2010-06-04 13:50:18

2010-ը՝ Քահանայական Տարին։ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։


2010-ը՝ Քահանայական Տարին։ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՔԱՀԱՆԱՆ՝ՍՈՒՐԲ ԺԱՆ ՄԱՐԻ ՎԻԱՆՆԷ ՍՈՒՐԲԸ։

Առաջին տպաւորութիւնը հաւատացեալներուն մօտ իրենց սուրբ ժողովրդապետին մասին՝ անոր բարութիւնն էր։ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէ բարի մարդ էր, խորապէս մարդասէր, ուշադիր եւ հոգատար ամէն մէկուն հանդէպ։ Քահանայ մըն էր, որ մարդիկ Աստուծոյ կը մօտեցնէր ուղիղ ճամբով։ Արսի գիւղացի մը այսպէս կը վկայէ անոր մասին. ՝՝Երբ իրեն մօտ ըլլայինք, կը փափաքէինք աւելի բարի դառնալ՝՝։ Աղքատասէր եւ խոնարհ ժողովրդապետը ինքզինք լիովին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ յանձնած էր, եւ ամբողջովին իր հաւատացեալներուն բարիքին նուիրուած էր։
Ինչ որ կը տպաւորէր իր ժամանակիցները՝ իր երկար աղօթքի պահերն էին տապանակին առջեւ, Աստուծոյ մտերմութեան մէջ, բոլորովին անձնատուր Աստուծոյ կամքին։ Անոր երեսը պայծառացած կերեւար։ Ի՜նչ ուրախ հանդիպումներ ունէր Աստուծոյ հետ՝ իսկական բարեկամութիւն ցոյց կու տար։ Աղօթ՟քի մարդ ըլլալով, Արսի ժողովրդապետը Աստուծոյ մարդ դարձած էր։
Աղօթքին հետ միասին զինք կը հրապուրէր սուրբ Հաղորդութիւնը։ Տապանակին նայելով կը բացագանչէր ըսելով. ՝՝Հոս է՝՝ եւ կաւելցնէր. ՝՝Սուրբ Հաղորդութենէն աւելի մեծ բան չկայ՝՝։ Շատ տպաւորուած էր մտածելով, որ Աստուած ներկայ է տապանակին մէջ մեզի համար, եւ կը յարէր. ՝՝Մեզի կը սպասէ՝՝։
Տարիներու ընթացքին, հազարաւոր մարդիկ Արս գիւղը ուղղուեցան այն տեղի ժողովրդապետին քով խոստովանանք ըլլալու համար։ Երբեմն, օրական մինչեւ իսկ տասնեօթ ժամ գամուած կը մնար խոստովանատունը՝ մարդիկը հաշտեցնելու համար Աստուծոյ հետ եւ իրարու հետ։ Խոստովանարանի իսկական նահատակ մըն էր։ Այնքան յափշտակուած էր Աստուծոյ սէրէն, որ ապշութիւն կը նկատէր ուզել ՝՝Աստուծմէ հեռանալ՝՝։ Կը փափաքէր, որ ամէն մարդ ճանչնար Աստուած եւ զայն վայելէր եւ սիրէր, համոզուած ըլլալով, որ Աստուած մեզ կը սիրէ անհուն կերպով, առանց պայմանի եւ առանց չափի։
Արսի ժողովրդապետը կը տեսնէր Յիսուսի պատկերը ամէն մարդու մէջ։ Ասոր համար, կաշխատէր բոլորին օգնելու եւ տառապեալին ցաւերը ամոքելու, որպէսզի ամէն մարդ երջանիկ ըլլայ։ Որբանոց եւ դպրոց հիմնեց։ Յատուկ կերպով աղքատները եւ հիւանդները իր խնամքը կը վայելէին։ Իր ուշադրութենէն ոչինչ կը վրիպէր։ Կը պաշտպանէր ընտանիքները ամէն տեսակ վտանգէ։
Իր այս բոլոր բարեմասնութիւններուն եւ յատկութիւններուն համար է, որ 1929ին Պիոս ԺԱ. Սրբազան Քահանայապետը զինք հռչակեց ժողովրդապետներուն պաշտպան Սուրբը։ Իսկ ներկայ Սրբազան Պապը զինք հռչակեց աշխարհի բոլոր քահանաներուն պաշտպան սուրբը։ Իրօք, Արսի ժողովրդապետը կարելի է նկատել իբր պարտաճանաչ ժողովրդապետի տիպար օրինակ։ Բացառիկ հովիւ էր, բայց մանաւանդ վկայ էր Աստուծոյ գուրգուրանքին՝ մարդոց հանդէպ։
Կը պատմուի, որ երբ առաջին անգամ կուղղուէր Արս գիւղը, փոքր հովիւի մը ճամբուն ուղղութիւնը հարցնելէ ետք, անոր սա խօսքերը կըսէ. ՝՝Ինծի ցոյց տուիր Արսի ճամբան, ես քեզի պիտի ցուցնեմ երկինքի ճամբան՝՝։ Այսինքն ըսել կուզէր թէ՝ քեզի պիտի օգնեմ որ սուրբ ըլլաս։ Ամբողջ կեանքը ուրիշ բան չըրաւ եթէ ոչ մարդիկ յորդորել Աստուծոյ մօտենալու եւ ձգել որ Աստուած զիրենք սրբացնէ, օգտագործելով բոլոր միջոցները Աստուծոյ միանալու համար։ Եւ կրնանք ըսել, որ մեծ մասամբ յաջողեցաւ։ Ֆրանսայի զանազան քաղաքներէն եւ արտասահմանէն իսկ այնքան ժողովուրդ կուգ ար Արս, որ տեղւոյն պատասխանատուները ստիպուեցան ճամբաները հարթել, շոգեկառքերու երթեւեկութիւնը բազմացնել եւ բազմաթիւ փոխադրակառքեր հայթայթել։
Սկզբնական շրջանին, հմուտ քարոզիչ չէր։ Իր Մարկրիթ քոյրը կը վկայէ. ՝՝Տակաւին լաւ չէր քարոզէր, իմ կարծիքովս, եւ սակայն երբ քարոզելու իր կարգը գ ար, մարդիկ եկեղեցի կը վազէին՝՝։
Պէտք է ըսել, որ Արսի ժողովրդապետը քարոզելէ առաջ, երկարօրէն կ՝աղօթէր եւ կը խնամէր իր քարոզները, զանոնք մարդոց հասկնալի եւ դիւրամատչելի դարձնելու համար։ Կը խօսէր խոր համոզումով եւ զինք լսողներուն սէր կարտայայտէր։ Մեծ ճառախօսներ անգամ կուգային զինք լսելու եւ իր իմաստութեան վրայ կը հիանային ու իրմէ կը շինուէին։
Այնքան կը գթար աղքատներուն վրայ, որ օր մը իր նոր տաբատը փոխանակեց մաշած տաբատին հետ մուրացկանի մը, որ ցուրտէն կը թողար։ Երբ օգնական ժողովրդապետ էր, իր ժողովրդապետը եւ ինքը սակաւակեր էին եւ կուտէին խաշած կերակուրներ։ Մահացուցման համար յատուկ գօտի մը կը կապէր, այն աստիճան, որ օր մը իր ժողովրդապետը զինք ամբաստանեց մեծաւորներուն մօտ, իր խիստ մահացուցումներուն համար։
Սրբակեաց հովիւը նշմարած էր, որ իր ժողովուրդը կրօնքին դէմ չէր, բայց Յիսուսի հանդէպ խանդավառութիւն չունէր։ Առաքինութիւն եւ բարեպաշտութիւն բառերը կորսնցուցած էին իրենց արժէքը։ Մարդոց մտահոգութիւնն էր գործը, շահը եւ հաճոյքը։ Եկեղեցի կ՝երթային կիրակի օրը, երբ ժամանակ ունենային։ Միթէ այսօր պատկերը նոյնը չէ՞։ Բայց հայր Վիաննէ չհամակերպեցաւ այս կացութեան։ Եթէ հոգիները կը քնանան, ուրեմն զանոնք պէտք է արթնցնել։ Գիւղին բարեկարգումը ինքիրմէ սկսաւ, ինքնիրեն պարտադրելով կեանքի ծանր զոհողութիւններ։ Հանգստաւէտ կեանքէն փախուստ կու տար։ Առտու կանուխ, արեւածագէն առաջ, տակաւին մութ ատեն, լապտերը ձեռքը բռնած՝ եկեղեցի կերթար եւ խորանին առջեւ ծունկի կուգար ու ջերմագին կ՝աղօթէր։ Կուլար իր եւ գիւղացիներուն մեղքերուն համար։ Մեծ բարեպաշտութեամբ սուրբ պատարագը կը մատուցանէր, եւ եկեղեցի կը մնար ամբողջ առաւօտը աղօթելու համար, որ կ՝ընդհատէր, երբ հիւանդի մը համար կանչուէր։ Օր մը, իր մահճակալը աղքատի մը նուիրեց։ Անկողինը լքեց եւ խուրձի վրայ պառկեցաւ։
Յաճախ, բարեպաշտ կիներ իրեն կերակուր կը բերէին, բայց ժողովրդապետը անոնց առջեւ դուռը չէր բանար, եւ անոնք յուսախաբ տուն կը դառնային։ Սուրբը այսպէս կարտայայտուէր. ՝՝Բարեկամս՝ սատանան կարեւորութիւն չի տար մահացուցման միջոցներուն։ Բայց խմելու, ուտելու եւ քնանալու զրկանքները զինք կը յաղթահարեն։ Ասոնց մէջ փորձուած եմ։ Երբ առանց կերակուրի կը մնայի լման օրեր, այն ժամանակ Բարին Աստուծմէ կ՝ընդունէի ինչ որ խնդրէի, թէ՛ ինծի, թէ՛ ուրիշներուն համար՝՝։

Արս գիւղին մէջ տեղի ունեցան մեծ փոփոխութիւններ, որ կարելի է կոչել սրբութեան յեղափոխութիւն։ Տիկին մը կը վկայէ ըսելով. Երբեք պիտի չգիտնանք մեր ժողովրդապետին աղօթքներուն շնորհիւ որքա՜ն շնորհքներ մարդոց դարձի պատճառ եղած են։ Սրտերու յեղաշրջում կարելի է կոչել։ Այնքան ուժեղ էր շնորհքը, որ քիչեր կրնային անոր ոյժին դիմադրել։ Ամէնքը կ՝աշխատէին իրենց բոլոր ուժերով մեղքի վիճակէն դուրս գալու համար։ Ամչկոտութիւնը այլեւս տեղ չունէր եւ մարդիկ ամօթ կը զգային բարիք չընելէն եւ կրօնական բարեպաշտութիւններ չկատարելէն։ Այր մարդիկ մտածկոտ դարձած էին։ Անոնցմէ ոմանք բարձր ձայնով կը ոչէին՝ 'կուզենք խոստովանիլ'։ Ամէնքը բարի տրամադրութեամբ լեցուած էին։ Արս գիւղը անճանաչելի դարձած էր։ Կարծէք սուրբ երկիր մըն էր, եւ ուխտաւորները սկսած էին ալ թէ՛ սրբակեաց ժողովրդապետը տեսնելու, թէ՛ գիւղին մէջ տիրող հոգելից մթնոլորտով վերանորոգուելու։ Արսի ժողովրդապետը իր հաւատացեալներուն կը փոխանցէր իմաստութիւն եւ զեղուն բարութիւն, որոնք մարդոց սիրտը խորապէս կը ցնցէին։ Կը կրկնէր սա խորիմաստ խօսքը՝՝ Բոլոր բարի գործերը չեն հաւասարիր սուրբ պատարագին, որովհետեւ անոնք մարդոց գործերն են, մինչ սուրբ պատարագը Աստուծոյ գործն է։ Նոյնիսկ նահատակութիւնը ոչինչ է սուրբ պատարագին բաղդատմամբ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.