2010-06-01 13:38:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան խորհրդածութիւնը Մարեմեան ամսոյն աւարտին։

Երկուշաբթի 31 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 9ին եզրափակեց մայիս ամսուան ''Մարեմեան Ամիսը'' Վատիկանի Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Ս. Վարդարանի աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն, իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացնելով ''Տիրամօր այցելութիւնը Եղիսաբէթին'' նիւթին վրայ։ Իր այս ներգործութեամբ, ըսաւ Սրբազան հայրը, Տիրամայրը հաւատացեալներու՝ Եկեղեցւոյ համար դարձաւ առաքելութեան օրինակ։ Եկեղեցին կանչուած է քարոզելու Աւետարանը միշտ եւ ամէն տեղ եւ հաղորդելու հաւատքը ամէն անհատի եւ ամէն մշակոյթի։

Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ. ''Այն օրերուն Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ եւ գնաց դէպի լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը''։

Մարիամի այդ ճամբորդութիւնը եղաւ ճշմարիտ միսոնարական ճամբորդութիւն մը։ Ճամբորդութիւն մը հեռու իր տունէն։ Ղուկաս աւետարանիչը կը նօթագրէ թէ ''Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբեթի մօտ''։ Այս պարզ բառերը կը յայտնեն նպատակակէտը ճամբորդութեան։ Մարիամ հրեշտակէն իմացած էր որ ՜՜Եղիսաբեթը զաւակ կը սպասէր եւ արդէն վիցերորդ ամսոյն մէջն էր՝՝։ Եղիսաբեթ յառաջացած էր տարիքին մէջ եւ Մարիամի ներկայութիւնը իրեն շատ օգտակար էր քանի շատ երիտասարդ էր։ Ասոր համար Մարիամ Եղիսաբեթին քով գնաց եւ մնաց երեք ամիս։ Եղիսաբեթ այսպէսով կը դառնայ խորհրդանիշը օգնութեան ու սիրոյ կարեկիր բոլոր անձերուն, անոնք ըլլան հիւանդ թէ ծեր եւ որքան մեծ է թիւը անոնց, մեր ընտանիքներու, համայնքներու եւ քաղաքներու մէջ։ Մարիամ ինքզինք կոչած էր ''աղախին Տեառն'' դարձաւ մարդոց աղախին, աւելի ճիշտ ան կը ծառայէ Տիրոջ՝ եղբայրներու ընդմէջէն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Մարիամի եղբայրօգնութիւնը չի ներփակուիր դրական օգնութեամբ այլ իր գագաթնակէտին կը հասնի Յիսուսը տանելով ուրիշներուն։

Միշտ Ղուկաս աւետարանիչը կը գրէ ''Եղիսաբեթ երբ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց իր արգանդին մէջ եւ ինք լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով''։ Յիսուս միակ եւ ճշմարիտ գանձն է որ մենք կանչուած ենք տալու մարդկութեան։ Ուստի ապրինք այս ճշմարտութիւնը եւ առաքեալներու նման հաւատարիմ մնանք հաղորդութեան, հացի բեկումին եւ աղօթքին։ Այս շնորհքը խնդրենք Ս. Կոյս Մարիամէն. ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր ներկաներուն։

Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Հայր ֆէտէրիգօ Լոմպարտիի յայտարարութիւնը Կազայի դէպքերու վերաբերեալ

Իսրայէլեան ծովոյժի մասնայատուկ ոյժեր երէկ միջազգային ջուրերուն մէջ յարձակում գործելով գրաւեցին դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին նաւերը՝ սպաննելով 19 հոգի եւ վիրաւորելով երեսուն ուրիշներ։ Իսրայէլեան յարձակումը, աշխարհի տարածքին, դատապարտումի ալիք մը յառաջացուց։ Եւրոպայի տարածքին թէ այլուր իսրայէլեան դեսպանատուներու առջեւ ՜՜յարձակումը դատապարտող՝՝ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։

Իսրայէլ յայտնեց, որ իր ոյժերը, բարձրանալով նաւեր , անսպասելի դիմադրութեան հանդիպած են եւ առնուազն հինգ զինուորներ վիրաւորուած են։

Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը՝ Հայր ֆէտէրիգօ Լոմպարտի պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին յայտարարած է թէ պատահածը շատ մտահոգիչ եւ ցաւալի իրողութիւն մըն է նա մանաւանդ ՜՜անօգուտ՝՝ մարդկային կորուստներու պատճառաւ։ Վատիկանը ուշադրութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի հարցին եւ ինչպէս յայտնի է Սուրբ Աթոռը միշտ դէմ եղած է բռնութեան ոյժի գործածութեան որ միշտ մեծ արգելք կը հանդիսանայ խաղաղ լուծումներու հանգելու։

Սրբազան Քահանայապետը որ մօտ օրէն Կիպրոսը պիտի այցելէ, ուրկէ մեկնած էին մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերը՝ իր պատգամին մէջ դարձեալ պիտի շեշտէ խաղաղութեան ի խնդիր աշխատելու անհրաժեշտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.