2010-06-05 12:49:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Կիրպոս:


Շաբաթ 5 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոս այցելութեան Բ. օրը, Նորին Սրբութիւնը, առաւօտեան ժամը 9.15 անց հասաւ նախագահական պալատը տեսակցութիւն ունենալու Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահին, երկրի քաղաքական իշխանութիւններու եւ դիւանագիտական մարմնին հետ։ Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց բարեյիշատակ Մագարիոս եպիսկոպոսապետի յուշակոթողին առջեւ։

Իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ոգեկոչեց Մագարիոս եպիսկոպոսապետին անձն ու գործունէութիւնը ի սպաս ընկերութեան բարիքին։ Կրօնական գետնի վրայ, ըսաւ Սրբազան հայրը, մենք անդամ ենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին` ստեղծուած՝ Արարիչ Աստուծմէ եւ կանչուած ենք աշխատելու մարդկային ազգին միութեան համար հիմնուելով մշտական արժէքներու վրայ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՜՜բարոյական ստիպողութիւնը՝՝ պէտք է նկատել որպէս ՜՜արտայայտութիւնը Աստուծոյ իմաստութեան՝՝, որուն մարդկային ազատութիւնը ինքնափուխ կ'ենթարկուի։

Ապա Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Նիքոզիայի կաթողիկէ համայնքին հետ, մարոնիներու դպրոցի մարզադաշտին մէջ։

Իր արտասանած խօսքով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Կիպրոսի կաթողիկէները մեծ ջանք թափելու՝ եկեղեցւոյ միութեան համար, սիրոյ մէջ, քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալներու հետ եւ երկխօսութիւնը հաստատելու՝ ոչ քրիստոնեաներուն հետ։ Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աղօթելու քահանայական կոչումներու համար։ Եկեղեցին մեծ կարիք ունի բարի, սուրբ եւ լաւ պատրաստուած քահանաներու։

Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ. իր խօսքը ուղղեց դաստիարակներուն, ՜՜Եկեղեցին, ըսաւ ան, մեծապէս կը գնահատէ ձեր աշխատանքը, որ անբաժան մէկ մասն է Եկեղեցւոյ ժառանգութեան։ Շարունակեցէք բարիք սփռել ձեր ընկերութեան մէջ, թող Տէրը ձեզ օրհնէ։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.Կիպրոսի կաթողիկէներ`ձեր ներդաշնակութիւնը մշակեցէք ընդհանրական Եկեղեցւոյ ոգիով։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանաւորութեան ու Պօղոս եւ Բարնաբաս սուրբերու բարեխօսութեան։

Իսկ կէսօրին Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ՝ գերերջանիկ Քրիստոստոմոսի հետ եւ որուն ճաշի հիւրը եղաւ։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Կղզիի կղերին եւ կրօնուսոյցներու մասնակցութեամբ Նիքոզիայի լատիներու ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ եկեղեցւոյ մէջ։

Ուրբաթ օրը, 4 Յունիս 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յետմիջօրէին գլխաւորեց համամիութենական ժամասացութիւնը Աճիա Քիրաիաքի սրբավայրին մէջ։ Յայտնենք թէ այս Սրբավայրը կը յաճախեն Կիպրոսի քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալները։ Իր ուղղած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ եղբայրական երկխօսութեան ու համագործակցութեան քրիստոնեաներու միջեւ։ Նախապէս Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ որոշ խոչընդոտներու պատճառաւ տակաւին կատարեալ միութիւն չէ հաստատուած, սակայն լիայոյս եմ որ օր մը պիտի կարենանք իրականացնել Յիսուսի աղօթքը. որ է ՜՜ըլլալ մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի'' նշանաբանը՝ Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոսի առաքելական ճամբորդութեան։ Իր կարգին Կիպրոսի օրթոտոքս եպիսկոպոսապետը իր խօսքին մէջ բուռն յարձակում կատարեց թրքական բռնագրաւումին դէմ։ Թուրքերը, ըսաւ ան, կ'աշխատին ջնջել քրիստոնեաներու ներկայութիւնը հիւսիսային Կիպրոսի մէջ ։

Սրբազան քահանայապետի այցը Կիպրոս

Դժուար եւ բարդ ճամբորդութիւն մը, տագնապալի շրջանի մը մէջ, ուր դժուար է անջատել քաղաքականութիւնը կրօնքէն։ Բաֆոսի մէջ տեղի ունեցած համամիութենական արարողութեան ընթացքին եւս Քրիզոստոմոս Արքեպիսկոպոսը իր արտասանած ճառին մէջ, ամբաստանեց թուրքիոյ կառավարութիւնը իր տարած ''ցեղային մաքրագործումի՝՝ ոճիրին համար, խօսելով թուրքիոյ կողմէ զինուորական ոյժով բռնագրաւուած հողերու մասին հիւսիսային շրջանին մէջ։ Ան շեշտը դրաւ հնադարեան եւ արժէքաւոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու դէմ գործուած կողոպուտի եւ կործանումի վրայ, հայցելով՝ Սրբազան Քահանայապետի նեցուկը։ Իր կարգին Պենետիկտոս ԺԶ. շեշտեց կարեւորութիւնը '' համամիութեան երկխօսութեան'' ։ Արարողութեան ներկայ էին աւելի քան 4000 հոգի, նախատեսուածէն աւելի' հաւաքուած 12րդ դարուն կառուցուած՝ համամիութեան խորհրդանիշ' ՜՜Բաֆոսի՝՝ եկեղեցւոյ առջեւ որուն դռները միշտ բաց եղած են երեք քրիստոնեայ համայնքներուն։

Տեղական զանգուածային լրատութեան միջոցները առաջին էջերու վրայ ընդարձակօրէն անդրադարձան Սրբազան Քահանայապետի ճամբորդութեան։ Նշենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը Կիպրոսը կ'այցելէ։ Նոյն էջերու վրայ անդրադարձներ կան նաեւ Գերապայծառ Բատովեզէի՝ Վատիկանի առաքելական տեղապահի սպաննութեան մասին, որ Թուրքիոյ մէջ երկու օր առաջ տեղի ունեցաւ։ Կիպրացիները կը յուսան որ Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութիւնը, գրաւէ միջազգային աշխարհի ուշադրութիւնը Կիպրոսի աշխարհաքաղաքական կացութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.