2010-06-04 13:56:43

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ ՄԵՌԱԾ ԳՏՆՈՒԱԾ ԻՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ։
Հրանդ Տինքի դատավարութեան Տինքի ընտանիքը ներկայացնող թուրք փաստաբան 40-ամեայ Հաքան Քարատաղ, իր տան մէջ մեռած գտնուած է։ Փաստաբանը երէկ իր նշանածը Չիյտէմ Փամուքչուի հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է վիճաբանելով նշանածին հետ,որը գիշերը ուշ ատեն մտահոգուելով գացած է Փաստաբանին տունը, ուր զայն գտած է մեռած, կազի խողովակէն կախուած վիճակի մէջ ։ Ոստիկանութիւնը սկսած է հետաքննութեանց։ Միւս կողմէ Հրանք Տինքը սպաննող Օկիւն Սամասթ-ի փաստաբանը Լէվէնդ Եըլտըրըմի եւ Տինքի ընտանիքը ներկայացնող մեռեալ փաստաբանի միջեւ վերջին դատավարութեան ընթացքին բանակռիւ մը տեղի ունեցած էր Տինքի ոճրագործին ՝՝սպառնալիքին ՝՝պատճառով Տինքի փաստաբանին հասցէին ։

ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՓԱՏՈՎԵԶԷՅԻ 26-ԱՄԵԱՅ ՎԱՐՈՐԴԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ԱՐԱՐՔԸ։

Անատոլուի Մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Տեղապահը Գերապայծառ Փատովեզէ երէկ յետ միջօրէին դաշիւնահարուած գտնուած էր իր ամարանոցի տան պարտէզին մէջ,փոխադրուելով հիւանդանոց Գերապայծառը ստացած ծանր վէրքերու հետեւանք վախճանեցաւ։ Արդէն առաջին կասկածելին եղող իր թուրք վարորդը 26-ամեայ Մուրադ Ալթուն երէկ ձերբակալուեցաւ մինչ դաշիւնը ձեռքը կը թափառէր։ Ըստ ոստիկանութեան տեղեկութեանց ու նաեւ Գերապայծառի օգնական տիկինի վկայութեանց վարորդը ամիսէ մը ի վեր հոգեկան խանգարումի ենթակայ էր ու կը դարմանուէր,անոր հայրը ֆերհան Ալթուն 20 տարի աշխատած էր Իսքէնտէրունի կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ եւ թէ 2006-ին կոչուած էր հանգստեան ։ Անգարայի Կառավարութեան մօտ Իտալիոյ Դեսպանը Գարլօ Մարսիլի սերտ հաղորդակցութեան մէջ է թրքական պատկան իշխանութեանց հետ։ Այս առթիւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Տավութօղլու հեռաձայնած է Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար ֆրաթթինիին անձնապէս յայտնելով իր ցաւակցութիւնները։ Գերապայծառ Լուիճի Բատովէզէ իր այս պաշտօնը ստանձնած էր 2004-ին։ Ան պիտի մասնակցէր, այսօր սկիզբ առած ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս կատարած հովուական այցելութեան, այդ շրջանի այլ կաթողիկէ պատրիարքներու ու եկեղեցական պատասխանատուներու հետ միասին։ Յիշենք որ 2006-ին՝ այլ կաթողիկէ քահանայ մը Իտալացի Հայր Անտրէա Սանթորօ սպաննուեցաւ Թրապզոնի մէջ, արարքը վերագրուեցաւ ծայրայեղ թուրք ազգայնապաշտ երիտասարդի մը։
«ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԶԱՐՏՈՒՂՈՒԹԻՒՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՐԻ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ ։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան պէտք է զիջումներ կատարեն։
Ըստ անոր, ոչ մէկ կողմի ձեռնտու է ՝՝սթաթիւս քոն՝՝։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է քաղաքական զօրաւոր կամք դրսեւորեն այդ տագնապին խաղաղ լուծումը գտնելու համար, քանի որ այդ որոշման պարագային ոչ մէկ կողմ 100 առ հարիւր իր ուզածը պիտի ստանայ։ Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։ Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՝ողջունեն Հայաստանի նախագահին գործողութիւնները՝ արձանագրութիւններու վաւերացումը կասեցնել, սակայն դուռը բաց ձգել՝ սպասելով, թէ Թուրքիա ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ զանոնք վաւերացնելու։ Մ. Եովանովիչ ընդգծեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը պիտի նպաստէ ինչպէս երկու երկիրներու, այնպէս ալ շրջանի զարգացման։ Ըստ անոր, Հայաստան չի կրնար փակ սահմաններու պայմաններուն մէջ զարգանալ։ Փակ սահմանները զարտուղութիւն են 21-րդ դարուն(յայտնեց ան) ։ Դեսպանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ բացի հայ-թրքական սահմանէն, բացուի նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանը։
ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԿԱԽԷ ։
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեանց նախարար Թաներ Եըլտըզ երէկ յայտնեց, որ մինչեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները չբնականոնանան, Թուրքիա Իսրայէլի հետ ուժանիւթի որեւէ ծրագիր պիտի չմշակէ։ Եըլտըզ յայտնեց, որ Թուրքիա ՝՝Կապոյտ հոսք 2-ի՝՝ ճամբով Մանաւկաթ-ի ջուրի կամ բնական կազի փոխադրութեան կարելիութեան վերաբերեալ գործընթացը սկսելու որեւէ նպատակ չունի։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը սկսաւ թրքական խորհրդարանին կողմէ մայիսին որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու օրէնսդրական ծրագիրը չեղեալ յայտարարելու ընդդիմութեան ներկայացուցած պահանջի քննութեան։ Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Սահմանադրական Դատարանը ծրագրին առնչութեամբ իր վերջնական որոշումը պիտի յայտարարէ 8 յունիսին։
Նշենք որ 6 մայիսին Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբաթեայ քննարկումներէ եւ վէճերէ ետք ընդունած էր իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու Օրէնսդրական Ծրագրը։ Սակայն Թուրքիոյ ընդդիմադիր մեծագոյն՝ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը դիմած էր Սահմանադրական Դատարան, զայն չեղեալ յայտարարելու պահանջով։







All the contents on this site are copyrighted ©.