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երկօրեայ այցելութեամբ մը կը մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Ասիոյ մէջ վստահութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման համաժողովի երրորդ խորհրդակցութեան, որ կը սկսի այսօր։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի գլխաւորութեամբ տեղի ունենալիք համաժողովին պիտի մասնակցին Ասիոյ մէջ վստահութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման համաժողովի անդամ երկիրներու ղեկավարները, որոնց շարքին՝ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ ուրիշներ։ Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք խորհրդակցութեան օրակարգին վրայ է հիւլէական զէնքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին քննարկումը։ Ներկայիս սոյն համաժողովը ունի քսան անդամ-պետութիւն։
՝՝ՌԷՅՉԸԼ ՔՈՐԻ՝՝ ՆԱՒՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ՎՏԱՐՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ։
Կազայի շրջափակումը խզել փորձած իրլանտական ՝՝Ռէյչըլ Քորի՝՝ նաւուն վրայ գտնուող խաղաղութեան գործիչները երէկ վտարուեցան Իսրայէլէն, մինչ Կազայի շրջափակումը վերացնելու կոչերը հետզհետէ աճ արձանարեցին։ Նաւուն վրայ կը գտնուէին տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ՝ վեց մալեզիացիներ, քուպացի մը, հինգ իրլանտացիներ, ներառեալ՝ Նոպելեան մրցանակակիր Մայրիտ Մակուայըր, վեց ֆիլիփինցիներ, առաւել՝ սկովտիացի նաւավարը։ Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր շաբաթ օր գրաւեցին նաւը եւ զայն առաջնորդեցին Աշտոտի նաւահանգիստը։ Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերու տեղակալ Ճոն Հոլմզ յայտնեց, որ անցեալ երկուշաբթի օրուան աղէտը պէտք է օգտագործուի իբրեւ Կազայի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու առիթ մը։ Ասիկա տրամաբանական քաղաքականութիւն մը չէ։ Ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու չօժանդակեր(ըսաւ ան)։ Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու ըսած է որ ՝՝պիտի չըլլայ յարաբերութիւններու բնականոնացում իսրայէլի հետ, մինչեւ որ այս վերջինը կը մերժէ ՄԱԿի առաջարկած հետաքննիչ յանձնախումբի մը կազմութիւնը ՝՝ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ՄԱՎԻ ՄԱՐՄԱՐԱ թրքական նաւին դէմ 9 զոհեր պատճառած Իսրայէլեան յարձակումի հարցը հետաքննելու համար։
ԹՈՒԱԲԱՆԱԳԷՏ ՓՈԼ ԿԱ ՐԱՊԵՏԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է։
13 մայիսին Մանհաթընի իր բնակարանին մէջ մահացած է թուաբանագէտ Փոլ Կարապետեան, որուն համակարգչային հաշուարկումները օժանդակած են արդի ճամբորդատար օդանաւերու վառելանիւթի խնայողութեան նպաստող թեւերու կառուցման։ Կարապետեան 82 տարեկան էր։ Ան Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ թուաբանութեան դասախօս էր եւ համալսարանի թուաբանական գիտութեանց բաժանմունքի ղեկավարներէն։ Ան անդամ էր Միացեալ Նահանգներու Գիտութեանց Ազգային Ակադեմիային եւ Արուեստից ու Գիտութեանց Ամերիկեան Ակադեմիային։ Ան տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու։
ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՈՒՐԵՐ ։
Կրասնոտարի "Երկրամաս" թերթը կը հաղորդէ, որ խումբ մը իսրայէլացի ուսանողներ որոշած են Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին թուրքերու արարքներէն վնասներ կրած հայերու եւ քիւրտերու համար նախատեսուած մարդասիրական օժանդակութեամբ "Խաղաղութեան նաւատորմիղ" կազմել եւ ուղղուիլ Թուրքիա։
Իսրայէլեան "Ճերուզալէմ Փոսթ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ օրերուն իսրայէլեան "Ազատութեան նաւատորմիղ" մը "Վերջ թրքական բռնագրաւումին" կարգախօսով պիտի ուղղուի դէպի Հիւսիսային Կիպրոս։







All the contents on this site are copyrighted ©.