2010-06-01 13:29:38

2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէն


2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէն



Կնոջական շարժումներուն մէջ կնոջ հաւասարութիւն ապահովելու ճիգը, ինչպէս տեսանք, յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Մեր եկեղեցւոյ ու ազգին պատմութեան կարգ մը դէմքերու ու դէպքերու յիշատակումը ցոյց տուաւ, որ մեր կեանքէն ներս ընդհանրապէս կինը նկատուած է հաւասար այր մարդուն։ Սակայն կը սպասենք աւելի՛ն. եւ պէտք է ըլլայ աւելի՛ն։ Արդ, եթէ տակաւին մեր հաւաքական կեանքի որոշ մարզերէն կամ կառոյցներէն ներս գոյութիւն ունի խտրական ոգի հայ կնոջ նկատմամբ, եթէ տակաւին կան անհատներ՝ պատասխանատու դիրքերու տէր կամ պարզապէս ընտանիքի հայր, որոնք խտրական վերաբերում ցոյց կու տան կնոջ նկատմամբ, նման ոգի կամ մօտեցում մեր եկեղեցւոյ համար անընդունելի է։ Յարգելով հանդերձ այր եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող կազմախօսական դրութեան, նկարագրային նախասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընկերա-մշակութային միջավայրին հետ աղերս ունեցող տարբերութիւնները, չիք խտիրի քրիստոնէական սկզբունքը պէտք է տառացիօրէն գործադրուի մեր կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.