2010-06-02 12:58:56

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Միջեկեղեցական ժողովներու Ժընեւի մէջ։


Ժընեւի Միջեկեղեցական Կեդրոնատեղիին մէջ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան՝ վարիչը միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, մասնակցեցաւ միջեկեղացական կարեւոր ժողովներուն ։

Ժողովը քննարկեց 2007-էն մինչեւ այսօր Ֆորումին կատարած աշխատանքները եւ մշակեց յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութիւնը։ Նարեկ սրբազանը այս ժողովին մասնակցեցաւ յանուն ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ ներկայացուց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն պատկերացումը յարաբերաբար Ֆորումին՝ առաջարկելով յարգել շրջանին մէջ եկեղեցիներուն իւրայատուկ դերակատարութիւնն ու զգայնութիւնները։

Ժողովը լուսարձակի տակ բերաւ 2009-ի նոյեմբերի լիագումար ժողովին որոշումները եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ։

Նարեկ եպիսկոպոս ատենապետեց Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործակցութեան յանձնաժողովի նիստերուն։ Օրակարգի նիւթերն էին միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր, հաւատք եւ կարգ յանձնաժողովին աշխատանքները միջ-եկեղեցական երկխօսութիւններու ընկալման հրամայականը եկեղեցիներուն կողմէ, նախապատրաստութիւն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 2013-ի համաժողովին, եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը 2011-ի խաղաղութեան միջազգային համագումարին եւ 2012-ի աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններու հաւաքական քննարկումին նախաքայլերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.