2010-06-01 13:33:31

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ԷՋԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԸ ։ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՂԶԻԱՑԱԾ ։
Իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժեր երէկ միջազգային ջուրերուն մէջ յարձակում գործելով գրաւեցին դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին նաւերը՝ սպաննելով 9 անձեր եւ վիրաւորելով երեսուն ուրիշներ։ Իսրայէլեան յարձակումը աշխարհի տարածքին դատապարտումի հսկայ ալիք մը յառաջացուց։ Եւրոպայի տարածքին(ֆրանսա-գերմանիա-անգլիա) թէ այլուր իսրայէլեան դեսպանատուներու առջեւ յարձակումը դատապարտող բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան եւ կը շարունակեն տեղի ունենալ, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Յարձակումը տեղի ունեցաւ Կազայի ծովեզերքէն 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ այսինքն միջազգային ջուրերուն մէջ։ Բռնագրաւուած նաւերը տարուեցան Աշտոտի նաւահանգիստը։ Նաւատորմիղին առաքելութիւնը կազմակերպուած էր Միջազգային Միասնութիւն շարժումին կողմէ, ինչպէս նաեւ թրքական խմբաւորումի մը կողմէ, որ, ըստ Իսրայէլի, ահաբեկչական կապեր ունի։
Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը ֆրաթթինի ու նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Նափոլիթանօ դատապարտեցին ՝՝ուժի գործածութիւնը ՝՝ իսրայէլի կողմէ։ Յունաստան Իսրայէլի դեսպանը կանչելով իր բողոքը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ առկախեց երկու երկիրներու օդուժներու միացեալ ռազմափորձը ։ Շուէտի, Սպանիոյ եւ Դանիոյ նման եւրոպական այլ երկիրներ եւս, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը իրենց մօտ Իսրայէլի դեսպանները կանչեցին։
ՄԱԿ յայտնեց, որ ՝՝ապշած՝՝ է կատարուածին ի տես եւ դատապարտեց սպանութիւնները։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը դատապարտեց "Խաղաղութեան նաւատորմիղ"ին դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ պահանջեց, որ Իսրայէլ ազատ արձակէ ձերբակալուած անձերը։ ՕԹԱՆ այսօր նիստ մը պիտի գումարէ քննարկելու համար "Խաղաղութեան Նաւատորմիղ"ին դէմ իսրայէլեան յարձակումի հարցը։ Իսրայէլեան ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ հարկ ըլլալու պարագային ուժի պիտի դիմէ կասեցնելու համար դէպի Կազա ուղղուող մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող բոլոր նաւերը։Թուրքիոյ մէջ հակա-իսրայէլեան բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին։ Էրտողան այսօր թրքական խորհրդարանին մէջ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ խօսք մը պիտի արտասանէ։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի արտակարգ նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ղեկավարները։ Կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Պորիս Կրիզլով նշեց, որ երեւանեան հաւաքը կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի առաջին արտակարգ նիստն է։ Նիստին մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեցին, որ կառուցողական եւ շահագրգիռ քննարկում ծաւալած է օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ ԻՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐԸ ։
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի արտակարգ նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոն։
Ձերբակալուած՝ Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախկին Նախարարը։
«Էրկենէքոն» գաղտնի կազմակերպութեան առնչութեամբ իրականացուող հետաքննութեան շրջանակէն ներս Թուրքիոյ մէջ այսօր տեղի ունեցաւ ձերբակալութիւններու նոր ալիք մը ,որու ընթացքին ձերբակալուած է Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախկին Նախարարը Սէյֆի Օքթայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.