2010-06-02 14:05:48

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Աբրահամ Ալիքեան.


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Աբրահամ Ալիքեան.

Տարագիր հայու հարազատ ներկայացուցիչը Աբրահամ Ալիքեան ծնած է 21 Մայիս 1928ին Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Մանուկ տարիքին ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր Աբրահամ իր նախակրթութիւնը ստացած է Սահակեան վարժարանին մէջ, ապա՝ յաճախած ու 1946ին աւարտած է Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը։ 1947ին ներգաղթած է հայրենիք։ 1954ին աւարտած է Մոսկուայի Գորկու անուան Գրականութեան Ինստիտուտը, ուր մնացած եւ գործած է իբրեւ դասախօս։ 1970ականներու վերջերուն դուրս եկած է Խորհրդային Միութենէն, շրջան մը ապրած է Ֆրանսա եւ, ի վերջոյ, վերադարձած ու հաստատուած է Լիբանան։

Հանրագիտական տեղեկութիւններն անգամ այս աստիճան ժլատ են Աբրահամ Ալիքեանի կենսագրութեան մասին, որ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած՝ 1947ին, Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը՝՝Հորիզոնը՝՝։ Հայրենիք ներգաղթի առաջին իսկ օրերէն ապրեցաւ մեծ հիասթափութիւն՝ ի տես հայ մտաւորականներու մեծ մասին... խորհրդայնութեան։ Մոսկուա ուսանելու եւ հոն իբրեւ դասախօս մնայուն կեցութիւն հաստատելու Աբրահամ Ալիքեանի քայլը թելադրուեցաւ այդ հիասթափութենէն։ Բայց բանաստեղծի ներքին՝ վաւերական հուրը միշտ վառ մնաց Ալիքեանի յուզաշխարհին մէջ եւ ան յաջորդաբար լոյս ընծայեց բանաստեղծական իր մեծարժէք եւ թարմաշունչ գործերը, ինչպէս ՝՝Կանաչ Սօսափը՝՝ ՝՝Աչքերը՝՝ ՝՝Բարեյուսոյ Հրուանդանը՝՝ եւայլն։

Աբրահամ Ալիքեանի ներդրումը մեծ եղաւ ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան վերաթարմացման մէջ նաեւ բարձրորակ իր թարգմանութեանց՝ հայացումներուն ճամբով։ Յատկապէս յառաջապահ բանաստեղծ Կ. Ափոլինէրի Բլուրներ գործին հայացումով՝ Ա. Ալիքեան ուղղակի յեղափոխութեան ալիք բարձրացուց խորհրդահայ բանաստեղծութեան մէջ 1970ին։ Իր թարգմանութեամբ էր, նաեւ, որ Շարլ Ազնաւուր ներկայացուեցաւ հայ ընթերցողին՝ 1968ին լոյս տեսած ՝՝Սէր՝ սրտի չափով՝՝ գրքոյկով։







All the contents on this site are copyrighted ©.